Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իտլիպը Եւ Ռուսական Արգելակները

Փետրուար 24, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բանակի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տեղաշարժերը ոչ միայն գետնի վրայ իրավիճակային փոփոխութիւն յառաջացուցած են, այլ նաեւ զգալիօրէն փոխած խաղին կանոնները: Սուրիական զինեալ ուժերը տարածքներ կը մաքրազտեն ահաբեկիչ տարրերէ  եւ կը ձգտին Իտլիպի ամբողջական ազատագրումին: Դամասկոս-Հալէպ մայրուղիի թէ Հալէպի օդակայանի վերահսկումով սուրիական պաշտօնական բանակը տիրական ներկայութիւն կը վերահաստատէ այդ շրջանի կարեւորագոյն կէտերուն  վրայ: Այս մաքրազտման զինարշաւը, բնականաբար, հաշտ ընկալում չունեցաւ Անգարայի կողմէ, որ այդ տարածքներուն վրայ ուղղակի-անուղղակի ներկայութիւն պահելու հրամայականը ունէր: Անուղղակին այս պարագային զինեալ այն տարրերն են, որոնք իբրեւ խաղաթուղթ կը շահարկուին Անգարայի կողմէ յատկապէս իբրեւ հակակշիռ ուժ քրտական գործօնին:

Այժմ թիրախը Իտլիպն է: Մինչեւ Իտլիպ, սակայն, այն բոլոր գործողութիւնները, որոնց ձեռնարկեց սուրիական բանակը եւ յատկանշական տեղաշարժներ արձանագրելով իրականացուց որոշ մաքրազտման արշաւ, չէին իրականանար առանց Մոսկուայի կանաչ լոյսին, չըսելու համար` անոր ներշնչանքին:

Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ խախտի Մոսկուա-Անգարա կարճաժամկէտ դրուածքով ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութիւնը: Հիմա ռուսական արգելակներ սկսած են արդէն բանիլ թրքական յարձակողապաշտութեան դէմ: Ոչ միայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Անգարան չյաջողեցաւ իրականացնել անվտանգութեան գօտիի սահմանագծումը, զոր յանկերգի նման կը հնչեցնէր սուրիական պատերազմի առաջին օրէն, այլ այժմ Իտլիպի ուղղութեամբ եւս իր ռազմայենակէտերը զիջելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի փաստօրէն:

Մոսկուան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ամբողջովին աջակից է Իտլիպի արմատական մաքրազտման եւ ազատագրման, մինչ Թուրքիան իր օդային տարածքը կը փակէ Ռուսիոյ դիմաց  եւ սպառնական պայմանաժամերով կը խօսի իր երբեմնի դաշնակիցին հետ: Այս բոլորը` դերերու բաշխումով, ի հարկէ, որովհետեւ զուգահեռ` նախ երկկողմանի, ապա եռակողմանի, ներառելով Թեհրանը, կ՛աշխատի կայացնել Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան եռակողմ հանդիպումը` վերահամաձայնութիւններու յանգելու համար:

Սպառնալիքները իրականութեան մէջ բառային տարողութիւնը չեն կրնար առարկայացնել: Եղածը սահմանափակ բախումներ են, վերահսկելիութենէ դուրս չեկող: Յարձակումները չեն ծաւալիր միշտ  նկատի ունենալով գէթ ներկայ պայմաններուն մէջ ռուս-թրքական զօրքերու բախումը, թէկուզ երրորդ երկրի տարածքներուն վրայ: Ռազմական ընդհարումներու ձեւաչափը կը շարունակէ մնալ հիմնականին մէջ Անգարայի կողմէ հովանաւորած զինեալ խմբաւորումներ-սուրիական բանակ ձեւաչափին մէջ: Անցում կայ  դէպի սուրիական եւ թրքական բանակներու միջեւ կայացող ընդհարումներու հարթութիւն, առանց թեւակոխելու այլ սահմաններ:

Անգարայի ձեռնարկած գործողութիւնները առաւելաբար հետախուզական բնոյթի սահմանափակ յարձակումներ են, ստուգելու համար հակադարձութեան տարողութիւնը: Կը թուի, որ անոնք չեն հատեր իրենց իսկ կողմէ ճշդուած սահմանը:

Յայտնաբար Մոսկուան մտադիր չէ Անգարայի ցարդ ձեռք ձգած վերահսկողութենէն աւելիին համաձայնութիւն տալու: Ուժերու տեղաբաշխումէն ետք այժմ կ՛առաջադրուի Իտլիպը թրքական ուղղակի-անուղղակի տիրոյթէն դուրս բերելը: Այնտեղ գտնուող զինեալները, թէեւ վերանուանուած եւ փոխակերպուած, այդուհանդերձ, կը շարունակեն կրել թրքական հովանաւորութիւնը, ֆինանսաւորումը: Այդ ռազմակայանը նաեւ վարձկան զինեալ կ՛արտադրէ Թուրքիոյ համար այս անգամ Լիպիոյ մէջ գործողութիւններ իրականացնելու համար: Իտլիպը Անգարայի համար տարածաշրջանային ռազմակայան է երրորդ տարածքներու վրայ պատերազմներ մղելու եւ թրքական գօտիներ ձեւաւորելու համար:

Ռուս-թրքական ապամերձեցումը աննկատ չէ անցած Ուաշինկթընի կողմէ, որ կը փորձէ վերագնահատել ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէր, որ իր երկիրը կը պատրաստուի խորհրդակցելու Անգարայի հետ Իտլիպի ճակատագիրին շուրջ եւ բնականաբար պատրաստ է միասնաբար ելք գտնելու իրավիճակէն: Այս յայտարարութիւնը կը հրապարակուէր, երբ Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան եռակողմանի հանդիպումի կայացումը անորոշութեան կը մատնուէր: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ եռակողմանի հանդիպումին առիթ կը տրուի Իտլիպի ճակատագրի որոշումէն ետք: Այս պարագային` մաքրազտումէն ետք:

«Ա.»

Նախորդը

Իրանի Ընտրութիւններուն Յաղթած Են ՀՅԴ-ի 2 Թեկնածուներ

Յաջորդը

Պելճիքական Տաճարին Մէջ Յայտնաբերուած Են Մարդկային Ոսկորներէ Եւ Գանկերէ Կառուցուած Պատեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?