ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը Պիտի Գումարուի Արցախի Մէջ
Յունուար 16-24 Արցախի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։ Ընդհանուր ժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 16ին` ժամը 11ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: Ընդհանուր ժողովը պիտի քննարկէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախորդ 4 տարիներու գործունէութիւնը եւ միաժամանակ պիտի որոշէ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնը։...


















