Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմադիր Քաղաքական Ուժերուն Յայտարարութիւնը` Վերջին Զարգացումներուն Մասին

June 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Հայրենիք եւ Մէկ Հայաստան կուսակցութիւնները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուած են, որ խորհրդարանական մեծագոյն ընդդիմադիր քաղաքական ուժի` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, ինչպէս նաեւ ԲՀԿ տարածքային կառոյցներուն շուրջ ծաւալող իրադարձութիւնները ցաւալի վկայութիւն են այն իրողութեան, որ իշխանութիւնը պատրաստ է դիմելու որեւէ բնոյթի բռնաճնշումներու, որովհետեւ պատրաստ չէ եւ անկարող է բովանդակային երկխօսութեամբ հակադարձելու խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ հնչող հիմնաւորուած ու փաստարկուած քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ այսպիսով կ՛ուզէ սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանել եւ վարչախումբի կառավարչական ձախողութիւնները քօղարկել:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ ակներեւ է, որ ԲՀԿ նախագահին նկատմամբ քաղաքական դրդապատճառներով քրէական հետապնդումը ու անոր անձի վարկաբեկման արշաւը սկսաւ, երբ վերջինս հանդէս եկաւ կառավարութեան ամբողջական ձախողութեան եւ տապալման մասին քաղաքական գնահատականով ու կառավարութեան ամբողջ կազմի հրաժարականի պահանջով: Իսկ ասոր վառ վկայութիւնը Հայաստանի գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան քննարկումներն էին Ազգային ժողովին մէջ:

Յայտարարութեան համաձայն` տարուած ըլլալով ամբողջատիրական նկրտումներով եւ Նիկոլ Փաշինեանի բացարձակ իշխանութիւնը հաստատելու մոլուցքով, իշխանութիւնը մերժած է քաղաքական ընդդիմութեան կողմէ մեր պետութեան եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած խնդիրները միացեալ ուժերով լուծելու որեւէ նախաձեռնութիւն: Բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր երկրին մէջ բռնաճնշումներու, անհանդուրժողականութեան եւ ազգային պառակտումի այս մթնոլորտը Հայաստանի պետականութեան ընթացքը պիտի դնէ անկանխատեսելի սպառնալիքներու եւ կորուստներու վտանգին դէմ յանդիման:

«Կը պահանջենք գործող իշխանութիւններէն` դադրեցնել երկրին մէջ ճգնաժամը խորացնող ճնշիչ եւ անյապաղ վերադարձնել գործընթացները քաղաքական հարթութիւն:

«Կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն` համախմբուելու ազգային-պետական իրական օրակարգի շուրջ, համազգային համախոհութեամբ եւ ներուժով յաղթահարելու մեր պետականութեան ուղղուած մարտահրաւէրները», հաստատուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

«Սա Բոլոր Դիկտատորների Տրամաբանութեան Կարմիր Գիծն Է…» Վիգէն Բաղումեան

Յաջորդը

«Կը Հաւատանք Դատական Իշխանութեան Եւ Սադրանքներու Մէջ Պիտի Չներքաշուինք» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.