Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Սումկայիթի Ու Պաքուի Ջարդերուն Նուիրուած Ցոյց-Քայլարշաւ Վիեննայի Մէջ

Փետրուար 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 22 փետրուար 2020-ին Սումկայիթի ջարդերուն 32 եւ Պաքուի ջարդերուն 30 ամեակներուն նուիրուած ցոյց-քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի կեդրոնական փողոցներուն մէջ:

Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը դատապարտող պաստառներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն հրապարակը: Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առիթով պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով: Ապա ցուցարարները քալելով ու Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը յիշող ու դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն` Ս. Ստեփանոսի հրապարակը:

Հազարաւոր զբօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան ներքոյ ցուցարարները անգամ մը եւս յիշեցուցին Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակը յարգելու ու անոնց իրաւատէրերուն փոխհատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու հանգամանքը հաստատելու եւ ազերիական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը:

Տեղին է նշել, թէ Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու:

Ցոյց-քայլարշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհն ու արեւմուտքը` հայութեան նկատմամբ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առնելով, յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն, որ Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճամբով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի:

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Գումարէ «Քորոնա» Ժահրին Յատկացուած Նիստ Մը, Իսկ Փուռերը Այսօր Պիտի Սկսին Բաց Գործադուլի

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Տարածքային Որեւէ Զիջում` Ենթադրեալ Անվտանգութեան Դիմաց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?