Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Տարածքային Որեւէ Զիջում` Ենթադրեալ Անվտանգութեան Դիմաց

Փետրուար 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 22 փետրուարին սկիզբ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովը: Պաշտօնական բաժինի մասնակցած են ոչ միայն դաշնակցականներ, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ:

«Դաշնակցութեան յարատեւութեան գաղտնիքը պայմանաւորուած է անով, որ Դաշնակցութիւնը իր մէջ եւ իր կողքին միշտ ունեցած է հայրենասէր, կազմակերպուած, գաղափարական երիտասարդութիւն, եւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր կեանք, նոր շունչ տուած է կուսակցութեան ծրագիրներուն», ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովի մեկնարկին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան պատմական ակնարկով ներկայացուց, թէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը ինչպիսի մասնակցութիւն ունեցած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործընթացներուն մէջ:

Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ  անհրաժեշտ է Հայաստանի մէջ ունենալ իր ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթը խորապէս  գիտակցող եւ կարեւորող երիտասարդութիւն` ազգային գաղափարախօսութեան տէր, քաղաքականացած երիտասարդութիւն. «Երբեք պայման չէ կուսակցական պատկանելիութիւնը, կարեւորը` տեսակէտ, գաղափար, դիրքորոշում ունեցող երիտասարդութիւն ունենալն է: Մենք կրնանք մեր գաղափարները չկիսողներու, մեր գաղափարները չընդունողներու հետ խօսիլ, գործակցիլ, բայց ամէնէն վատը անտարբեր երիտասարդութիւնն է, ամէնէն վատը այն երիտասարդութիւնն է, որ չունի դիրքորոշում, կեցուածք, մտահոգութիւն իր երկրին, ժողովուրդի ապագային եւ ներկային նկատմամբ», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան ըսաւ. «ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, եւ յատկապէս Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը` մերժելով եւ պայքարելով հանդերձ այսօրուան ներքաղաքական իրավիճակը յատկանշող անընդունելի երեւոյթներու դէմ, ազգային գործունէութեան հետ մէկտեղ կը շեշտադրեն եւ պիտի շարունակեն յաւելեալ թափով իրականացնել ընկերվարական բնոյթի ծրագիրները, ընկերային արդարութեան, բնապահպանութեան եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի կառուցողական նախաձեռնութիւնները»:

Տէր Գէորգեան` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման, ըսաւ. «Այժմ մտահոգութիւններ կան Ղարաբաղեան տագնապին շուրջ զարգացումներու առնչութեամբ: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մերժէ տարածքային որեւէ զիջում` ենթադրեալ անվտանգութեան դիմաց եւ իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ ղարաբաղեան տագնապի բոլոր մարզերուն»:

ՀՅԴ-ի համար առանցքային պիտի մնան Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի անվտանգութեան առնչուող հարցերը: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ժողովին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը` համահարթ եկամտահարկի դէմ պայքարը, «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրէնքի նախագիծի դէմ պայքարը եւ այլն, յիշեցուցին` ամէն տարի Ապրիլ 24-ին կը կազմակերպեն ջահերով երթը:

Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան  երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան, որ նշեց, թէ անկախ գաղափարական հակասութիւններէն, մեր երկրին մէջ քաղաքական ուժերը մէկ ընդհանրութիւն ունին` ազգային դիմագիծի պահպանում, ազգային արժէքներու արժեւորում:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ` թէեւ կուսակցութիւններն ու գաղափարախօսութիւնները տարբեր են, բայց բոլորին նպատակն է տեսնել ազատ, անկախ, յառաջադէմ, հզօր, նաեւ միացեալ Հայաստան:

«Մենք բոլորս երիտասարդներ ենք` լեցուած մեծ նպատակներով եւ զանոնք իրագործելու վճռականութեամբ: Կը նշանակէ` տեղ մը բոլորիս շահերը կը համընկնին, ունինք գործելու ընդհանուր դաշտ», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Սումկայիթի Ու Պաքուի Ջարդերուն Նուիրուած Ցոյց-Քայլարշաւ Վիեննայի Մէջ

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. Կառավարութիւնը Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւնը 2 Շաբաթով Դադրեցնելու Մասին Որոշում Պիտի Ընդունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?