Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը` Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ ուղերձը յղեց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ Հայաստանում, Արցախում եւ սփիւռքում, Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի տարելիցն անցնում է համավարակի պարտադրած արարողակարգով: Սակայն մեր յարգանքի տուրքը մեր սուրբ նահատակների յիշատակին երբեք չի չափուել միայն Եղեռնի յուշահամալիր կամ Հայոց ցեղասպանութեան այլ յուշարձաններ այցելութեամբ: Մենք յիշում ենք մեր զոհերին մշտապէս ու ամէնուր` աշխարհում ուր էլ...

Լիբանանահայութիւնը Մոմավառութեամբ Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Լիբանանահայութիւնը Մոմավառութեամբ Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը աշխարհով մէկ այս տարի նշուեցաւ տարբեր ձեւով, ոչ աւանդական կերպով` բազմահազար մարդիկ հաշուող համախմբումներով, բազմերթ քայլարշաւներով եւ ոգեկոչման մարդաշատ ձեռնարկներով, որովհետեւ այսօր տարբեր են պայմանները` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Բայց եւ այնպէս հայութիւնը աշխարհով մէկ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պայմաններու պարտադրած ձեւերով հաստատեց, որ կը մնայ պահանջատէր եւ կառչած իր դատին: Լիբանանի մէջ եւս տարբեր չէ կացութիւնը, արդարեւ,...

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը,  Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը  Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նախագահ Աուն. «Արդարութիւնը Միակ Միջոցն Է Աւելի Մարդկային Աշխարհ Մը Կերտելու»

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ պատճառած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն յիշատակը մարդկութեան խղճին մէջ կը մնայ ամօթի կնիք մը: Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ մարդ արարածը...

«Արդարութեան Ջահը Պիտի Չմարի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Արդարութեան Ջահը Պիտի Չմարի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Դիմատետրի իր էջով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արդարութեան ջահը պիտի չմարի: Պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ բռնագրաւուած բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ Թուրքիոյ պատժումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելուն համար»: Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի մոմավառութեան մեկնարկը Պուրճ Համուտի հրապարակէն կատարելէ ետք, երեսփոխան Յ. Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին...

«Ո՛չ Մէկ Զիջում Մեր Ժողովուրդի Պահանջատիրական Պայքարէն»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ո՛չ Մէկ Զիջում Մեր Ժողովուրդի Պահանջատիրական Պայքարէն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերու տնօրէնները  հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` զրոյց-խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս համահայկական առումով  տարբեր մարզերու վերաբերող երեւոյթներուն մասին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան օրակարգային հետեւեալ կէտերը. Ա. Ներկայ համաշխարհային ճգնաժամային պայմաններուն մէջ կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը թէ՛ ներքին` վարչական, ժողովական եւ թէ՛ թեմերու հետ յարաբերութեան առումներով:...

Խմբագրական.  105-ը 100-ով Պայմանաւորուած.  Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Խմբագրական. 105-ը 100-ով Պայմանաւորուած. Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումը անպայման քաղաքական թելերով կը կապուի Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին: Այս փոխկապակցուածութիւնը կը նպաստէ նաեւ ճանաչումէն հատուցում անվերադարձ անցում կատարելու իրաւաքաղաքական որոշումին: Համազգային մակարդակով աշխատանքային նոր գերակայ ուղղութիւններ ճշդելու հրատապ օրակարգի առջեւ ենք: Մանաւանդ որ հռչակագրային-հայեցակարգային փաստաթուղթը իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց մշակած եւ ստորագրած ենք ազգովին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Խօսքը բնականաբար Համահայկական հռչակագիրին...

Ակնարկ.   Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

Ակնարկ. Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը մտահոգիչ է: Բանակցային սեղանին վրայ դրուած է Արցախի հակամարտութեան լուծման փուլային տարբերակը: Հայկական կողմը արտաքին գործոց նախարարի թէ Ազգային ժողովի արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահի ճամբով անուղղակի-ուղղակի կը յայտարարէ, որ որեւէ քննարկելի փաստաթուղթ չէ դրուած բանակցային սեղանի վրայ: Մինչ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումները` կողմերու մօտեցումները քննարկելու  ըսելաձեւով կը բացատրէ, յանձնախումբի նախագահը նախկին տարբերակներու տարրերուն գծով...

Արցախի Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

Արցախի Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

22 ապրիլին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վահրամ Բալայեան, Արթուր Մոսիեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ...

Նախագահ Յարութիւնեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Խուսափիլ Տագնապի  Իրական Կողմին Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններ Վարելէ»

Նախագահ Յարութիւնեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Խուսափիլ Տագնապի Իրական Կողմին Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններ Վարելէ»

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերահաստատեց, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան, որեւէ արդիւնաւէտ փուլի կարելի չէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Ան այս մասին գրեց Դիմատետրի իր էջին վրայ` մեկնելով հասարակութեան անհանգստութիւններէն` այս տագնապին շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ պարբերաբար տեղի ունեցող քննարկումներուն գծով: Ան հաստատեց, որ...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն. Յստակացում` Կարիքաւոր Ընտանիքներու Ցանկագրման Գծով

Տրուած ըլլալով, որ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ցանկագրումին համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցով հրապարակեց հեռաձայնային թիւեր եւ նկատի ունենալով  այս մասին քաղաքացիներու լուսաբանական հարցումները` քաղաքապետութիւնը կը կատարէ հետեւեալ յստակացումները. 1. Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրով կը զբաղի ընկերային հարցերու նախարարութիւնը: Այս գծով քաղաքապետութեան աշխատանքը սահմանափակուած է կարիքաւոր ընտանիքներու դիմումի ելեկտրոնային ցանկագրումով միայն: Ցանկագրուած դիմումները անմիջապէս կ'ուղարկուին պատկան նախարարութեան կեդրոնական համակարգիչին:...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Իշխանութենէն Կ՛ակնկալենք, Որ Համերաշխ Մթնոլորտ Ստեղծէ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Իշխանութենէն Կ՛ակնկալենք, Որ Համերաշխ Մթնոլորտ Ստեղծէ»

«Ա­զատ օր» հեռակայ կարգով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեա­նին հետ Մար­տի սկիզ­բը, ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ․ ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան։ Օ­րին, անդ­րա­դար­ձած էինք կատարուած կա­րե­ւոր հան­դի­պում­նե­րուն` ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնց­ մէջ յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րո­ւան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սին: ՅՏԽ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ նաեւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դէս գա­լու գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ` Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու այս փուլին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այսօրուան արտայայտած մօտեցումներուն առնչութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոն նաեւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հանդիպումէն ժամեր առաջ: Որեւէ լուծման բանաձեւի մէջ առաջնայինը պէտք է ըլլայ Արցախի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը.  «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Կը Կառչին  Կարծրատիպային Մօտեցումներու»

Մնացականեանը, Մամետիարովն Ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Միացեալ Յայտարարութիւն Ընդունած

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն մը ընդունած են: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին ըսուած է Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: 21 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրաբ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի առցանց հանդիպումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Անունով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Մերժէ Կանեփի Մշակման Օրինականացումը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Անունով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Մերժէ Կանեփի Մշակման Օրինականացումը

  21 ապրիլի խորհրդարանական նիստին հնդկական կանեփի մշակումը արտօնելու առնչութեամբ ներկայացուած առաջարկին քննարկումի օրակարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բուռն կերպով դէմ արտայայտուեցաւ անոր` զայն որակելով թմրեցուցիչի մշակման օրինականացում: Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Յիշողութեամբ կը վերադառնամ 2000 թուական, ինծի հետ նաեւ` ներկայ երեսփոխաններէն ոմանք, երբ պետութենէն պահանջուեցաւ փճացնել հաշիշի բոյսերը եւ հրկիզել դաշտերը: Պետութիւնը գործադրեց այս որոշումը, փոխարէնը առաջարկելով այլընտրանքային երկրագործութեան որդեգրում: Դժբախտաբար,...

Կո՛չ Հայ Երիտասարդութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Եւ Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակին Առիթով

Կո՛չ Հայ Երիտասարդութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Եւ Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակին Առիթով

Ցեղասպանութեան ժառանգորդ հա՛յ երիտասարդութիւն, Արդի պատմութեան խորագոյն վէրքերէն մէկը տակաւին կը մնայ կոտտացող: Այս տարի կ՛ոգեկոչենք 20-րդ դարու ամէնէն բարբարոս ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը: Հայ ազգի ֆիզիքական գոյութեան անվտանգութիւնը, հայրենիքի hողային տարածքի ամբողջականութիւնը եւ մեր անկախ պետականութեան անսասանութիւնը գերագոյն արժէքներ են, որոնց նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն դատապարտելի է, եւ զանոնք վերականգնելու ու հզօրացնելու իղձը` անյետաձգելի: Հայութեան դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան համար...

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

Երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի առցանց առաջին լսարանը, որուն նիւթն էր «Նոր աշխատակարգ եւ նորարար ձեւաչափեր»: Զրոյց-քննարկումը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներէն, տնտեսագէտ Մինաս Հանս Քէհէեանը, որ խօսեցաւ թեմային թէ՛ արհեստագիտական, եւ թէ բովանդակային ուղղութիւններուն մասին: Մէկուկէս ժամ տեւած լսարանին հետեւեցան Լիբանանէն, Քուէյթէն, Փաքիստանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն 30 մասնակիցներ: «Զում» ծրագիրի ճամբով առցանց լսարանները պիտի...

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 18 ապրիլին հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղեց Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին: «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր 26 շրջաններու 111 մասնաճիւղերուն անունով կը շնորհաւորէ Արցախի նախագահ ձեր ընտրութիւնը` մաղթելով, որ այդ ընտրութիւնը կը ծառայէ Հանրապետութեան զարգացման եւ Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման: «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը պաշտօնապէս մէկուկէս տարիէ կը գործէ Արցախի մէջ, սակայն Արցախն ու...

Մաղթում Ենք Գարնանաբոյր Տրամադրութիւն, Անսահման Սէր Ու Խաղաղութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 16 ապրիլին հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին: «Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր աշխարհացրիւ միաւորներով ու հազարաւոր անդամներով կը շնորհաւորէ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելու: «Լիայոյս ենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի աննկուն ժողովուրդը պիտի արձանագրեն նորանոր նուաճումներ, հաստատելով ընկերային ու տնտեսական արդար համակարգ, սատարելով Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան` յանուն համազգային մեր ընդհանրական շահերուն, Արցախի...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինը կառավարութեան աշխատանքն է, որ փաստած է իր յաջողութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակին դիմակայելու առումով, ինչպէս նաեւ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ առողջապահական...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Աշխարհը ամլացած է: Համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած է առնուազն մեր օրերուն համար աննախադէպ իրավիճակ: Համազգայինը անշուշտ անմասն չէ այս համաճարակին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած ընդհանուր կացութենէն եւ ըստ այնմ  պատշաճեցուցած է իր աշխատանքը, արագօրէն փոխած է իր աշխատելաոճը` միշտ կառչած մնալով իր սկզբունքներուն եւ տեսլականին, շարունակելով իր առաքելութիւնը: Հաւատարիմ իր կոչումին, կրթական մարզը համաճարակի առաջին օրերէն իսկ իր ճեմարաններով սկսած է հեռավար...

Page 443 of 797 1 … 442 443 444 … 797

Արխիւներ