Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան «Շաղզոյեան»-Ի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ, Այցելեց «Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն»

Մարտ 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 4 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ նոր երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի եւ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան նախ ծանօթացուց իրեն ընկերակցողները, անդրադարձաւ անոնց տանելիք աշխատանքին: Ան հաստատեց, որ կը գիտակցի Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան` աւելցնելով, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ անիկա ունեցած է դեսպանի դերակատարութիւնը: Դեսպանը վստահեցուց, որ իր կարելին պիտի ընէ աջակցելու լիբանանահայութեան:

Ապա խօսք  առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ հաստատեց, որ «Շաղզոյեան»-ը նաեւ դեսպանատան կը պատկանի, ինչպէս որ դեսպանատունը կուսակցութեան համար տուն մըն է հայրենիքի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպաններուն հետ կապը միշտ եղած է դրական, կուսակցութիւնը միշտ պատրաստ եղած է օգտակար ըլլալու դեսպանատան այլեւայլ աշխատանքներուն` հաստատելով, որ այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ դեսպանը լիովին կը գիտակցի, որ լիբանանահայութեան ամրացումը եւ ուժեղանալը ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախին է: Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ անցեալին գոյութիւն ունեցած գործակցութիւնը առաւել եւս պէտք է արդիւնաւորուի` բոլոր մակարդակներուն վրայ, մանաւանդ երբ առկայ է փոխադարձ գործակցութիւնն ու հասկացողութիւնը, իսկ աշխատանքը կը տարուի միշտ ի շահ Հայաստանին:

Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան անդրադարձաւ համահայկական տարբեր հարցերու, որոնց գծով անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները, որպէսզի լուծման եզրեր գտնուին:

Դեսպանը «Վանայ ձայն»-ի մէջ հանդիպում ունեցաւ կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին, ինչպէս նաեւ անձնակազմին հետ ու ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին:

«Ազդակ»- ի Մէջ Շատ Բարձր Մասնագիտական Մօտեցում Կայ» Հաստատեց Դեսպանը

«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն ու տնօրէնը` Շահան Գանտահարեանը, դիտել տուաւ, որ ուրախութիւն է դեսպանը ընդունիլ, մանաւանդ որ ան մօտէն կը հետեւի լրատուական դաշտին, ուր մեծ փորձառութիւն ունի: Ան տեղեկացուց, որ «Ազդակ» նաեւ կը լուսաբանէ հայաստանեան իրադարձութիւնները, տարբեր առիթներով թերթին լրագրողները այցելած են հարաւ, ուր տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ կան նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայ զինուորներ, որոնց համար եւս ուրախալի եղած են նման այցելութիւններ: Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ տեղեկատուական առումով համագործակցութիւնը միշտ մնայուն եղած է թէ՛ Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն, եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ` հաստատելով, որ այս հաւաքական ճիգը կը նպատակադրէ սատար կանգնիլ, համագործակցիլ եւ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան:

Դեսպանը իւրայատուկ եւ արտայայտիչ նկատեց թերթին անունը` «Ազդակ», որ, անոր համաձայն, հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան եւ լրատուութեան պատմութեան հարուստ կէտերէն մէկն է: Ան հաստատեց, որ ինք ամէն առաւօտ կը բանայ օրաթերթը` տեսնելու, թէ ինք ի՛նչ ազդակներ կը ստանայ հոնկէ եւ աւելցուց, որ նոյնն է պարագան լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան: «Ազդակ»-ի մէջ շատ բարձր մասնագիտական մօտեցում կայ, դիտել տուաւ դեսպան Աթաբէկեան` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ լրատուութիւնը դասական կանոններէն կը շեղի եւ յստակ չէ` դէպի ինչպիսի՛ կանոններ կ՛ընթանայ: «Ձեր թերթը կրնայ օրինակելի ըլլալ լրատուութեան իմաստով, թէ՛ խորագիրներուն ընտրութիւնը, թէ՛ ճիշդ ձեւով առաջին էջէն ո՛ր էջը շարունակելի տանիլը շատ փառահեղ, բարձր մասնագիտական մօտեցումներով կատարուած են: Կը հիանամ նաեւ էփլիքէյշընով, որ շատ լաւ մտածուած ու մատչելի է», հաստատեց ան:

 

 

 

Նախորդը

«Հիւլէական Համաձայնագիրը Չկրցաւ Լուծել Մեր Երկրին Տնտեսական Խնդիրները» Կ՛ըսէ Խամենէի

Յաջորդը

ՀՅԴ – «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւն Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?