Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւններուն Վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Վերջին օրերուն մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, հանրահաւաքները համակարգային փոփոխութիւնների, որակական, խորքային բարեփոխումների հանրային պահանջի վկայութիւնն են: Քաղաքացիական աշխուժութիւնը երկրի զարգացման եւ ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն գրաւականն է: Սակայն առճակատման տանող դիմակայութիւնը փակուղի է եւ կարող է պառակտել համազգային մեր ներուժը: Ամէնքս ներկայ գործընթացը արդիւնաւորելու, լուծումներ գտնելու հրամայականի առջեւ ենք: Ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծումը պէտք է լինի այնպիսին, որից կը շահի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ  Արմէն Սարգսեանը Կ՛ողջունէ ՀՅԴ-ի Առաջարկը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Կ՛ողջունէ ՀՅԴ-ի Առաջարկը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մամլոյ  գրասենեակը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Վերջին օրերուն մեր հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնց գերակշիռ մասը ուսանող երիտասարդութիւնն է, ցոյցերու եւ երթերու ձեւով իրենց պահանջները կը ներկայացնեն  իշխանութիւններուն: Երիտասարդները մեր վաղուան օրն են` ապագայ  զինուորը, գիտնականը եւ ճարտարագէտը, քաղաքական գործիչը եւ պետական պաշտօնեան, եւ, անշուշտ, անոնց ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ եւ...

«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն  Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի  Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է  Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին  դարձաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին «Փանորամա» յայտագիրին հարցազրոյցի հիւրը: Յայտագիրը նուիրուած էր 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ յատկապէս Մեթնի ընտրաշրջանին: Երեսփոխան Բագրատունիի կողքին հրաւիրուած էին նաեւ Մեթնի մէջ քաղաքական այլ ուժերու պատկանող եւ անկախ այլ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատը, որ կ՛անդրադառնար Մեթնի մէջ քուէարկող ուժերուն...

«Պէյրութ Ա.-ի Հզօր Ընտրացանկ»-ի  Թեկնածուներու Հանդիպում Ժողովուրդին Հետ

«Պէյրութ Ա.-ի Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուներու Հանդիպում Ժողովուրդին Հետ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՍԴՀԿ-ին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, հինգշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառատան մէջ, «Ազատամարտ» ակումբին դիմաց, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուներուն հետ: Բացման խօսքը արտասանեց Ճեսի Խալիլ, որ դիտել տուաւ, թէ լիբանանցիները 9 տարի սպասեցին, որպէսզի իրենց քուէները տան այն անձերուն, որոնք զիրենք պիտի ներկայացնեն խորհրդարանին...

ՀՅԴ Թեկնածուներու Ծանօթացման Հանդիպում ԼՕԽ-ականներու Հետ

ՀՅԴ Թեկնածուներու Ծանօթացման Հանդիպում ԼՕԽ-ականներու Հետ

«Երբ Հաւաքականութիւնը Կը Ներկայացնես, Հաւաքականութեան Ուժը Քու Հոգիիդ Մէջ Կ՛ըլլայ» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած երեք թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Սերժ...

Բազմամարդ Ցոյցերը Շարունակուեցան Երեւանի Մէջ

Բազմամարդ Ցոյցերը Շարունակուեցան Երեւանի Մէջ

Երէկ առաւօտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու եւ հաւաքներու մասնակիցները հասած են խորհրդարանի շէնքի մօտակայքը եւ ուղղուած դէպի Բաղրամեան 26: Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ հաւաքի մասնակիցները 18 ապրիլին կրկին փակած են Ֆրանսայի հրապարակը: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Փաշինեանը հասած էր Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ փակած է Մաշտոցի պողոտայի այդ հատուածը:...

Արսէն Համբարձումեան. «Մեր Հարցերը  Մեր Երկրին Մէջ Պէտք Է Լուծել  Քաղաքակիրթ Ճամբով»

Արսէն Համբարձումեան. «Մեր Հարցերը Մեր Երկրին Մէջ Պէտք Է Լուծել Քաղաքակիրթ Ճամբով»

«Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծել քաղաքակիրթ ճամբով», անդրադառնալով այս օրերուն Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն` յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Անոր համաձայն, անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած իրաւունքներու շրջագիծին մէջ ազատ է իր կարծիքն ու տեսակէտը յայտնելու որեւէ հարցի առնչութեամբ: Ժողովրդավարութեան պահանջն է, որ իւրաքանչիւրը արտայայտուելու եւ լսուած ըլլալու...

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ  Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Բողոք Երեւանի Մէջ` Հաւաքական Զգօնութեան Հրամայականը

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Երեւանի մէջ արձանագրուող  իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս անկասկած: Լիբանանահայութիւնը, որ այս օրերուն երեսփոխանական ընտրութիւններու թոհուբոհին մէջ է եւ կլանուած նախընտրական աշխատանքներով, չի կրնար չհետեւիլ միաժամանակ հայրենի իրադարձութիւններուն: Բայց մանաւանդ չի կրնար չմտահոգուիլ: Անկախ անձերու ընտրութենէն, մեզի համար կարեւորը նախ եւ առաջ անշուշտ մեր Երկրին խաղաղ մնալուն հրամայականն է: Առանց ցնցումի, առանց միջադէպերու, առանց արիւնահեղութեան, տագնապի լուծումն է անհրաժեշտը:...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման  Ժողովրդային Հանդիպում` Արագածի Մէջ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Արագածի Մէջ

«Այդ Ի՛նչ Որ Պետութիւնը Չի Կատարեր, Դաշնակցութիւնը Կը Կատարէ: Այն Ոխը Եւ Վրէժխնդրութիւնը, Որ Կայ Դաշնակցութեան Դէմ, Ձեր Դէմն Է: Պահանջուածը Լիբանանի Հայութեան Հաւաքական Կամքը Կոտրելն Է, Ուրիշ Ոչինչ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, ՀՅԴ «Դրօ» եւ «Իշխան» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 18 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:20-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային...

Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէս.  «Հայութեան Զէնքը Իր Մշակ՛ոյթն Է»  Ըսաւ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ

Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէս. «Հայութեան Զէնքը Իր Մշակ՛ոյթն Է» Ըսաւ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, Քլոտին Աուն-Ռուքոզի նախագահութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Հայկազեան...

Սերժ Սարգսեան 77 Պատգամաւորի Ձայներով  Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

Սերժ Սարգսեան 77 Պատգամաւորի Ձայներով Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ երէկ` երեքշաբթի, 17 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը` բաց քուէարկութեամբ` Հայաստանի վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեց 77 պատգամաւոր, դէմ` 17: Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  խմբակցութիւնները: Ընտրութենէն առաջ վարչապետի թեկնածու, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ, ուր ներկայացուցած են ...

Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան  Հրապարակէն Յայտարարեց «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Սկիզբը

Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն Յայտարարեց «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Սկիզբը

Երէկ` երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Սերժ Սարգսեանը ընտրեց երկրի վարչապետ: Ամբողջ օրուան ընթացքին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, Երեւանի զանազան փողոցները փակուած էին «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» շարժումին կողմէ, որ կը ղեկավարէ Նիկոլ Փաշինեանը: Հայաստանի ոստիկանութիւնը որոշում տուած էր դադրեցնելու Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքը եւ պահանջած հաւաքի ղեկավարէն  այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել հաւաքի մասնակիցները: Սակայն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր...

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Պահանջն Է,  Որ Արցախը Դառնայ Բանակցային Կողմ»

Աղուան Վարդանեան Ցուցարարներն Ու Ոստիկանները Յորդորած Է Խոհեմ Ըլլալ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին յորդորած է Ազգային ժողովի շէնքէն դուրս հաւաքուած քաղաքացիներն ու ուժային կառոյցները` խոհեմութեամբ վարուիլ եւ բախումներ չարտօնել: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ պատգամաւորները կենդանի պատ կազմեն, ինչպէս «Էլեքթրիք Երեւանի» ժամանակ, Վարդանեան դիտել տուած է, որ տուեալ պահուն կարելի չէ, որովհետեւ պատգամաւորները իրենց աշխատանքը պէտք է կատարեն...

Նախագահ Աուն Երեսփոխան Բագրատունիի Հետ  Քննարկեց Լիբանանահայ Համայնքը Յուզող Հարցեր

Նախագահ Աուն Երեսփոխան Բագրատունիի Հետ Քննարկեց Լիբանանահայ Համայնքը Յուզող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Տահրանի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին եւ տարբեր պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով տեղի ունեցած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու անոր յաջորդելիք քայլերը: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ...

«Լիբանանահայութեան Միասնականութիւնը Խորթ  Կը Թուի Այլոց, Իսկ Դաշնակցութիւնը Պառակտելու  Փորձերուն Ձախողութիւնը Կը Նեղացնէ Բոլորը»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութեան Միասնականութիւնը Խորթ Կը Թուի Այլոց, Իսկ Դաշնակցութիւնը Պառակտելու Փորձերուն Ձախողութիւնը Կը Նեղացնէ Բոլորը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ էլ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք կարեւոր են` կազմելու համար նոր խորհրդարանը եւ ամրապնդելու երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը: Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքն է, որ քաղաքական ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին մղած է կազմելու անտրամաբանական դաշինքներ, որոնք...

Խմբագրական.   Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

Խմբագրական. Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական եւ հասարակական հարթութիւնները տարբեր ուղղութիւններ դրսեւորելու ընթացքին մէջ են: Հասարակականէն աւելի հաւանաբար ուսանողական-երիտասարդական դիմագիծի շեշտը պէտք է ընդգծել այն առումով, որ վարչապետի թեկնածուի առաջադրումի գործող մեծամասնութեան որոշումին դէմ հիմնական բողոքողները այդ խաւի ներկայացուցիչներն են: Ուղղութիւնը հասարակական է այնքան, որ այդ խաւը բնականաբար հասարակութեան ամէնէն աշխուժ խաւն է: Թէ՛ իրաւապահներու եւ թէ՛ ցուցարարներու մօտ կայ կարմիր գիծերը...

Սերժ Սարգսեանի Թեկնածութիւնը  Պաշտօնապէս Առաջադրուցեաւ

Սերժ Սարգսեանի Թեկնածութիւնը Պաշտօնապէս Առաջադրուցեաւ

Երէկ տեղի ունեցած է համաձայնական դաշինքի գործընկերներու փակ նիստը: Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, որ մէկ հարց  եղած է օրակարգին վրայ, եւ վարչապետի պաշտօնին միաձայնութեամբ  առաջադրուած է Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը: «Ընթացակարգով` ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն պիտի առաջադրեն: Վաղը խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը խմբակցութեան անունով  պիտի ներկայացնէ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, եւ մենք, օրէնքով սահմանուած կարգով,...

Ազգային Ժողովի Այսօրուան Նիստին Նախօրեակին.  Ցուցարարներու Խումբեր Կ՛անդամալուծեն Երթեւեկը Երեւանի Գլխաւոր Պողոտաներուն Եւ Ճամբաներուն Մէջ

Ազգային Ժողովի Այսօրուան Նիստին Նախօրեակին. Ցուցարարներու Խումբեր Կ՛անդամալուծեն Երթեւեկը Երեւանի Գլխաւոր Պողոտաներուն Եւ Ճամբաներուն Մէջ

«Երկիր Մետիա»-ն կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն Երեւանի զանազան փողոցները փակուած են «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի եւ երիտասարդ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք 4-րդ օրն ըլլալով կը կազմակերպեն «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» խորագիրը կրող երթեր եւ հաւաքներ: Երէկուան դրութեամբ ոստիկանական ուժեր ներկայ եղած են Երեւանի Բաղրամեան-Պռոշեան հատուածին մէջ, ուր ցուցարարները կանուխ ժամերէն փակած էին Բաղրամեան պողոտայ տանող բոլոր փողոցներուն...

Ռուստամեան. «Կը Հաւատամ, Որ Փաշինեանը  Թոյլ Պիտի Չտայ, Որ Այս Ամէնը  Արիւնահեղութեան Վերածուի»

Ռուստամեան. «Կը Հաւատամ, Որ Փաշինեանը Թոյլ Պիտի Չտայ, Որ Այս Ամէնը Արիւնահեղութեան Վերածուի»

Քաղաքական գործընթացներ են, բայց անոնք պէտք է մնան քաղաքական տրամաբանութեան մէջ. իբրեւ վարչապետ` Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան պաշտօնապէս առաջադրումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով ընդդիմութեան ցոյցերուն: «Ես երբեք դէմ չեմ եղած ընդդիմութեան որեւէ աշխուժ շարժումի, բայց միշտ կոչ ուղղած եմ ընդդիմութեան, նկատի ունենալով նախկին փորձերը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընելու,...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման  Ժողովրդային Հանդիպում` Պէյրութի Մէջ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Պէյրութի Մէջ

«Լիբանանի Մէջ Հայութիւնը Ներկայացնող Երեսփոխանը Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Միջավայրի Զաւակ, Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Կուսակցութիւններու Կողմէ Ներկայացուած Թեկնածու Եւ Ոչ Թէ Հայ Անհատ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:10-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Ժաք Չուխատարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն...

Page 566 of 796 1 … 565 566 567 … 796

Արխիւներ