Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորներուն Յայտարարութիւնը Կը Խախտէ Մարդու Հիմնարար Իրաւունքները»

June 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով Արցախը Հայաստանին կապող ճամբու կառուցման վերաբերեալ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի երեք պատգամաւորներու համաժամանակեայ հակահայկական  յայտարարութիւններուն, հաստատեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ նման քայլեր վնասակար են խաղաղութեան հոլովոյթին համար, անոնք կը ստեղծեն որոշ պայմաններ` զինուորական գործողութիւններու վերսկսման համար, ինչպէս եղաւ ապրիլ 2016-ին: Ան շեշտեց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի գործողութիւնները արգելակող քայլերու ձեռնարկէ` թոյլ չտալով, որ անկայուն իրավիճակ ստեղծուի:

«Եթէ կը յիշէք 2016-ի ապրիլեան գործողութիւններու նախօրեակին եղաւ Միլիցա Մարքովիչի տխրահռչակ բանաձեւը, որ կապուած էր Սարսանգի ջրամբարի հետ, անիկա հող նախապատրաստեց, որ Ազրպէյճանը սկսի նախայարձակ գործողութիւններ: Նմանօրինակ քայլեր այս պարագային նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու  յայտարարութիւնը պարարտ հող կը ստեղծեն Ազրպէյճանի համար յարձակողապաշտ  գործողութիւններու դիմելու: Ակնյայտ է, որ  այդ կողմնակալ յայտարարութիւնը Պաքուի մէջ թխուած հերթական քարոզչական միտքն է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու շուրթերով հնչեցուած», յայտնեց ան:

Վահրամ Բալայեանի համաձայն, յայտարարութիւնը նաեւ հայկական դիւանագիտութեան թերացման հետեւանք է, պէտք չէ սպասէինք, որ քայլը կատարուի, ապա արձագանգէինք, այլ պէտք է կանխէինք: Ան ընդգծեց, որ խնդիրը պէտք չէ դիտարկել միայն Հայաստանի Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնախումբի պատուիրակութեան տիրոյթին մէջ, այլեւ` ընդհանուր դիւանագիտութեան:

«Անընդհատ պէտք է նախաձեռնող քայլեր կատարենք եւրոպական կառոյցներու մէջ, աշխարհի ուժային կեդրոններուն հետ: Պէտք է փորձենք ամէն ինչ ընել` խաղաղութիւնը ըստ կարելւոյն ամուր պահելու համար», շեշտեց ան:

Ըստ Վահրամ Բալայեանի, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն յայտարարութիւնը կը խախտէ մարդու հիմնարար իրաւունքները, տուեալ պարագային` Արցախի ժողովուրդին ազատ տեղաշարժման եւ զարգացման իրաւունքը:

Նախորդը

Այսօր Ազգային Ժողովը Պիտի Քննարկէ Գագիկ Ծառուկեանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Հարցը

Յաջորդը

Պարոն Վարչապետ, Երկիրը Կառավարելու Առաջին Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Չկրցաք Յաղթահարել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.