Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նախարարները Ներկայացուցին Իրենց Ծրագիրները

March 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախարարները երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ տրուած, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին 100 օրուան ծրագիրները եւ անդրադարձան այդ ծրագիրներուն հետապնդած նպատակներուն:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն հակակշռելու համար փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է տեղահանուածներու տունդարձն ու տնտեսութեան աշխուժացումը:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը շարունակէ իրագործումը արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր իր սկսած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, որոնք հիմնականին մէջ չորս առանցքներու վրայ հիմնուած են:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բոլոր երկիրներէն զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու Լիբանան, պիտի աշխուժացնեն ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի հիմնեն զբօսաշրջական մարզի աշխուժացման խորհուրդ մը, որ իսկապէս յառաջիկայ փուլին ընթացքին պիտի բարելաւէ զբօսաշրջական աշխատանքները:

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ճիգ պիտի չխնայուի լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու եւ ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ բանակը զինելու եւ զայն քաղաքական ներքին տարակարծութիւններէն հեռու պահելու:

Գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա վերահաստատեց, որ ինք կ՛ուղղուի փակել այդ նախարարութիւնը` լուծելով գաղթականներուն վերաբերող բոլոր թղթածրարները:

Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի անդրադարձաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող կարգ մը կարելիութիւններու, որոնք կը միտին լուծել բացթողումները:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի ներկայացուց ելեկտրականութեան հարցը լուծելու ծրագիր մը:

Տեղահանուածներու հարցերու նախարար Սալեհ Ղարիպ յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցին լուծումը պիտի իրականացուի անոնց տունդարձով:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ, արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատ, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան եւ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի իրենց կարգին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները:

 

Նախորդը

«Ժամանակն Է, Որ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Սկսի, Իսկ Տեղահանուածներու Թղթածրարը Երկրին Գերիշխանութեան Կը Վերաբերի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.