Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանք

March 4, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները:

Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի, Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը վառ պահելու համար: Մխսեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` նկատել տալով, որ ազատամարտիկը եղած է Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի շրջանաւարտ, ապա յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր  հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին: 1992-ին գացած է Արցախ, որուն ազատագրութեան ճամբուն վրայ նահատակուած` այլ հերոս նահատակներու շարքին: Մ. Մխսեան կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ մրցանքին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն:

Այս տարի Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական վարժարանները` Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգային Միացեալ վարժարան:

Մրցումին տեւողութիւնը 2 ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Մասնակիցները ստանալէ ետք նիւթերը, իրենց մտածումներն ու զգացումները յանձնեցին էջերուն:

Յայտնենք, որ սոյն մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլի ճամբով եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Արի Եւ Արենուշ Խումբերու Վագր Եւ Վագերաձի Խմբակները Այցելեցին «Ազդակ»

Յաջորդը

Փաքիստան Դիմած Է Թուրքիոյ Միջնորդութեան. «Փաքիստանի Հետ Տագնապին Մէջ Միջնորդներու Կարիքը Չկայ» Կ՛ըսէ Հնդկաստան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.