Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Մարտ 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Նկատի ունենալով պատասխանելու եւ ճշդում կատարելու իրաւունքը, կ՛անդրադառնանք «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, «Տարուրի նըհքի» յայտագիրին ընդմէջէն, 25 փետրուար 2019-ին, Ղասսան Սէուտի կատարած ամբաստանութիւններուն, սխալ տեղեկութիւններուն, զրպարտութիւններուն եւ ոչ արդարացուցիչ գրգռութիւններուն, եւ կը խնդրենք ձեզմէ մեր պատասխանը կարդալ ձեր յաջորդ յայտագիրին ընթացքին:

Վերոյիշեալ անձնաւորութիւնը յայտնեց, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 110 միլիոն տոլար ստացած է` համաձայն թափօններու թաղման վայրի ընդարձակումի որոշումին: Ան աւելցուց, որ պէտք է հարց տրուի ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, թէ այդ գումարները ո՞ւր են` հաստատելով, որ ասիկա իսկական գայթակղութիւն է:

Ա. Յիշեալ Իրականութիւններուն Վերաբերեալ

Իրականութեան մէջ իսկական գայթակղութիւնը այն է, որ կարգ մը անձեր, որոնք իրենք զիրենք լրագրող կը նկատեն, կը փորձեն ժողովուրդը ճշմարտութենէն շեղել եւ իրականութիւնները այլափոխել, կամ նուազագոյնը` հրապարակել այնպիսի տեղեկութիւններ` առանց անոնց ստոյգ ըլլալը հաստատելու: Մինչդեռ լրագրութեան առաքելութիւնն է ճշմարտութիւնները հասու դարձնել ժողովուրդին:

Իրականութիւնը այն է, որ տուեալ լրագրողը նուազագոյն ճիգը չէ թափած վերստուգելու պաշտօնական որոշումներն ու հրամանագիրները` իմանալու համար, թէ շուրջ 110 միլիոն տոլարի գումարը Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին ու Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Պաուշրիէ Սատի մէջ թափօններու թաղման վայր կառուցելու յանձնառութիւն ստանձնած «Խուրի» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած պայմանագիրին գումարն է: Այդ մասին յայտարարուած եւ հրապարակուած է Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի 29 յունուար 2016-ին նիստէն ետք:

Ոեւէ լրագրող կրնար նուազագոյն ճիգով այս տեղեկութիւնը պրպտել եւ իմանալ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հարց տալ` իմանալու համար այս իրականութիւնը, նախքան անստոյգ ցեխարձակումներ ու ամբաստանութիւններ կատարելը:

Ի դէպ, կ՛ակնկալէինք, որ յարգարժան հաղորդավար Տալիա Տաղեր` յանձնառու մնալով իր վարած յայտագիրին վստահելիութեան եւ առարկայականութեան, հարց տար տիար Սէուտին` անոր կատարած հաստատումներու եւ արձակած վտանգաւոր ամբաստանութիւններու աղբիւրներուն մասին, նախքան առիթ տալը, որ ան այդ ամբաստանութիւնները շարունակէ:

Բ. Զրպարտութիւն Եւ Հրահրում

Տիար Ղասսան Սէուտ չբաւարարուեցաւ միայն զրպարտութիւններ արձակելով, բնակիչները հրահրելով եւ անոնց անճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելով, այլեւ շրջանցեց այդ բոլորը` հասնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամբաստանելու, թէ 110 միլիոն տոլար գումարին դիմաց գետնի վրայ համապատասխան աշխատանք չէ կատարուած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան քաղաքապետութիւնը կ՛ամբաստանէ այդ գումարը մսխելու յանցանքով եւ կամ աւելի վատը կատարելով, երբ կը հաստատէ, որ «ասիկա իսկական գայթակղութիւն է»:

Տիար Սէուտ հասաւ նաեւ ժողովուրդը եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի բնակիչները հրահրելու, երբ անոնցմէ պահանջեց ուղղուիլ ՀՅԴ-ի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մօտ ու հարց տալ անոնց, թէ ո՞ւր է այդ գումարը:

Եզրափակում` Քաղաքապետարանի Կեցուածքը

Սուտերու եւ նենգափոխումներու վրայ հիմնուելով մեր հասցէին կատարուած վտանգաւոր զրպարտութիւններուն եւ ամբաստանութիւններուն դիմաց լուռ չենք կրնար մնալ, ինչպէս նաեւ կը մերժենք մեզի, մեր ժողովուրդին ու քաղաքացիներուն դէմ կատարուող հրահրումները:

Հետեւաբար կը դիմենք ձեզի` խնդրելով, որ այս գրութիւնը կարդաք նոյն ամպիոնէն, ուրկէ հնչեցին զրպարտութիւնները, սուտերն ու նենգափոխումները: Կը հաստատենք նաեւ, որ մենք վճռակամ ենք այդ հարցը հետապնդելու դատական իշխանութիւններուն ճամբով, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ իր իրաւունքը, իսկ իւրաքանչիւր յանցագործ ստանայ իր արժանի պատիժը»:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Սրբազան Համերգ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Հոգեւոր Երաժշտութեան Մէջ Մեր Երկրորդ Կոմիտասն Է»

Յաջորդը

Նամակ` «Տարուրի Նըհքի» Յայտագիրի Հաղորդավարին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?