Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. Հանդիպում` Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Հետ

March 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ` Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն, ՀՅԴ «Արամ Երկանեան» երիտասարդական միութենէն եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբէն:

Ողջունելով պարոն Ղուլեանը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ դատի գրասենեակի պատրաստակամութիւնը, շարունակել օժանդակելու Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները` եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ:

Աշոտ Ղուլեան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութիւնը, անոր ուղեկից միութիւնները եւ Հայ դատի գրասենեակներու դերակատարութիւնը` ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչման պայքարին մէջ:

«Երբ խորհրդարանին մէջ մեր գործունէութիւնը կ՛ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ՛ընդգծենք Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները», յայտարարեց Ղուլեան: Ան շարունակեց ըսելով. «Պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք ջերմեռանդութեամբ»:

Անդրադառնալով հանդիպումին` Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ՛այցելեն մեր գրասենեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը բարձր կը գնահատեմ` սփիւռքի մէջ գործող Հայ դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով»:

Չորեքշաբթի, 6 մարտին արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, պիտի մասնակցի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած` «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Նախորդը

Սաթըրֆիլտ. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանի Օժանդակութեան Եւ Անոր Ապահովական Իսկական Կայունութեան»

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւնները Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւններէն Են»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.