Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նոր Որակի Իշխանութիւն Կրնայ Ձեւաւորուիլ Միա՛յն Նոր Ընտրութիւններու Միջոցով»

June 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իրենց դիրքորոշումները կը յայտնեն եւ համախմբուելու կոչեր կ’ուղղեն` իշխանափոխութեան հասնելու նպատակով: Այս առումով Դաշնակցութիւնը եւս հանդիպումներ կ’ունենայ:

Այս գծով «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին գծով ընդդիմադիր դաշտի զանազան քաղաքական ուժեր տուած են գրեթէ նոյն գնահատականները. «Գրեթէ բոլորը կ’ըսեն նոյնը, որ երկրին մէջ կայ կառավարման ճգնաժամ, երկրին մէջ հարց կայ  եւ գործադիր իշխանութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ձախողած է: Ընդդիմադիր դաշտի բազմաթիւ կուսակցութիւններու գնահատականը գրեթէ նոյնն է, եւ անոր կողքին տարբեր քաղաքական ուժեր ստեղծուած իրավիճակէն ելքեր կ’առաջարկեն», յայտնեց ան:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի` Դաշնակցութիւնը այն տեսակէտը ունի, թէ համախմբումը պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ, որ պէտք է բխի Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին շահերէն,  եւ որուն թիւ մէկ շահառուն պէտք է ըլլայ ժողովուրդը: «Եթէ մենք շարունակենք այն ճամբով, որ այս փրկիչը ձախողած է եւ անհրաժեշտ է նոր փրկիչ, անձ, որ իր կախարդական փայտիկով կու գայ եւ երկիրը այս վիճակէն դուրս կը հանէ, մենք շատ արագ մեր ժողովուրդը կը տանինք հիասթափութեան, հետեւաբար համախմբումը պէտք է ըլլայ օրակարգային: Այդ օրակարգը կրնայ իրականացնել նոր որակի իշխանութիւնը, որ երկրին մէջ կատարէ համակարգային, ամբողջական բարեփոխումներ», շեշտեց ան:

Ըստ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին` նոր որակի իշխանութիւն կարելի է ձեւաւորել միայն նոր ընտրութիւններու միջոցով:

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Նման Յայտարարութիւններ Աւելի Կը Լարեն Իրավիճակը»

Յաջորդը

Ո՛չ Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Խախտման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.