Երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայերէն լուրերու բաժինի միացեալ հարցազրոյցը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Հարցազրոյցին առանցքները հանդիսացան ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովն ու անոր ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած հիմնական հարցերը, անկէ բխած յայտարարութեան հիմնադրոյթները: Լուսարձակի տակ առնուեցան կուսակցութեան դիմաց գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները, որոնց դիմակայման համար անհրաժեշտ է ստեղծել նոր գործելադաշտեր եւ գորձելաոճեր` միշտ նկատի ունենալով լիբանանահայութեան գոյատեւման եւ բնականոն կեանքի ապահովման համար հիմնական առաջնահերթութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայութեան կեանքի զանազան բնագաւառներուն` քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային, եւ այս բոլորին մէջ ՀՅԴ-ի ներդրումին եւ դերակատարութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ կուսակցութեան հիմնական նպատակն է պաշտպանել լիբանանահայութեան շահերը, գործել այնպէս, որ գաղութը աւելի բարօր կեանք ունենայ, որովհետեւ անոր հիմնական ուժը իր ժողովուրդն է, եւ Դաշնակցութիւնը միշտ գործած է ու պիտի շարունակէ գործել յօգուտ լիբանանահայութեան գոյերթին, Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք «Ազդակ»-ի մեր հետագայ էջերով: