Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 19 փետրուարին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ հանդիպումին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Արամայիս Աւագեանը, քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համապատասխան նախարարութիւններու փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: