Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գառնիի Մէջ Նշուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան Տարեդարձը

February 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այսօր այն օրն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրութեան մասնակցած եւ Առաջին հանրապետութիւնը կերտածները ապստամբեցան եւ կրցան վերահաստատել հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքը. 99 տարի առաջ այս օրը պոլշեւիկեան լուծին տակ առկայ պայմաններուն մէջ կազմակերպուեցաւ ապստամբութիւն մը, զոր պոլշեւիկները կը բնութագրէին իբրեւ «արկածախնդրութիւն», իսկ իրականութեան մէջ անիկա ազատագրական ապստամբութիւն էր, որովհետեւ բռնութիւնները եւ դաժան վերաբերմունքը խորհրդային կարգերու հաստատման պահէն տիրած էին ամբողջ Հայաստանի մէջ, եւ անոնց զոհ գացին բազմաթիւ հայորդիներ: Այս մասին Գառնի գիւղին մէջ Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցած հայ խմբապետներու եւ մարտիկներու շիրիմներուն առջեւ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

1921-ին Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Գառնին այն հիմնական ուղղութիւններէն էր, ուր սկիզբ առաւ եւ ընթացաւ  անկախութեան վերականգման պայքարը: Ամէն տարի Գառնիի մէջ` գառնեցի յայտնի գործիչներ Խնկոյի եւ Մակեդոնի, խմբապետներ Վարդանի, Արտուշի, Մարտիրոսի ու Ղազարի գերեզմաններուն մօտ տեղի կ՛ունենայ խնկավառութիւն` ի յիշատակ Հայաստանի ազատագրութեան համար մարտնչած հայորդիներուն:

Ձեռնարկին մասնակիցները, որոնց կարգին էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեանը, ՀՅԴ Գառնիի  կոմիտէութեան անդամները եւ շարք մը այլ հասարակական-քաղաքական եւ կուսակցական գործիչներ, այցելեցին Գառնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած խմբապետներ Խնկոյի եւ Մակեդոնի, այնուհետեւ` գիւղական գերեզմանատան մէջ թաղուած խմբապետներ Վարդանի եւ Արտուշի գերեզմանները, ապա ուղղուեցան Գառնի տանող ճամբուն վրայ գտնուող պանթէոն: Այստեղ կը հանգչին նաեւ Արցախեան հերոսամարտին եւ զինադադարի շրջանին զոհուած մարտիկները:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Արծուիկ Մինասեանը նշեց, որ այս օրը հայկական պետականութեան, ինքնութեան համար պայքարի եւ անոր ամրապնդման օր է` աւելցնելով, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր վճռականութեամբ պատրաստ է նոյնիսկ պոլշեւիկներու դէմ կռուելու, եթէ անոնց նպատակը հայ տեսակը վերացնելն է:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի` Փետրուար 18-ն շատ կարեւոր խորհուրդ ունի, որն է` երբեք չդադրիլ ազգային արժեհամակարգին մաս կազմելէ, երբեք չդադրիլ մտածելէ, որ դուն հայ ես:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Թուրքիան Սկսած Է Հրաժարիլ Ռուսական Կազէն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.