Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութեան 2-րդ օրը` 5 մարտ 2019-ին, վարչապետը այցելած է Եւրոպական խորհուրդ, ուր անոր դիմաւորած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք: Անոնք ունեցած են հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ողջունած է Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը Պրիւքսել` նշելով, որ անիկա կարելիութիւն կու տայ քննարկելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացքն ու զարգացման ուղիները:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն են. Եւրոպական Միութիւնը յուսալի գործընկեր է Հայաստանի համար, եւ անոր հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը այսօր աւելի կարեւոր է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներու շրջագիծին մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն հռչակած ժողովրդավարական օրակարգէն որեւէ շեղում պիտի չըլլայ, եւ Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը շարք մը մարզերու` յատկապէս դատաիրաւական, ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներու, տնտեսական ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութիւններով, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու վերացման հոլովոյթին` նշելով, որ անիկա յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու համագործակցութեան զարգացման համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, երկուստեք կարեւոր նկատուած է ՍԵՓԱ-ի վաւերացման շուրջ շարունակական աշխատանքը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին շուրջ, ընդգծած տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ձեւաչափով իրականացուող բանակցային հոլովոյթին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ֆետերիքա Մոկերինի Միտքեր Փոխանակած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Ֆետերիքա Մոկերինի ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի այցելութիւնը Պրիւքսել` կարեւոր նկատելով Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացումը: Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահը վերահաստատած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, որոնք ուղղուած են օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարին, տնտեսական յառաջընթացի ապահովման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի վստահելի գործընկերն է, եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները աւելի սերտացուցին արժէքային ընդհանրութիւններ ունեցող Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան կապերը:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, մուտքի արտօնագիրներու վերացման հոլովոյթին, Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան աջակցութեան եւ երկկողմանի գործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի միտքեր փոխանակած են շրջանային հարցերու շուրջ, անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Զրուցակիցները ընդգծած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը` այդ նպատակով միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու շրջագիծին մէջ:
Փաշինեան. «Ալիեւի Հետ Յառաջիկայ Հանդիպումը Նուիրուած Պիտի Ըլլայ Բանակցային Ձեւաչափին Շուրջ Քննարկումներուն»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յառաջիկայ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային ձեւաչափին շուրջ քննարկումներուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այդ մասին Պրիւքսելի մէջ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Եւրոպական Միութեան դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումներուն:
«Գիտէք, որ մեր յարաբերութիւնները կրած են ոչ պաշտօնական բնոյթ: Ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եղանակներու եւ նրբութիւններու մասին ընդհանրապէս չենք խօսած: Յառաջիկայ մեր հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ, այդ կարգին, բանակցային ձեւաչափին շուրջ քննարկումներուն: Մենք կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է հարցի լուծման համար, նախ եւ առաջ, արդիւնաւէտ ձեւաչափ ստեղծել, ապահովել, նախ եւ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը», ընդգծած է Հայաստանի վարչապետը:



