Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ` «Տարուրի Նըհքի» Յայտագիրի Հաղորդավարին

Մարտ 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգելի՛ տիկին Տալիա Տաղեր,

Նկատի ունենալով պատասխանելու եւ ճշդում կատարելու իրաւունքը, կը խնդրենք ձեզմէ այս նամակը կարդալ «Տարուրի նըհքի» յայտագիրին ընթացքին:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը սովորութիւն չունի պատասխանելու զինք քննադատողներուն կամ դատական հարց յարուցելու լրագրողներու եւ իրեն հակադրուող անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ իր քաղաքականութիւնն ու կեցուածքները դատապարտողներուն դէմ, որովհետեւ կը հաւատայ խօսքի ազատութեան եւ կը յարգէ ազատ կարծիքը:

Բայց եւ այնպէս ՀՅ Դաշնակցութիւնը համոզուած է նաեւ, որ ընկերութիւնները կը փտին եւ հաստատութիւնները կը ձեւախեղուին, երբ անոնք անկեղծութեան եւ բարոյականութեան վրայ հիմնուելէ կը դադրին:

Ոմանք կը կարծեն, թէ խաբկանքի նենգ ոճին, իրականութեան նենգափոխումին եւ ճշմարտութեան քողարկումին միջոցով կարողութիւն ունին Պուրճ Համուտի բնակիչներուն զգացումներուն հետ խաղալ, հետեւաբար նաեւ անոնց ու ՀՅԴ-ի միջեւ ճեղքեր ստեղծել: Բնակիչներ, որոնք պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի զօրակից միջավայրը եղած են, իսկ ՀՅԴ-ի ղեկավարութիւնները հպարտութեամբ կը հաստատեն, որ իրենք այս ազնուական միջավայրին զաւակներն են: Միջավայր մը, որ տասնամեակներ շարունակ մերժած է տարաձայնութիւններուն ու զրպարտութիւններուն հաւատալ եւ անպատասխանատու կեցուածքներու հոսանքն ի վար գլորիլ` ունենալով ջղային կեցուածքներ, որոնք  ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ո՛չ ալ շրջանի բնակիչներուն համար պատուաբեր են:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, մեկնելով այն համոզումէն, որ ընկերութիւնները կարելի է հիմնել միայն անկեղծութեան, թափանցիկութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած շինիչ երկխօսութեան վրայ, կը մերժէ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն թիրախ դառնալ անհիմն  ամբաստանութիւններու, որոնք անճիշդ են եւ պարզապէս կը միտին քաղաքացիին ու լիբանանեան ընկերութեան ապրած ողբերգութիւնը շահագործել:

Այդ շահագործումը կ՛ըլլայ անդրադարձներ եւ քողարկուած ակնարկութիւններ կատարելով աղբերու եւ Պուրճ Համուտի աղբանոցի հարցին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ամբաստանուի կաշառք ստանալու եւ անոր փոխարէն աղբերը Պուրճ Համուտի ծովեզերքը թափելու ու ընկերութեան ապահովութիւնը վտանգի ենթարկելու յանցանքով:

Դժբախտաբար այս բոլոր ամբաստանութիւնները լսեցինք «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Տարուրի նըհքի» յայտագիրին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերած լրագրողէ մը, որուն ծանօթ ենք իբրեւ յանդուգն լրագրող` անոր գրութիւններուն ընդմէջէն:

Սակայն այս անգամ ան սխալեցաւ յանդգնութեան ու անկրթութեան միջեւ չկարենալ զանազանելու իմաստով, որովհետեւ յանդգնութիւնը այն չէ, որ կանգնիս ու ըսես այն, ինչ որ կը փափաքիս ըսել, կամ այն, ինչ որ ուրիշներ կը փափաքին, որ փոխանցես. յանդգնութիւնը նաեւ այն է, որ նստիս ու լսես, թէ խնդրոյ առարկայ կողմը ի՛նչ կ՛ըսէ, եւ կանգնելէ ու խօսելէ առաջ վստահ ըլլաս հաղորդելիք տեղեկութիւններէդ:

Հետեւաբար, այն լրագրողը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամբաստանեց 110 միլիոն տոլար գանձելու յանցանքով, հիմնուած էր այնպիսի տուեալներու վրայ, որոնք երեւակայածին են: Հաւանաբար ան ինքնիրեն համար հերոսութիւններ կը փափաքէր ապահովել` մոռնալով, որ լիբանանեան պետութիւնը բարեսիրական միութիւն մը չէ, որ առանց հսկողութեան, որոշումներու կամ որոշ հեղինակութիւններու ճշդած պաշտօնական օրէնքներու գումարներ կը բաշխէ:

Անխոհեմ այս լրագրողը տեղեակ չէ, թէ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը «Խուրի» ընկերութեան վստահած է 110 միլիոն տոլար արժողութեամբ թափօններու թաղման վայր կառուցելու պարտականութիւնը, իսկ այդ ընկերութեան սեփականատէրերը արձանագրուած են, ծանօթ մարդիկ են եւ անոնք ՀՅԴ-ի հետ ոչ մէկ կապ ունին:

Լրագրողը տեղեակ չէ նաեւ, թէ ինչպէս այլ քաղաքապետութիւններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան բաժինը` ըստ 17 մարտ 2016-ին կառավարութեան կողմէ տրուած թիւ 1 որոշումին, տարեկան ութ միլիոն տոլար է`  չորս տարուան համար:

Ըստ նախարարաց խորհուրդի որոշումին, քաղաքապետութեան տրուած այդ գումարը կը յատկացուի եւ կը ծախսուի համաձայն այս գծով գոյութիւն ունեցող օրէնքներուն եւ գործիքակազմերուն: Անշուշտ աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ այս լրագրողը` ընկերութեան մէջ

կասկած եւ սադրանք սերմանելու փոխարէն, Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցէր, անոնց կողմէ ի գործ դրուած այն ջանքերուն մէջ, որ նախարարաց խորհուրդի որոշումին բոլոր կէտերը գործադրուին, յատկապէս այն պահանջը, որ կառավարութիւնը արագացնէ Պուրճ Համուտի մէջ հասարակաց օգուտին ծառայող ծրագիրներու իրականացման համար յատկացուելիք 25 միլիոն տոլարի գումարին վճարումը:

Փտածութեան դէմ պայքարը հիմնուած է իրաւունքին եւ ճշմարտութեան վրայ: Պայքար, որ իր ուժը կը ստանայ օրէնքէն ու արդարութենէն, եւ ոչ թէ կ՛օգտագործէ մարդոց ու խմբաւորումներու արժանապատուութիւնը խոցող սուր մը` խեղաթիւրելով իրականութիւնները եւ տարածելով սուտերը, նպատակ ունենալով ընկերութեան կարծիքը շեղել եւ ամբոխավարական աժան հռչակ ապահովել:

Զարմանալի է, որ ինքզինք իբրեւ քաջ ասպետ ներկայացնող այս լրագրողը, որ փտածութեան դէմ պայքարի դրօշ բարձրացուցած է ու ինքզինք կը նկատէ քաղաքապետութիւններուն, ներառեալ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, փտածութիւններու վերաբերող բոլոր թղթածրարներէն ու փաստաթուղթերէն տեղեակ անձ մը, կը խօսի կասկածելի տրամաբանութեամբ մը, որուն իսկական նպատակները յստակ չեն, սակայն ան կը ջանայ ստեղծել կասկածի մթնոլորտ մը, ինչպէս նաեւ դաւադրութեան տեսութիւններ, որոնք կը ծառայեն միայն իսկական փտածներու եւ անոնց ծրագիրներու շահերուն:

Լիբանանն ու ներկայ իշխանութիւնը այսօր կարիքը ունին այնպիսի ասպետներու, որոնք իրաւունքի դրօշը կը պարզեն: Սուրեր եւ ձիեր չօգտագործել չի նշանակեր, որ այս օրերուն ասպետականութիւն չկայ, սակայն ասպետականութիւնը ամէն ինչէ առաջ բարոյականութիւն եւ արժէքներ ունենալն է, ինչպէս նաեւ անիրաւութիւն տարածող ուժերուն դէմ դնելու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը:

Անիրաւ այս արշաւին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինքն իրեն կը վերապահէ բոլոր իրաւունքները` դատական հարց յարուցելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը զրպարտեն եւ լրագրութեան մարզի պարկեշտութենէն հեռու, անճիշդ ամբաստանութիւններ կ՛արձակեն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խօսքը ուղղելով այս յայտագիրի յարգարժան հաղորդավար տիկին Տալիա Տաղերին, կը մաղթէ, որ վստահ ըլլայ իր յայտագիրին ընդմէջէն սփռուող որեւէ լուրի` իր յայտագիրին վստահելիութեան իբրեւ յանձնառութիւն, ինչպէս նաեւ կը խնդրէ այս յստակացումը սփռել իր յայտագիրէն` յարգելով պատասխանելու իրաւունքը:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշի Օծման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?