Գլխաւոր լուրեր

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Վարչապետ Տիապի Հետ

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Վարչապետ Տիապի Հետ

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 13 ապրիլին այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն ներկայացուց նախարարութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած այս ճգնաժամային վիճակին մէջ նախարարութեան տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնց պիտի ձեռնարկուին յառաջիկայ օրերուն: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կառավարութեան աշխատանքին եւ գործունէութեան ընթացքին. այս ծիրին մէջ նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց աւելի արագ կերպով եւ ընդհանրական մասնակցութեամբ հարցերը...

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ,  Մի՛ Վախնաք»

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ըսեմ մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»: Արամ Ա. կաթողիկոս այս բառերով ողջունեց ու Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, յընթացս Ս. եւ...

«ԱԶԴԱԿ»-ի Յաւելուածներն Ու Բացառիկները՝ Թուայնացուած

«ԱԶԴԱԿ»-ի Յաւելուածներն Ու Բացառիկները՝ Թուայնացուած

«Ազդակ» իր հրատարակութեան առաջին շրջանէն իսկ տարբեր առիթներու եւ յոբելինական նշանակութիւն ունեցող տարեթիւերու հրատարակած է յաւելուածներ բացառիկներ։ «Ազդակ»-ի արխիւներուն մէջ պահուող այդ հրատարակութիւնները, որոնց բովանդակութիւնը հիմնականին մէջ յօդուածագրական եւ ուսումնասիրական է շրջան առ շրջան թուայնացուեցան։ «Ազդակ»-ի յարկին տակ գործող Ժ․Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի այս աշխատանքով կը համարուի «Ազդակ»-ի օրաթերթային յաւելուածական թէ բացառիկի ձեւաչափով լոյս տեսած հրատարակութիւններու թուանշային հաւաքածոն։ Կը մնայ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Յայտարարութիւնը` Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն 9 ապրիլին հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց` Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն առիթով.  «Ի գիտութիւն ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաղորդագրութիւնը ս. թ. մարտի 31-ին կայացած համապետական ընտրութիւնների պաշտօնական արդիւնքների վերաբերեալ եւ վերլուծելով ընտրական գործընթացին առնչուող տուեալներն ու տեղեկութիւնները, արձանագրում ենք. «Ընտրութիւնները տեղի ունեցան օրէնքով սահմանուած կարգով, ժամկէտներում, մրցակցային, բայց անհաւասար պայմաններում, սակայն ընտրութիւններին նախորդած զարգացումները...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 582-ի, Երեք Օրէ Ի Վեր Մահուան Պարագաներ Չեն Արձանագրուած, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 67-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 582-ի, Երեք Օրէ Ի Վեր Մահուան Պարագաներ Չեն Արձանագրուած, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 67-ի

Լիբանանի Կառավարութիւնը Յայտարարուած Ընդհանուր Զօրաշարժը, Երեկոյեան 7:00-էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 5:00 Կրակմարի Դրութիւնն Ու Երթեւեկի Նոր Օրէնքը Կ՛երկարաձգէ Մինչեւ 26 Ապրիլ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանեան պետութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ շուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնն ու երթեւեկի նոր օրէնքը, որուն հիման վրայ ինքնաշարժները երթեւեկի...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Երիտսասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնը, ուր ան իր ունեցուածքին մասին տեղեակ պահեց խորհուրդը:  

Երեսփոխան Բագրատունի Կ՛այցելէ Այնճար Եւ Զահլէ` Հետեւելու Տարուող Աշխատանքներուն Եւ Կոչով Կը Դիմէ Շրջանի Երբեմնի Բնակիչներուն` Զօրավիգ Կանգնելու Իրենց Շրջաններուն

Երեսփոխան Բագրատունի Կ՛այցելէ Այնճար Եւ Զահլէ` Հետեւելու Տարուող Աշխատանքներուն Եւ Կոչով Կը Դիմէ Շրջանի Երբեմնի Բնակիչներուն` Զօրավիգ Կանգնելու Իրենց Շրջաններուն

Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2020-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի կարգ մը ընկերներու, այցելեց Այնճար ու Զահլէ եւ հետեւեցաւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ տուեալ շրջաններու պատասխանատուներուն եւ կամաւոր տղոց տարած աշխատանքին: Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներուն հետ` ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին եւ փոխքաղաքապետին: Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան...

Չինաստանէն Հայաստան Պիտի Բերուի 120 Թոքերու Օդափոխման Սարք, 60 Հազար Քննիչ Մեքենայ

Չինաստանէն Հայաստան Պիտի Բերուի 120 Թոքերու Օդափոխման Սարք, 60 Հազար Քննիչ Մեքենայ

Փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Երեւանի օդակայանը վայրէջք պիտի կատարէ  պարէտատան նախաձեռնած յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուող Հայաստանի պետական միջոցներու հաշուոյն  ձեռքբերուած, Չինաստանի պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրաբերած բժշկական սարքաւորումներու խմբաքանակը` 120 հատ թոքերու արհեստական օդափոխման սարքեր, 2 թթուածինի մատակարարման կայան, 60.000 հատ քննիչ մեքենայ, 60.000 հատ...

Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ ՆԱՈՒՄ-ի` Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներու Ընտանիքներուն Օժանդակելու Ծրագիրը

Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ ՆԱՈՒՄ-ի` Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներու Ընտանիքներուն Օժանդակելու Ծրագիրը

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան»  ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու հետ միասին սկսած են Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու ընկերային առումով անապահով ընտանիքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրի մը: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներուն բաժին հասած է ծանրագոյն փորձութիւններուն դիմագրաւելու ճակատագիրը: Ճգնաժամը կը բախէ բոլորիս դռները: Բազմաթիւ մարդիկ ամէն...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Ջանայ Աւելցնել Հայաստանին Տրամադրուող Ամերիկեան Օժանդակութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Ջանայ Աւելցնել Հայաստանին Տրամադրուող Ամերիկեան Օժանդակութիւնը

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը պատրաստուի 225 միլիոն տոլարի յաւելեալ արտաքին օժանդակութիւն յատկացնել այլ երկիրներու` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին աջակցելու համար: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելով յայտնած է, որ գումարը նախատեսուած է ախտորոշման, կանխարգիլման եւ վերահսկման, ինչպէս նաեւ ազգային առողջապահական համակարգերու ուժեղացման: Ատիկա կրնայ նաեւ ծառայել պատրաստելու տարրալուծարաններ, որոնք պիտի զբաղին փորձարկումներով եւ բժշկական աշխատողներու...

Առողջապահութեան Նախարարը Ուղղուեցաւ Հիւսիսային Լիբանան` Այցելելով Պշարրէի, Զղարթայի, Թրիփոլիի Եւ Պաթրունի Կառավարական Հիւանդանոցները

Առողջապահութեան Նախարարը Ուղղուեցաւ Հիւսիսային Լիբանան` Այցելելով Պշարրէի, Զղարթայի, Թրիփոլիի Եւ Պաթրունի Կառավարական Հիւանդանոցները

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 575-ի, Իսկ Մահուան Պարագաները Մնացին 19 «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան կը շարունակէ իր քաղաքացիները յորդորել` իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու, «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ անհատական նախազգուշութիւններու դիմելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքները յարգելու: Հակառակ տիրող տնտեսական չափազանց ծանր կացութեան, լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն կողքին, լիբանանցիներուն գրեթէ 85-90 առ...

Նախարարներ Հասան, Հուպալլա Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Նախարարներ Հասան, Հուպալլա Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա եւ Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` 8 ապրիլին, այցելեցին Պուրճ Համուտ: Նախարարները` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դիմակներ պատրաստող գործարաններէն մէկը եւ ստուգեցին կատարուող աշխատանքը:                      

Ակնարկ.  Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Ակնարկ. Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Շ.Գ. Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրի առաջին վարակակիրի հաստատման լուրը անմիջապէս մտածել կու տայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի կայացման կամ չկայացման հաւանականութիւններուն մասին: Բնականաբար, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը, պետութեան գլուխի լիազօրութիւնները կը շարունակէ վարել պաշտօնավարման շրջանը աւարտող գործող նախագահը: Այստեղ կայ անշուշտ սուր հարց, այն առումով, որ պսակաձեւ ժահրին  պատճառով  երկրորդ փուլի հետաձգումը կամ առկախումը կրնայ թուականի անորոշութեան տանիլ ընդհանրապէս ընտրութեան...

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Երկրորդ Փուլը` 14 Ապրիլին. Ճշդուեցաւ Նորընտիր Պատգամաւորներուն Թուային Պատկերը

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Երկրորդ Փուլը` 14 Ապրիլին. Ճշդուեցաւ Նորընտիր Պատգամաւորներուն Թուային Պատկերը

«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, թէ 7 ապրիլ 2020-ին կայացաւ Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հերթական նիստը` յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի նախագահութեամբ: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց 31 մարտ 2020-ին կայացած Արցախի նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններուն արդիւնքներն ու անոնց վերաբերեալ որոշում տուաւ առ այն, որ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 548-ի, Մահերունը` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 548-ի, Մահերունը` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի

Արտերկրի Լիբանանցիներու Պէյրութ Փոխադրութեան Բ. Փուլը Եւս Յաջողութեամբ Ընթացաւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը երէկ շարունակեց նոյն ընթացքով: Երթեւեկի նոր օրէնքներուն գործադրութեան առումով շօշափելի էր քաղաքացիներուն կողմէ ցուցաբերուած յաւելեալ լրջութիւնն ու յանձնառութիւնը: Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 548-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, երէկ մահուան պարագայ...

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Դրուատիքով Կ՛անդրադառնայ ԼՕԽ-ի Դերակատարութեան

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Դրուատիքով Կ՛անդրադառնայ ԼՕԽ-ի Դերակատարութեան

Երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2020-ին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ  երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեց ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմէնճեան» խոհանոց, ուր լօխ-ականներ տարեցներու ճաշի պատրաստութեան աշխատանքը կը կատարէին: Այցելութեան ընթացքին երեսփոխան Թերզեան դրուատեց «Քորոնա» ժահրի տարածման այս տագնապալի օրերուն խաչուհիներու կատարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին: Դիմտատետրի էջին վրայ կատարած գրառումով մը երեսփոխան Յակոբ Թերզեան նշեց. «Շնորհակալութիւնը յայտնելը մեր նուզազագոյն պարտականութիւնն է...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Իր պատմութեան երկրորդ հարիւրամեակը թեւակոխած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, սկաուտական եւ մարզական միութիւն մը ըլլալու կողքին, իր հարազատ ժողովուրդին տագնապներով ապրող միութիւն մըն է: Ժողովուրդէն ծնած` ժողովուրդին համար գործող այս միութիւնը «Միշտ պատրաստ» սկզբունքով կը հասնի հո՛ն, ուր կարիքը կը զգացուի օժանդակութեան: Այսօր համայն մարդկութեան հետ տագնապահար է աշխարհասփիւռ հայութիւնը: «Քորոնա» ժահրին վտանգը ամէնուրեք ստեղծած է ահազանգային կացութիւն: Այդ...

Ազգային Վարժարաններու Կրթական Պատասխանատուներու Հանդիպում`  Առաջնորդարանին Մէջ

Ազգային Վարժարաններու Կրթական Պատասխանատուներու Հանդիպում` Առաջնորդարանին Մէջ

Երէկ կէսօրին, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի եւ Րաֆֆի Տէմիրճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունիի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի հետ: Հաւաքը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ ազգային վարժարաններուն կողմէ տարուող կրթական հիմնական աշխատանքները,  թէկուզ եւ անոնք կը...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Պատրաստ Է Ինքնապաշտպանութեան Անհրաժեշտ Գործողութիւններու»

Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի կողմէ 5 ապրիլի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն` նախարարութիւնը մտահոգիչ նկատած է այն, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Ուրբաթ` 3 ապրիլ 2020-ին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար` Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին` յորդորելով ջնջել տալ Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելի՛ն, յանձնախումբը կը պահանջէ տուն կանչել դեսպանը` իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքներուն...

Page 445 of 797 1 … 444 445 446 … 797

Արխիւներ