Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Նման Յայտարարութիւններ Աւելի Կը Լարեն Իրավիճակը»

June 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի համազեկուցողներ Դրաիան Պասեսքուն, Ժելանա Զովքոն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի նախագահ Մարիա Քալիւրանտ 11 յունիսին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` քննադատելով Արցախը Հայաստանին կապող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը եւ շարք մը հակահայկական ձեւակերպումներ հնչեցուցին:

Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան «Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ նման յայտարարութիւնները ոչ թէ կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման եւ խաղաղութեան պահպանման, այլ նոր, աւելի լարուած իրավիճակ կը ստեղծեն:

«Այդ յայտարարութիւնը փաստ է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատասխանատուները շատ մը պարագաներու ճիշդ տեղեկութիւն չեն ստանար: Մեր հայրենիքին մէկ մասը կազմող այդ տարածքները, ուր  պէտք է երրորդ ճամբայ կառուցուի եւ Արցախի Հանրապետութիւնը կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ոչ մէկ կապ ունին բռնագրաւման հետ: Արցախահայութիւնը պայքարած է իր ազատութեան համար, Ազրպէյճանը պատասխանած է պատերազմով եւ արդիւնքը` մեր հայրենիքին մէկ մասը ազատագրած ենք: Հայրենիքի այս փոքր հատուածին մէջ այսօր կ՛ապրին Ազրպէյճանէն բռնի տեղահանուած հայութեան ներկայացուցիչները, եւ մենք` որպէս երկիր, պարտաւոր ենք այդ մարդոց համար ապրելու սովորական պայմաններ ստեղծել, իսկ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն այդ պայմանները ապահովել: Ատիկա մարդու իրաւունքներէն  բխող մօտեցում է», յայտնեց Վահրամ Բալայեան:

Ըստ անոր` Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը փորձէ եւրոպական կառոյցներուն մէջ անցընել տալ հակահայկական տարբեր բանաձեւեր, որոնց մեծ մասը ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն գործունէութեան իբրեւ արդիւնք կը չէզոքացուին, բայց Ազրպէյճանի լոպիական աշխատանքին պատճառով երբեմն նման հակահայկական մօտեցումներ կը հնչեն Եւրախորհրդարանի ամպիոնէն:

Բալայեան դիտել տուաւ, որ Արցախի չճանչցուած ըլլալու բերումով Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններ չեն կրնար աշխուժ գործունէութիւն ծաւալել, իսկ Հայաստանի պատասխանատու մարմինները բաւարար աշխատանք չեն տարած, որպէսզի նման սխալ տեղեկատուութիւնը մեզի վնասող հանգամանք չդառնայ:

 

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ . Արտակարգ Դրութիւնը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 13 Յուլիս

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նոր Որակի Իշխանութիւն Կրնայ Ձեւաւորուիլ Միա՛յն Նոր Ընտրութիւններու Միջոցով»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.