Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 1-ի Դէպքերուն Նուիրուած Յիշատակի Երթ Եւ Փաշինեանի Ուղերձ

March 2, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած յիշատակի երթը` նուիրուած Մարտ 1-ի դէպքերուն 11-րդ տարելիցին: Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երթը սկսած է Մաշտոցի պողոտայէն դէպի Միասնիկեանի արձան:

1 մարտ 2008-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ ոստիկանական զօրքերու եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով զոհուած են  10 քաղաքացիներ, որոնցմէ 8-ը հանրահաւաքներու մասնակիցներ էին, իսկ 2-ը` ոստիկաններ:

Երթէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղած է Մարտ 1-ի դէպքերուն առնչութեամբ: Իր ուղերձին մէջ վարչապետը կ՛ընդգծէ, որ այդ իրադարձութիւններէն 11 տարի ետք, կարեւոր է քաղաքական գնահատական տալ տեղի ունեցածին: Վարչապետը արձանագրած է, որ 2008-ին իշխող վերնախաւի գործողութիւնները ամենեւին ուղղուած չէին յատուկ  ուժի, խումբի կամ անհատի մը դէմ, այդ բռնութիւններուն եւ ապօրինութիւններուն հիմնական եւ թերեւս միակ թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին էր. անոր իրաւունքը, անոր արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը: Վարչապետ Փաշինեան պետութեան անունով ներողութիւն խնդրած է 1 մարտ 2008-ի բոլոր զոհերէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր քաղաքական սպանութիւններու զոհերէն, քաղաքական հետապնդման ենթարկուած բոլոր քաղաքացիներէն եւ քաղաքական ուժերէն:

Վարչապետ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ ըսած է. «Եւ այսօր` 1 մարտ 2019-ին, կ՛ուզեմ յստակօրէն արձանագրել, որ վերադարձ անցեալի բարքերուն ու յարաբերութիւններուն չի կրնար ըլլալ: Հայաստանը պիտի չվերադառնայ կաշառակերութեան, քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բռնութիւններու, իրաւունքներու արհամարհման ու ոտնահարման, ամենաթողութեան ու լկտիութեան ժամանակներուն»: Ան աւելցուց, որ Հայաստանը իրաւունքի ու արդարութեան, ճշմարտութեան ու արժէքներու երկիր դարձնելն է մեր միացեալ  առաքելութիւնը, եւ մենք այդ առաքելութենէն ոչ մէկ միլիմեթր պիտի շեղինք:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարները Ընդունած Են Մօտիկ Ապագային Հանդիպելու Առաջարկը

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Մարտ 1-ի Դէպքերու Զոհերու Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.