19 փետրուարին սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ներկայ օրակարգը, գրասենեակի ծրագիրներն ու յառաջիկայ աշխատանքները, մասնաւորաբար` սեպտեմբերին կայանալիք համաժողովին ընթացքին սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցութեան ու աշխուժ մասնակցութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅԴ-ին կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ միջոցառումները:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին հայաստանեան կեանքին մէջ սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը եւ հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը: