24-28 փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով` Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ:
Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովի օրակարգը կը վերաբերի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր մարզերուն` Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ազրպէյճան հակահայ պայքար եւ այլն: Պիտի քննարկուին նախորդ շրջանի աշխատանքները եւ անմիջական ապագայի ծրագիրները:
24 փետրուարին Երեւանի մէջ պիտի կատարուի խորհրդաժողովին բացումը: 25 փետրուարին աշխատանքները պիտի շարունակուին Ստեփանակերտի մէջ` Արցախի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: