Շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի արի եւ արենուշ խումբերու Վագր եւ Վագերաձի խմբակները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ իրենց առաջնորդին` Սէրուժ Գույումճեանին:
Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերու դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ բացատրեց «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքէջին, էփլիքէյշընին եւ թուայնացած 90-ամեայ արխիւին մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրաթերթին կողքին տարեկան դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան օրաթերթին, ինչպէս նաեւ Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերուն ու այլ յաւելուածներու:
Սկաուտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծանօթացան գրաշարներուն, էջադրողին, վերստուգող սրբագրիչին ու խմբագրակազմին աշխատանքներուն եւ հմայուեցան «Ազդակ»-ի արխիւներով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի արի եւ արենուշ խումբերու Վագր եւ Վագերաձի խմբակները այցելեցին նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր անոնք ծաօթացան տպագրական աշխատանքի մանրամասնութիւններուն: