Ակնարկ. Թէ՛ Մասնագէտ, Թէ՛ Քաղաքագէտ
Վարչապետի նշանակումը կամ նախատօնական փուլը տակաւին լաւատեսութիւն չեն հաղորդած լիբանանցի ժողովուրդին, որ ընդամէնը ճգնաժամի ընթացքի մէջ դադարի (թայմ աութ) իրականութեան առջեւ գտնուելու համոզումը ունի: Նշանակուած վարչապետը ճիգի մէջ է սեղմ ժամանակի մէջ սեղմ կազմով կառավարութիւն ձեւաւորելու: Իր պատկերացումին համաձայն անիկա պիտի ըլլայ փոքրաթիւ եւ անկախ: Եթէ փոքրաթիւի սահմանները կարելի է պատկերացնել, ապա անկախ բնութագիրի ընկալումն ու իրականացումը նոյնքան պարզ չեն:...




















