Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Դ. Եւ Վերջ). Նիւթական
Լիբանանը հարուածած ֆինանսատնտեսական աննախադէպ ճգնաժամը բնականաբար իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ինչպէս բոլոր հաստատութիւններուն, այնպէս նաեւ թերթերուն վրայ: Մանաւանդ` թղթային մամուլին: Տպագիր մամուլը, առանց վերջին տագնապին ալ արդէն գոյատեւման պայքարի մէջ էր, լիբանանեան, թէ ընդհանրապէս միջազգային մակարդակներու վրայ: Հայ թերթը եւս չէր կրնար չազդուիլ մեծ տարողութիւն ստացած ալիքէն: Նիւթական առումով իբրեւ պաշտօնաթերթ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ մնալ հիմնական հոգատարը թերթին:...




















