Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Խախտման

Յունիս 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի մէջ գործող իր բոլոր անդամ-կազմակերպութիւններուն անունով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Մարինա Քալիւրանտի, Դրաիան Պասեսքուի եւ Ժելեանա Զովքոյի յայտարարութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ նոր մայրուղիի շինարարութեան վերաբերեալ:

Դժբախտաբար, այսպիսի յայտարարութիւններ ոչ միայն վնասակար են խաղաղութեան գործընթացին համար, այլեւ կը խախտեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, տուեալ պարագային` Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժման եւ զարգացման իրաւունքը: Այս իրաւունքները անքակտելի են եւ ոչ մէկ ձեւով պայմանաւորուած են երկրին  կարգավիճակով: Այսպիսով այս յայտարարութիւնը վնաս կը հասցնէ Եւրոպական խորհրդարանի արժանահաւատութեան` իբրեւ  ժողովրդավարութեան պաշտպան:

Սոյն յայտարարութեան հեղինակները իրենց «աներեր աջակցութիւնը» կը յայտնեն ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին եւ հետեւաբար նաեւ` անոր հիմնարար սկզբունքներուն: Որքանո՞վ տրամաբանական է յայտարարել այս մասին եւ յաջորդ նախադասութեան մէջ պնդել, որ տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ:

Իւրաքանչիւրին համար, որ նոյնիսկ մակերեսային ծանօթութիւն ունի  բանակցային գործընթացին մասին, պարզ է, որ այս յայտարարութեան էութիւնը, փաստօրէն, կը խաթարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործադրած ջանքները եւ ամէն բան, որուն շուրջ ցարդ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:

Անկախ անկէ, թէ ատիկա նպատակաուղղուած եղած է, թէ ոչ, ներքուստ իրերամերժ այս յայտարարութիւնը, ցաւօք, բառացիօրէն կ՛արտացոլացնէ Ազրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը, որն է` լիովին մեկուսացնել Արցախի բնակչութիւնը: Դժբախտաբար, այս յայտարարութիւնը նաեւ կը խրախուսէ վարչակարգի մը ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութիւնը, որ յայտնի է խօսքի ազատութեան նկատմամբ բռնութեամբ, գայթակղութեամբ եւ լայնալածալ փտածութեան  մեքանիզմներով (Ազրպէյճանական լուացքատուն), ինչպէս նաեւ ժամանակակից ստրկութիւն խրախուսելով: Այս բոլորը պարբերաբար կը գրաւեն հետաքննող լրագրութեան յայտնի հարթակներու  ուշադրութիւնը:

Իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ` մենք վստահ ենք, որ Եւրոպական Միութիւնը արժէքներու վրայ հիմնուած միութիւն է: Մենք կը հաւատանք, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամները, այս պարագային այն հիմնական քաղաքական խմբակցութիւններէն, ինչպիսիք են ԵԺԿ-ն եւ ՍԴԱԱ-ն, պատասխանատու են եւ այդ արժէքները պահպանելու բարոյական պարտաւորութիւն ունին:

Հետեւաբար, մենք կոչ կ՛ուղղենք այս յայտարարութեան հեղինակներուն` զերծ մնալու ճնշման հռետորաբանութենէ, բնիկ ազգաբնակչութեան մեկուսացումը խրախուսելէ եւ փոխարէնը բարձրաձայնելու այն փաստը, որ Արցախի ժողովուրդը ներկայիս ստիպուած է համաշխարհային համաճարակը առանձինը յաղթահարել:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նոր Որակի Իշխանութիւն Կրնայ Ձեւաւորուիլ Միա՛յն Նոր Ընտրութիւններու Միջոցով»

Յաջորդը

Ազրպէյճան Պիտի Գնէ Թրքական Հարուածային Անօդաչու Սարքեր, Որոնք «Կրնան Օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ»

RelatedPosts

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ  Արշակ Արք. Խաչատրեան  Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով
Հայկական

Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին.  Գերմանիոյ Վարչապետը Կ՛ողջունէ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վերջերս  Արձանագրուած Յառաջընթացը»
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Գերմանիոյ Վարչապետը Կ՛ողջունէ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վերջերս Արձանագրուած Յառաջընթացը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?