Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան Ձեւաչափի Ճշդումները

Փետրուար 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան շարժման մեկնարկի հերթական նշումը բնականաբար կը կեդրոնանայ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ զարգացող իրադարձութիւններուն վրայ: Բանակցային տարբեր փուլեր` մինչեւ Ժընեւ ու Միւնիխ, գետնի վրայ որեւէ տեղաշարժ չեն ապահոված հիմնական հանգուցալուծման առումով:

Յայտարարութիւններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ, շեշտադրումներու փոփոխութիւններ, բանակցային սկզբունքներու մասնակի մերժումներ` կողմերը առաջադրուած բեկումնային պահը ստեղծելու ընդառաջ որեւէ հասարակ յայտարար չեն ընդգծեր:

Հայկական առումով նոր բանաձեւը, առնչուած երեք կողմերու ժողովուրդներու համաձայնութեան, պայմանականութիւնն է հակամարտութեան լուծման համար: Այս բանաձեւին կոշտ արձագանգած է արդէն Ազրպէյճանի նախագահը` բացարձակացնելով Պաքուի դիրքորոշումը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար արդէն իսկ համաձայնեցուած կէտը հայկական ուժերու հեռացումն է «ազրպէյճանական բոլոր տարածքներէն»:

Հիմնական նորութիւնը, որ վերջին շրջանին կ՛երեւայ եւ յայտնաբար կը քաջալերուի նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ, ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու առաջադրանքն է: Այս սկզբունքը նախկին յայտարարութիւններուն մէջ եւս կ՛երեւար, հաւանաբար նուազ շեշտադրումներով եւ ոչ անպայման յայտարարուած կէտերու առաջին հորիզոնականներուն վրայ:

Պաշտօնական լրատուութիւնները հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստելու նպատակով կը խօսին լրագրողական պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններու մասին: Այս այցելութիւններու մասին պաշտօնական լրատուութիւնները կարելի է ըսել զուսպ էին եւ փակագիծերը պէտք եղած խորութեամբ չէին բանար: Այնուամենայնիւ յստակ է, որ միջնորդներու երաշխաւորութեամբ կայ երկկողմանի համաձայնութիւն` խաղաղութեան պատրաստման համար որոշ գործողութիւններ իրականացնելու: Տեսանելի բաժինը լրագրողականն է: Տակաւին պարզ  չեն հետեւելիք քայլերը:

Յաղթական կողմը բնականաբար չի խուսափիր խաղաղութեան հաստատման մասին խօսելէ: Այս եւս միջազգային ընտանիքի եւ հայկական կողմի գործածած միացեալ լեզուին մաս կը կազմէ:

Այստեղ հաւանաբար պէտք է լուռ արծարծել բանակցող կողմի կարգավիճակի հարց: Հակամարտութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է: Խաղաղութեան պէտք է պատրաստել Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդները: Հետեւաբար բանակցող հայկական կողմը, որ այս պարագային իբրեւ Արցախի անվտանգութեան  երաշխաւոր կը մասնակցի բանակցութիւններուն, պիտի բարձրացնէ անկախ պետութեան մը սահմաններուն մէջ ապրող ինքնորոշուած ժողովուրդին, այս պարագային լրագրողական պատուիրակութեան այցելութեան իրաւունքը:

Եթէ ինքնորոշման իրաւունքը կը շարունակէ մնալ մեր բանակցային փիլիսոփայութեան առանցքը, հետեւաբար ամէն երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն պէտք է կայանայ Արցախ-Ազրպէյճան ձեւաչափային հարթութեան վրայ: Այլապէս, փուլ  առ  փուլ կը սկսի գործնական տեսք առնել Պաքուի կիրարկած մարտավարութիւնը` հակամարտութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան ընդունելու եւ այնպէս նաեւ միջազգայնացնելու:

Այլապէս, հետեւելիք խաղաղութեան պատրաստութեան գործողութիւններուն հայաստանեան կարգավիճակով մասնակցութիւնը չի նպաստեր Արցախը հակամարտութեան կողմ ձեւակերպելու հայկական մօտեցումին:

Երեւոյթները այնպէս ցոյց կու տան, որ մինչեւ բանակցութիւններու բովանդակային փուլ անցնիլը միջազգային միջնորդութիւնը պիտի յորդորէ եւ  ներկայացնէ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու միտուած ծրագիր: Բանակցային մեր ռազմավարութիւնը կը յուշէ իբրեւ հակամարտութեան կողմ ամէն առիթի Արցախը ներկայացնել:

Որեւէ երկկողմ պայմանաւորուածութիւն  անհրաժեշտ է, որ ներառնէ Ստեփանակերտը իբրեւ մասնակից միաւոր: Այս ենթակէտերը կը նպաստեն Ստեփանակերտին բանակցային սեղանի վերադարձի առաջադրանքին: Այլապէս, հայկական կողմը անուղղակի կը ներքաշուի Պաքուի ճշդած բանակցային խաղադաշտ:

Նախորդը

«Բարոյական Յաղթանակ»-ով Բարոյականին Յաղթանակը Վարդանանց Պատերազմի Հետքերով

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ  Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը  Պահելու Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը Պահելու Հրամայականը

Սեպտեմբեր 20, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սեպտեմբերի 19-ը` Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդի Բռնի Տեղահանութեան Օր

Սեպտեմբեր 20, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ  Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի  Ներկայացուցիչին Հետ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

Սեպտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?