Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան Եւ Բենիամին Պչաքճեան Այցելեցին Արիաւան

Փետրուար 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Դաշնակցութեան առաջադրած նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, ԱՌԻ  կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը 17 փետրուարին այցելած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչակեդրոն, հանդիպում ունեցած շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանի հետ, որմէ ետք ԱՌԻ հիմնադրամի միջոցներով Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան բնակավայրին մէջ կառուցուող 12 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով այցելած են Արիաւան:

Դաշնակցական գործիչներուն ընկերակցած են Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանը եւ Աղաւնոյի համայնքապետ, դաշնակցական Անդրանիկ Չաուշեանը:

ԱՌԻ կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2009-ին, լիբանանահայ գործարարներու կողմէ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ գործարարները համախմբելով` Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանները զարգացնելու եւ Արցախի մէջ շահաւէտ ներդրումներ կատարելու նպատակով:

«Կազմակերպութեան նպատակն է աջակցիլ Արցախի վերաբնակեցման, երկարաժամկէտ զարգացման: Իսկ Քաշաթաղը եւ Շահումեանը Արցախի այն շրջաններն են, որոնք ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունին` հանդիսանալով Մայր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կամուրջ, որովհետեւ Արցախին կապող չորս ճամբաները այս շրջաններով կ՛անցնին», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան:

Աղաւնոն Արցախը Հայաստանին կապող ռազմավարական ճամբու կարեւոր բնակավայրերէն է, որուն հիմնումին եւ շինարարական աշխատանքներու նիւթականի ապահովման մէջ ԱՌԻ կազմակերպութիւնը ձեռնամուխ եղած է 2013-էն:

Այսօրուան դրութեամբ, ԱՌԻ կազմակերպութեան միջոցներով Արիաւանի մէջ կառուցուած եւ բնակեցուած է 50 առանձնատուն: Ծրագիրով կը նախատեսուի Արիաւանի մէջ կառուցել 150 բնակելի առանձնատուն: Այս փուլին Արիաւանի Մհեր Ջուլհաճեան փողոցին մէջ կ՛ընթանայ 12 յաւելեալ բնակելի տուներու շինարարութիւնը:

«11 տարիներու ընթացքին ԱՌԻ-ն Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններուն մէջ շուրջ 7 միլիոն տոլարի ծրագիրներ իրականացուցած է` արտօնեալ պայմաններով փոխառութիւններ տրամադրելով աւելի քան 2000 ընտանիքներու, նաեւ կառուցած է բնակելի տուներ», ըսաւ Պչաքճեան եւ նշեց, որ Արցախի մէջ ԱՌԻ-ի իրականացուցած ծրագիրները եռակողմանի փոխշահաւէտ ծրագիրներ են, որոնցմէ կը շահին ներդրողները,  շահառուները եւ Արցախի պետութիւնը:

Դաշնակցական գործիչներուն ընկերակցող, Ստեփան Սարգսեանը եւս բարձր գնահատեց ԱՌԻ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը շրջանի զարգացման մէջ:

«Բնակարանաշինութիւնը կարեւոր է իւրաքանչիւր շրջանի զարգացման համար, իսկ վերաբնակեցուող տարածքի պարագային ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն է: ԱՌԻ կազմակերպութիւնը կը հոգայ շրջանի դժուարին կարիքը` բնակարանաշինութիւնը, որ վերաբնակեցման հիմնական գործօնն է: Այդ առումով, ԱՌԻ-ն անփոխարինելի աջակցութիւն կը տրամադրէ, եւ յոյս ունինք, որ կազմակերպութեան հետագայ աշխատանքները եւս շարունակական ըլլան, եւ Արիաւան բնակավայրը իր ամբողջական տեսքը ունենայ` 150 բնակարանով», «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ստեփան Սարգսեան:

Նշենք, որ կը նախատեսուի Արիաւանի 12 բնակարանները շահագործման յանձնել ամրան:

Աւելցնենք նաեւ, որ ԱՌԻ կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ շինարարական այլ ծրագիր մըն ալ` Քարվաճառի մէջ բնակարաններու, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի կառուցել 15 բնակելի տուն:

Նախորդը

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծ

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?