Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Յանձնարարեց Հատուցել Խափանարարական Արարքներէն Տուժածները

Յունիս 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անպաշտօն աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրած են յայտարարութիւն մը, թէ 25 յունիսին նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդարձակ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան, վարչապետին  ու խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետերու ու խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն: Ըստ այդ լուրերուն, հանդիպումը կը միտի մեղմացնել քաղաքական լարուածութիւնը:

Մինչ այդ երէկ առաւօտեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանոն:

Հանդիպումէն ետք Փանօ յայտնեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է Պէյրութի երեսփոխաններուն գումարած երէկուան նիստին արդիւնքներուն մասին:

Փանօ շեշտեց, որ նախագահ Աուն մօտէն կը հետեւի Կեդրոնական Պէյրութի առեւտրական շուկային հասած վնասներուն թղթածրարին`, աւելցնելով, որ ան յանձնարարած  է հատուցել բոլոր անոնք, որոնք տուժած են` Պէյրութի մէջ գործուած խափանարարական արարքներէն:

«Նախագահ Աուն յանձնարարած է նաեւ որդեգրել ապահովական այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կ՛արգիլեն մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ եւ Լիբանանի տարածքին խուլիկանութիւններ ու խափանարարական արարքներ գործելու ամէն կարելիութիւն: Նախագահ Աուն դարձեալ դատապարտեց Պէյրութը հարուածող այդ արարքները», ըսաւ Փանօ` աւելցնելով, որ հանդիպումը նաեւ առիթ եղած է, քննարկելու Էշրեֆիէի կարիքները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար, որուն հետ քննարկեց կրթական շարք մը հարցեր` ներկայութեան նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ կրթական մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են տնտեսական-ելեւմտական տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին ձգած ժխտական ազդեցութեան, որ համատարած էր` բոլոր մարզերուն պարագային:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կրթական տագնապի լուծման կարելիութիւնները կառավարութեան կողմէ կը քննուին` տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային բարեկարգումի ծրագիրի շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ որեւէ լուծում պէտք է նկատի ունենայ հիմնական երեք կողմերը` կրթական ընտանիքը, այսինքն` դպրոցը, ուսուցիչներն ու ծնողները, ինչպէս նաեւ պետութեան դերակատարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Եւ Հարիրի Ընդգծեցին Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Առաջնահերթութիւնը

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ  Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ  Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»

Դեկտեմբեր 10, 2025
Ռուսական Ծովուժի Ընդհանուր  Հրամանատարը Կը Յայտարարէ.  «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Հիւսիսային  Բեւեռին Մէջ Հաւանական Զինուորական  Բախումի Մը Կը Պատրաստուին»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Ծովուժի Ընդհանուր Հրամանատարը Կը Յայտարարէ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ Հաւանական Զինուորական Բախումի Մը Կը Պատրաստուին»

Դեկտեմբեր 10, 2025
Ըստ Պաքուի`  Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն  Նոր Փաստաթուղթը «Կը Հակասէ  Խաղաղութեան Օրակարգին»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Պաքուի` Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Նոր Փաստաթուղթը «Կը Հակասէ Խաղաղութեան Օրակարգին»

Դեկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?