Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Հակահայ Վերջին Երեւոյթներուն Մասին Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

Յունիս 13, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ` 12 յունիսին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն յղեց անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հակահայ արտայայտութիւններուն եւ երեւոյթներուն վերաբերող նամակներ:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն փոխանցեց, թէ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 յունիսին ուղղակի սփռուած, Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին շրջանային քաղաքականութիւնը քննադատած զրոյց¬յայտագիրի մը ընթացքին ու անկէ ետք լիբանանահայութեան հասցէին բացայայտ սպառնալիքներ եւ բռնարարքներու կոչեր հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ: Գլխաւոր դերակատարը` Մարտինցիներու արաբ¬լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մունիր Հասան, Թուրքիոյ դրօշը յստակօրէն ցուցադրող տեսերիզ մը հրապարակելով, պարծեցաւ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեամբ: «Մենք, մեր օսմանցի նախահայրերն ու թուրքերը հպարտ ենք հայերուն դէմ մեր նախահայրերուն գործած ջարդով, որովհետեւ դուք արժանի էք: Դուք արժանի էք ջարդուելու, նուաստացուելու եւ մորթուելու», ըսաւ ան:

Ան հաւատարմութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին` ուղղակի կերպով սպառնալով զրուցավար Նշան Տէր Յարութիւնեանին եւ հայերու հասցէին յղելով նուաստացուցիչ ամբաստանութիւններ, որոնք թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան դասագիրքէն ուղղակի մէջբերումներ էին: Աւելի՛ն, ան «մարգարէացաւ», թէ շուտով ընկերային ցանցի եւ պատկերասփիւռի կայաններու վրայ լայն տարածում պիտի գտնեն հայերու դէմ ատելութեան խօսքեր. «մարգարէութիւն» մը, որ իրապէս ալ իրականացաւ:

Հայ դատի մարմինը նշեց, թէ այս հակահայ քարոզչութիւնն ու ատելութեան խօսքերը ինքնեկ չի նկատեր, այլ խթանուած, կազմակերպուած եւ վերահսկուած թրքական կառավարութեան կողմէ,  գործադրուած ձեռամբ անոր չարամիտ գործակատարներու, որոնք կը սնանին յարանուանական հակամարտութիւններով եւ տարածուած են Լիբանանի կարգ մը շրջաններու մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դատապարտեց բռնութեան ուղղակի կոչերը եւ ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան բացայայտ արտայայտութիւնները, «որոնք պէտք է մտահոգեն բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան խաղաղ գոյակցութեան Լիբանանի մը եւ զօրավիգ կը կանգնին քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներուն, պատմական արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու խօսքի ազատութեան: «Մենք` Լիբանանի նկատմամբ անսասան յանձնառութեամբ եւ լիբանանեան օրէնքին համաձայն պիտի գործենք` մեր համայնքը պաշտպանելու համար նման յարձակումներէ: Անկեղծօրէն կը յուսանք մեր այս նպատակի իրագործման մէջ ունենալ ձեր բարոյական զօրակցութիւնը»:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?