Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

Մարտ 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է` Դիւանագէտի օրուան առիթով:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքին, ուղերձին մէջ ըսուած է. «Յատկանշական է, որ մասնագիտական ձեր տօնը շաղկապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու հայոց պետականութեան կայացման շրջանի կարեւորագոյն այն իրադարձութեան հետ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյնը վեր բարձրացաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ` իրականացնելով մեր ժողովուրդի դարաւոր Երազանքը, որն է` Հայաստանի տեղի ու դիրքի իրաւական եւ խորհրդանշական ամրագրումը ինքնիշխան պետութիւններու մեծ ընտանիքին մէջ»:

Վարչապետ Փաշինեանը ընդգծած է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կան լրջագոյն հարցեր, որոնք առաջնահերթ եւ կենսական նշանակութիւն ունին մեր պետութեան համար: Այդ հարցերուն նկատմամբ մեր դիրքորոշումով եւ կեցուածքով պայմանաւորուած են Հայաստանի բնականոն զարգացումը, անվտանգութիւնը եւ միջազգային հեղինակութիւնը:

«Հայաստանը իրաւունքի ու արդարութեան, ճշմարտութեան ու կարեւորագոյն արժէքներու` ազատութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան երկիր դարձնելն է մեր միացեալ առաքելութիւնը, եւ այդ առաքելութենէն մենք ոչ մէկ միլիմեթր պիտի շեղինք,- նշած է Փաշինեան` աւելցնելով, – Մեր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը քաղաքական յեղափոխութեան վերածումն է տնտեսական յեղափոխութեան: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան տնտեսական բաղադրիչի ուժեղացումը մեր այսօրուան անյետաձգելի խնդիրներէն է, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի այս հարցին մէջ: Մենք պէտք է նաեւ միջազգային ասպարէզին լաւագոյնս եւ  համապարփակ կերպով ներկայացնենք մեր երկրին մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման նպատակով ստեղծուող բոլոր կարելիութիւնները»:

Դիմելով դիւանագէտներուն` վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Այսօր մենք ունինք բացառիկ միասնութիւն` մեր համազգային օրակարգը յառաջ մղելու համար, որուն նպատակը մեր պետականութեան ամրապնդման  միտող նպատակներու եւ երազանքներու իրագործումն է: Այդ առումով ձեզմէ կ՛ակնկալեմ հետեւողական եւ անմնացորդ աշխատանք: Շնորհաւորելով ձեզ մասնագիտական տօնին առիթով` կը մաղթեմ նոր խիզախ գաղափարներ եւ անսպառ եռանդ զանոնք իրագործելու ճամբուն վրայ` ի շահ մեր պետութեան հզօրացման եւ ժողովուրդի բարօրութեան»:

 

Նախորդը

Հելսինքեան Կոմիտէն Սումկայիթի Ջարդերուն Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

Յաջորդը

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?