Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ Նոր Տարուան Խրախճանքէն «Ազդակ»-ը Անմասն Չմնաց
Նոր տարուան գիշերը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կազմակերպուած խրախճանքին մասնակցած մեծ թիւով երգիչներու, նուագախումբերու, «Տի. Ճէյ.»-ներու եւ պարախումբերու ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ պարախումբ մը, որ ներկայացուցած է լիբանանեան աւանդական շուրջպարը (տապքէ): Այդ պարախումբին ելոյթին ընթացքին շուրջ 30 հոգի բեմին շուրջ կանգնած են իրենց ձեռքին ունենալով օրաթերթ մը, որ այս պարագային դարձաւ «Ազդակ»-ը` շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ գտնուող հայ...



















