Գլխաւոր լուրեր

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Աշխատանքներէն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Աշխատանքներէն

Մարաշի Կուպրապատում  Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սկսաւ Մարաշ թաղի կուպրապատման նախապատրաստութեան: Յիշեալ թաղը քարէ սալիկներով ծածկուած էր, սակայն ծանր բեռնակառքերու եւ ջուրի փոխադրութեան կառքերու երթեւեկը քանդած էր սալիկներու մէկ մասը: Այժմ քաղաքապետարանի հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքը կը վերցնէ մնացած սալիկները եւ կը պատրաստէ ենթահողը կուպրապատման: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարաշ թաղի բնակիչներու եւ առեւտրականներու համբերութեան ու հասկացողութեան` ընդգծելով, որ այս...

Ո՞ւր Են Մեր Ունեւորները… Արամ Ա.

Ո՞ւր Են Մեր Ունեւորները… Արամ Ա.

Տագնապի այս օրերուն, խոր գոհունակութեամբ ու յուզումով կը դիտեմ, թէ ի՛նչ անսահման նուիրումով մեր առաջնորդարանները, համայնքները, ծուխերը, կազմակերպութիւնները, միութիւնները, ամէ՛ն տեղ, լծուած են մեր ազգի կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան անյետաձգելի ու հրամայական աշխատանքին։ Սէր ու գնահատանք անոնց նկատմամբ պարզապէս քիչ է։ Սովորական ծառայութիւն չէ անոնց կատարածը, այլ գերազանցօրէն Աստուածահաճոյ գործ է։ Արդարեւ, մեր նուիրեալները դռներ կը թակեն օժանդակութիւն խնդրելու, որպէսզի կարենան...

Արցախին Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ

Արցախին Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն` անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան առաջարկը փրկելու նպատակով ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկէն հանել Արցախի վերապահուած նպաստը, որուն կ'ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն: Ծերակուտական Մենենտեզ նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախին...

Կառավարութիւնը Որոշեց 450 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնել Անձնական Հիւանդանոցներուն Եւ Բժշկական Անձնակազմերուն

Կառավարութիւնը Որոշեց 450 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնել Անձնական Հիւանդանոցներուն Եւ Բժշկական Անձնակազմերուն

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 663-ի, Մահերը Կը Մնան 21, Իսկ Բուժուածները` 85-ի «Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայումը կը շարունակուի Լիբանանի մէջ: Լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովութեան ուժերը կը հսկեն, որ բնակարանային մեկուսացումն ու կրակմարի դրութիւնը լաւապէս յարգուին` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը: Ընդհանուր զօրաշարժը պարտադրելու շրջագիծին մէջ, երէկ լիբանանեան բանակը փակեց դէպի Աննայա` Մար Շարպելի ուխտատեղին առաջնորդող բոլոր մուտքերը,...

«Փի. Սի. Ար.»-ի Անվճար Քննութիւն` Հայկական Առողջապահական Եւ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոններու 65 Աշխատողներու

«Փի. Սի. Ար.»-ի Անվճար Քննութիւն` Հայկական Առողջապահական Եւ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոններու 65 Աշխատողներու

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` Ռըզըք  հիւանդանոցէն բժշկական խումբի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) բժշկական բաժանմունքին հետ գործակցաբար, 16 ապրիլ 2020-ին կատարեց  «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւն հայկական առողջապահական եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններուն մէջ աշխատող 65 անձերու: Շրջուն տարրալուծարանին ճամբով Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կատարուած «Քորոնա»-ի ժահրի այս քննութեան վերահսկեց տուեալ հիւանդանոցի բժշկութեան բաժանմունքի տնօրէն տոքթոր Ճորճ Ղանըմ` ներկայութեամբ Շտապի պատասխանատու,...

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնները Ձեռնարկած Են Դրամահաւաքի Աշխատանքի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնները Ձեռնարկած Են Դրամահաւաքի Աշխատանքի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները ձեռնարկած են դրամահաւաքի աշխատանքի, որմէ գոյացած միջոցներով պիտի օգնեն մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն: Այս առիթով երկու միութիւններ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հաշուի առնելով, որ մեր հազարաւոր քաղաքացիները այս օրերին մենակ են մնացել ճգնաժամի դէմ պայքարում, ելնելով մեր ընկերվարական գաղափարախօսութիւնից, հաւատալով, որ հասարակութեան առաւել ապահով ներկայացուցիչները պատասխանատու են աւելի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում

Հինգաշբթի, 16 ապրիլ 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմնի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանային վարչութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէին միջեւ։ Ժողովը առաջին հերթին անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած կացութեան։ Գնահատուեցաւ  լիբանանահայ բոլոր համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ միութենական ու ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Հայրենակիցնե՛ր, Երկրում արտակարգ դրութիւն է, որը ենթադրում է համարժէք կեցուածք բոլորի` թէ՛ իշխանութիւնների, թէ՛ քաղաքական դաշտի, թէ՛ հասարակութեան կողմից: Համաճարակի, դրա հետեւանքով առաջացած բազմաթիւ առկայ ու սպասելի առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարտահրաւէրների լուծումը պահանջում է բոլոր ուժերի ու կարելիութիւնների համախմբում: Միայն համախմբման ու փոխօգնութեան ճանապարհով մենք` որպէս պետութիւն ու ժողովուրդ, կը...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղեն

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղեն

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է` տեղեկացնելով, որ այս տարի անկարելի է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Պայմանաւորուած Հայաստանում տիրող իրավիճակով եւ առողջապահական վտանգով, այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառումները: Քանի որգ - Ջահերով երթը այս տարի հնարաւոր չէ կազմակերպել աւանդական ձեւաչափով: - Ապրիլի...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 658-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 84-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 658-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 84-ի

Չինաստան Այսօր Լիբանանին Կը Նուիրէ «Քորոնա» Ժահրի Ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի Քննութեան Յաւելեալ Կարելիութիւններ «Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայման նպատակով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ընդհանուր զօրաշարժի, երթեւեկի սահմանափակումներու, բնակարանային մեկուսացման կոչերը, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 յայտարարուած անհատական կրակմարի դրութիւնը կը յարգուին` որոշ խախտումներով: Լիբանանցիները 90 առ հարիւր համեմատութեամբ յանձնառու կը մնան որդեգրուած միջոցառումներուն եւ կ’ենթարկուին լիբանանեան...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 17. Շնորհակալութիւն

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը բարձրօրէն կը գնահատէ լիբանանահայ ազգայիններ Նար Խաչատուրեանի եւ Վարուժան Սարգիսեանի (Պարլի Վարուժ) նախաձեռնութիւնը` 35.000 պաշտպանութեան դիմակներու (մասք) պատրաստութեան եւ զանոնք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ դնելու: Շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան` կը հաստատենք, որ այս եւ նման ճիգեր լաւագոյն փաստն են Լիբանանի հայութեան բարձր գիտակցութեան եւ միասնական ուժերով մեր ժողովուրդի առողջական ու կենցաղային բարօրութեան ապահովման:  

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններ. Արայիկ Յարութիւնեանը Նախնական Տուեալներով Ստացած Է Ձայներուն 87 Առ Հարիւրը

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններ. Արայիկ Յարութիւնեանը Նախնական Տուեալներով Ստացած Է Ձայներուն 87 Առ Հարիւրը

Երէկ` երեքշաբթի, 14 ապրիլին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն, տարածքային ընտրական  յանձնախումբերէն հաղորդուած տուեալներուն համաձայն, ժամը 20:00-ի դրութեամբ մասնակցած է 47.050 ընտրող` ընտրողներուն 44,9 առ հարիւրը: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուած են 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը` Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, ուրիշ մըն ալ` Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Նշենք, որ,...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Այցելեցին Պուրճ Համուտի Մէջ Գործող Լիբանանեան Կուսակցական Եւ Բարեսիրական Կեդրոններ

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Այցելեցին Պուրճ Համուտի Մէջ Գործող Լիբանանեան Կուսակցական Եւ Բարեսիրական Կեդրոններ

Երէկ` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2020-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի,  այցելեց Պուրճ Համուտի մէջ գործող լիբանանեան կուսակցական եւ բարեսիրական կառոյցներու կեդրոններ: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու եւ Ամալ շարժումի Պուրճ Համուտի գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ «Մար Եուսեֆ» բարեսիրական միութեան կեդրոն: Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15 եւ 16

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15 Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նոիրուած Է 169.900.000 Լ.Ո. Եւ 54.140 Ամերիկեան Տոլար Ըմբռնելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով հասարակական կամք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ: Գիտակից ազգայիններ անցնող օրերուն իրենց սրտաբուխ օժանդակութիւնը կատարելով` ցարդ գոյացած գումարը բարձրացուցին 169.900.000 լ. ոսկիի եւ 54.140 ամերիկեան տոլարի: Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք Ստորեւ` նուիրատուներուն...

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ 3-րդ Լիբանանահայը

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ 3-րդ Լիբանանահայը

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը տեղեկացնէ, որ 14 ապրիլ 2020-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արտաւազդ Պօղոսեան: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն:  

Ազդակի Առցանց Լսարանի  Առաջին Փորձը

Ազդակի Առցանց Լսարանի Առաջին Փորձը

Պսակաձեւ ժահրի պատճառով ստեղծուած Ազդակի  նոր աշխատակարգը նկատի ունի նաեւ լսրանային հանդիպումները առցանց հարթութեան վրայ տեղափոխել։ Լսարանին հեռակայ հետեւողներու նկատառելի թիւ սկսած էր «Ազդակ»-ի դիմատետրի ճամբով ներկայ ըլլալ լսարանային հանդիպումներուն։ «Ազդակ»  կը նախաձեռնէ zoom ծրագիրով  մամլոյ  լսարանները կազմակերպել։ Մենք շուտով պիտի ունենաք առաջին առցանց լսարանը։ Այս աշխատանքը պիտի համակարգէ «Ազդակ»-ի ելեքտրոնային բաժնի աշխատակնցներէն Մինաս Հանս Քէհեանը, որ պիտի զեկուցէ  մեր աշխատանքներու առցանց հարթութեան անցումի...

Խմբագրական.   45 Տարի Ետք` Ինքնակառավարուելու Հնարաւորութիւններ (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 45-ամեակ)

Խմբագրական. 45 Տարի Ետք` Ինքնակառավարուելու Հնարաւորութիւններ (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 45-ամեակ)

45 տարի առաջ ներլիբանանեան լարուածութիւնը, պաղեստինցի զինեալ խմբաւորումներու աշխուժացումը, սկիզբը` Քրիստոնեայ ուժեր-պաղեստինցիներ բախումը, ապա արագօրէն վերափոխուած միջկրօնական գունաւորում ունեցող պառակտումը, եւ յետոյ միջհամայնքային դիրքաւորումները, իւրաքանչիւր համայնքի տիրոյթներու ուժային սահմանագծումները եւ վերջապէս` հեռակառավարուող լիբանանեան ներքին պատերազմ մը: Տարբեր ուժերու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու լիբանանեան թատերաբեմին վրայ բախումները, մերթ ներիսլամական տեսքով, շուտով` դիմադրութեան տարազով իսրայէլեան գրաւման դէմ, իսկ այլ տեղ ներքրիստոնէական անհամաձայնութիւններու...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարեց

Նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարեց

Կիրակի, 12 ապրիլին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախագահեց «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջնախարարական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին, որուն ներկայ էին հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչները: Նախագահ Սահակեան ուղերձով դիմած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուցած, որ ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, «Քորոնա»-ի տարածման կանխարգիլման եւ համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան մէջ մինչեւ 12 մայիս արտակարգ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը` 632, Մահերունը` 20, Իսկ Բուժուածները` 80

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը` 632, Մահերունը` 20, Իսկ Բուժուածները` 80

«Քորոնա»-ի Դիմակայման Պայքարը Կը Շարունակուի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանցիները կիրակի օր կառչած մնացին պետութեան յայտարարած կրակմարի դրութեան, եւ երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ տիրական դարձաւ ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտը: Լիբանանեան պետութեան որոշումով, մինչեւ 26 ապրիլ ընդհանուր զօրաշարժ պիտի գործադրուի` յարգելով բացառութիւնները: Կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Հերմելի եւ Աքքարի մէջ, այս առումով երէկ արձանագրուեցան խախտումներ: Լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատներ...

Page 444 of 797 1 … 443 444 445 … 797

Արխիւներ