Նիկոլ Փաշինեան. «Սփիւռքի Հետ Կառավարութեան Յարաբերութիւնները Եւ Գործակցութիւնը Դարձնել Աւելի Արդիւնաւէտ»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան երէկուան նիստին անդրադարձած է սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: «Ես կ՛ուզեմ յատկապէս անդրադառնալ սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ կը կարծեմ, թիւր տպաւորութիւն կայ, թէ մենք կ՛ուզենք խաչ քաշել սփիւռքի նախարարութեան վրայ: Հակառակը, տուեալ պարագային ալ խնդիրը շատ յստակ ձեւակերպուած է` սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել...




















