Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանահայութիւնը 137.573.000 Լ. Ո.  Նուիրաբերեց Լիբանանահայութեան

Լիբանանահայութիւնը 137.573.000 Լ. Ո. Նուիրաբերեց Լիբանանահայութեան

Երէկ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ լիբանանահայութիւնը խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին` ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին: Հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը իր հոգեւոր, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, ուսանողական եւ երիտասարդական շրջանակներով հաւաքաբար զօրակցեցաւ լիբանանահայ համայնքի կարիքներուն հասնելու հրամայականի կատարման նախաձեռնութեան: Ժողովրդային տարբեր խաւերու ինքնաբուխ մասնակցութիւնը ներհամայնքային առումով  ամէնէն տպաւորիչ ձեւով  յաջողցուց  իրարօգնութեան հաւաքական զօրակցութիւնը: Հայկական երեսփոխանական պլոքը...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

137.573.000 Շնորհակալութիւն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի դաժան այս օրերուն, Լիբանանի հայութիւնը ցնծութիւն ապրեցաւ երէկ ամբողջ օրը: Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնութեամբ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նուիրաբերումի արշաւը գլեց ու անցաւ ակնկալութեան շեմը, եւ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը անշրջանցելի պատուանդաններ են, եւ ոչ ոք կրնայ ընկճել ու խուճապի մատնել զինք: Պէտք էր երէկ տեսնել «Շաղզոյեան» կեդրոնի եռուզեռը առաւօտեան...

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Վաւերացուց  Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Վաւերացուց Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը: «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի ծերակուտականներուն: Հոլանտայի Ծերակոյտը Առանց Քննարկման, Միաձայնութեամբ Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Հոլանտայի Ծերակոյտը առանց քննարկման, միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հոլանտայի մէջ Հայաստանի...

Սաատ Հարիրի. «Ես Թեկնածու Պիտի Չըլլամ  Յաջորդ Կառավարութեան Կազմութեան»

Սաատ Հարիրի. «Ես Թեկնածու Պիտի Չըլլամ Յաջորդ Կառավարութեան Կազմութեան»

Նոր վարչապետի նշանակման վերաբերեալ այսօր նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու նախօրեակին, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ վերահաստատեց, որ ինք չ՛ուզեր գլխաւորել նոր կազմուելիք կառավարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ. «Ընդառաջելով լիբանանցիներու պոռթկումին` 50 օր առաջ ներկայացուցի հրաժարականս եւ այդ օրէն իսկ ճիգ թափեցի կազմելու ժողովուրդին պահանջած մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւնը, որովհետեւ նկատեցի, որ ատիկա...

Բարեսիրական Աշխատանքները  Համակարգելու Նպատակով.  Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ  Խումբ Մը Կամաւոր  Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ

Բարեսիրական Աշխատանքները Համակարգելու Նպատակով. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ Խումբ Մը Կամաւոր Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ

Լիբանանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն պատճառով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան: Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ` նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն: Այս առիթով, երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց խումբ մը կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ընտանիքներու կ՛այցելեն...

Խմբագրական.  Լիբանանահայութենէն  Լիբանանահայութեան

Խմբագրական. Լիբանանահայութենէն Լիբանանահայութեան

Այսօր լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախաձեռնած «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեման կրող ռատիոթոնին: Առաջին անգամն է, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնը նման նախաձեռնողականութեամբ հանդէս կու գայ: Պլոքի կոչերը, յայտարարութիւնները, անոր անունով կատարուած հանդիպումները ընդհանրապէս եւ հասկնալիօրէն քաղաքական բնոյթ կը կրեն: Օրինաչափ է սակայն ա՛յս իրականութիւնը` ըստ որուն պլոքը մարդասիրական բնոյթի ծրագիր իրականացնելու կը միտի: Հայկական երեսփոխանական պլոքի պատմականը կը...

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը». Նուիրաբերումի Հայ Մարդուն Առաքինութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի հայութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ ան տագնապալի փուլի դէմ յանդիման կը գտնուի: Տարագրութենէն ետք մեծաթիւ վերապրող գաղթականներու Լիբանան հաստատումը եւ անոր կեցութիւնը հոս դիւրին ու հեզասահ պայմաններու մէջ չէ եղած: Բայց ապրած է մեր ժողովուրդը, ծաղկած է անոր առօրեան, հայ մարդը անհատապէս կամ հաւաքաբար կառուցած է ինքզինք: Արագ ակնարկով մը գէթ վերջին հարիւրամեայ մեր լիբանանահայ...

Դաւիթ Իշխանեան. «Վերաբնակեցման Ուղղութեամբ  ՀՅԴ-ի Աշխատանքները Շարունակական Են»

Դաւիթ Իշխանեան. «Վերաբնակեցման Ուղղութեամբ ՀՅԴ-ի Աշխատանքները Շարունակական Են»

Արցախի մէջ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան 16 դեկտեմբերին այցելեց Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնք` վերաբնակեցուող տարածքին մէջ ապրողներու խնդիրներուն ծանօթանալու եւ վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացման ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումները ներկայացնելու: Դաւիթ Իշխանեանին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Քաշաթաղի վարչակազմի տեղակալ Մարինէ Պետոյեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն»...

Ստեփանակերտի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի  Եւ Արցախի Ազգային Ժողովներուն Միջեւ  Համագործակցութեան Յանձնախումբի Նիստը

Ստեփանակերտի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Ազգային Ժողովներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յանձնախումբի Նիստը

17 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 14-րդ նիստը` Արարատ Միրզոյեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի համանախագահութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան` կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը: Ըստ անոր, տուեալ ժամանակաշրջանին գումարուած են մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստեր, տեղի ունեցած են նաեւ տարբեր ձեւաչափով հանդիպումներ: Ղուլեան առանձնացուց Արցախի...

«Միջազգային Կառոյցներու Կողմէ Նկատելի Է  Ազրպէյճանի Անընդհատ Խուսափիլը Եւ Ձեռք Բերուած  Պայմանաւորուածութիւնները Չկատարելու Փաստը»  Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

«Դաշնակցութիւնը Ամբողջական Պատասխանատուութեան Յայտ Կը Ներկայացնէ 2020-ին Համապետական Ընտրութիւններուն», Ըսաւ Արցախի Նախագահի ՀՅԴ-ի Թեկնածուն

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն քաղաքական այլ ուժերու հետ նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուով հանդէս գալու` 3-ամսեայ քննարկումներէն ետք, ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի մասնակցութեամբ, որոշեց Արցախի 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով, որ պիտի ըլլայ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայանալ առանձին ցանկով: Որոշումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ նախագահի ապագայ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանը «Երկիր»-ին հետ հարցազրոյցին...

Կիրօ Մանոյեան. «Մամետեարովը  Վստահելի Աղբիւր Չէ, Ինչ Ալ Որ Ըսէ»

Կիրօ Մանոյեան. «Մամետեարովը Վստահելի Աղբիւր Չէ, Ինչ Ալ Որ Ըսէ»

16 դեկտեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ինչպէս նաեւ «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման եւ ղարաբաղեան տագնապին մասին: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին կարեւորութեան ու յառաջիկայ քայլերուն մասին խօսելով`...

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն  ՀՅԴ-ի Թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի  Կենսագրական Գիծերը

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի Կենսագրական Գիծերը

ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը որոշեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով եւ նախագահի թեկնածու առաջադրեց Դաւիթ Իշխանեանը, որուն կենսագրական գիծերը կը ներկայացնենք ստորեւ: Ծնած է 27 դեկտեմբեր 1968-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Աշան գիւղը: 1975-1985 յաճախած է Աշանի միջնակարգ դպրոցը: 1985-1992 ուսանած է Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ` պատմութիւն եւ իրաւագիտութիւն մասնագիտութեամբ: 1987-1989 ծառայած է Խորհրդային...

Եռաբլուրի Մէջ Յարգեցին Հերոսներուն  Յիշատակը

Եռաբլուրի Մէջ Յարգեցին Հերոսներուն Յիշատակը

16 դեկտեմբեր 1991-ին, Հասանաբադ գիւղի մատոյցներուն մէջ զոհուած Վարդան Բախշեանի եւ պանթէոնին մէջ հանգչող միւս ազատամարտիկներուն շիրիմներուն առջեւ երէկ Եռաբլուրի մէջ վերստին խոնարհեցան, անոնց յիշատակը յարգեցին հարազատներ, մարտական եւ գաղափարական ընկերներ: Այդ օրը հետախուզութեան մեկնած` ՀՅԴ վաշտի 11 հոգինոց խումբը Արցախի Հասանաբադ գիւղին մօտակայքը մարտ մղեց թշնամիին գերազանցող ուժերուն դէմ եւ, դիմադրելով յարձակումին, կենդանի ուժի զգալի կորուստ կրեց: Անհաւասար մարտին...

«Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը Պիտի Կանխարգիլէ Թուրքիոյ  Կողմէ Քիւրտերուն Կոտորածը»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը

«Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պիտի Կանխարգիլէ Թուրքիոյ Կողմէ Քիւրտերուն Կոտորածը» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը կ՛արտօնէ կանխարգիլել Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քիւրտերուն դէմ իրականացուելիք կոտորածները: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» կայքը: «Ասիկա յստակ պատգամ մըն է, թէ 21-րդ դարուն մէջ ցեղասպանական արշաւներ գործադրելը անկարելի է: Այս որոշումը Թուրքիոյ պիտի ստիպէ դադրիլ քիւրտ ժողովուրդին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան»  Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կոչ Ուղղեց  Լիբանանահայութեան` Հաւաքական Ճիգով Դիմակալելու  Լիբանանի Դիմագրաւած Ճգնաժամը

«Եթէ ՀՅԴ-ն Դիմացած Է Ամէն Տեսակ Ցնցումներու Եւ Հասած Է Այսօրուան Համահայկական Ուժականութեան, Այդ Լաւագոյն Փաստն Է Այն Իրողութեան, Որ Էականը Պահպանուած Է» Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յ. Հ.- Այս նուիրահաւաքի ընդհանուր գործընթացին մէջ տակաւին ամերիկեան ցամաքամասին վրայ նոյն տարողութեամբ նուիրահաւաքներ կը կազմակերպուի՞ն տեղւոյն ուժերով: Յ. Տ. Խ.- Այո՛, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ պարագային նկատի առնուած է, որ ամբողջացուին այդ գումարները, որովհետեւ մեր կարիքները միայն երկու միլիոնի շուրջ չեն: Արդարեւ, ամէն տարի չէ, որ կը կազմակերպուին այս նախաձեռնութիւնները, այս գումարները քանի մը տարուան համար են, արդէն իսկ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Արցախի Արտակարգ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը, քննելով 2020-ի համապետական ընտրութիւններին ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութեան հարցը եւ ամփոփելով միասնական օրակարգի շուրջ համաձայնեցուած թեկնածու առաջադրելու նպատակով ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի իրականացրած բանակցութիւնների արդիւնքները, որոշեց յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններում ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը հիմնել հետեւեալ դրոյթների վրայ. - Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար  Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները`  «Զարգանալ Չզիջելով»

Դաւիթ Իշխանեան. «Զարգանալ` Չզիջելով»-ը Դաշնակցութեան Հայեցակարգային Մօտեցումներէն Է»

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն քաղաքական այլ ուժերու հետ նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուով հանդէս գալու` 3-ամսեայ քննարկումներէ ետք, ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ, որոշեց Արցախի 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով, որ պիտի ըլլայ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն որոշուեցաւ ներկայանալ առանձին ցանկով: Որոշումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ նախագահի ապագայ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ին հետ...

Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն  Միջեւ Շաբաթավերջի Բուռն Բախումներէն Ետք .  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Վարչապետի  Նշանակման Խորհրդակցութիւնները

Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Շաբաթավերջի Բուռն Բախումներէն Ետք . Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւնները

Այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի կայանան վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք, ըստ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի արդիւնաւորուին նշանակելով վարչապետ մը` կազմելու համար մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ կազմուած կառավարութիւն մը: Վարչապետ նշանակուելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն է Սաատ Հարիրին, որ սակայն կառչած կը մնայ զուտ մասնագէտներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդի մը կազմութեան` վարչապետ նշանակուելու պարագային: «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին  Զօրակցութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Զօրակցութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը եւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս աւ. քհնյ. Սարգիսեանն ու Քաղաքական ժողովի ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՛ընկերանային «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի ատենապետ Սարգիս Արմէնեան եւ փոխատենապետ Գրիգոր Թերզեան` ներկայութեամբ...

Page 466 of 797 1 … 465 466 467 … 797

Արխիւներ