ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ 21 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները` Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, որոնց հետ քննարկեցին օրակարգային շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին ներկայացուց Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:
Քննարկուեցան նաեւ Արցախի նախընտրական շրջանին առնչուող շարք մը հարցեր: ՀՅԴ-ի երկու կազմակերպական շրջաններու ղեկավար մարմիններու անդամները միտքեր փոխանակեցին Արցախի անվտանգութեան սպառնացող շարք մը մարտահրաւէրներու շուրջ եւ ձեռք բերին պայմանաւորուածութիւններ` յառաջիկայ կատարելիքներու վերաբերեալ: