Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է Ներազգային Համերաշխութեամբ Ճգնաժամի Յաղթահարումը` Նոր Որակի Իշխանութեան Ձեւաւորմամբ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յունիս 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան եւ ներքին զարգացումներու մասին «Երկիր»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ:

«Ե.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Քորոնա» համավարակին դէմ պայքարի այսօրուան վիճակը:

Յ. Տ. Խ.-  Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը` հիմնուելով իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու եւ մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը, անշուշտ, համաշխարհային փորձութիւն է` ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար: Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ կառավարութիւն լիարժէք պատրաստ էր այդ ծաւալի առողջապահական, տնտեսական, մարդկային, հոգեբանական, անվտանգային եւ այլ խնդիրներու դիմակայման: Բայց պետական հաստատութիւններու, կառավարութեան կազմակերպած աշխատանքն է, որ պարտ էր հնարաւոր դարձնել արագ արձագանգելը, համարժէք լուծումներ գտնելը` նախ կասեցնելով վարակի հետագայ տարածումը, ապա անոր դէմ արդիւնաբեր պայքար շղթայազերծելով: Ցաւօք, ճիշդ այս առումով Հայաստանի կառավարութիւնը թոյլ տուաւ լուրջ սխալներ, որոնց հետեւանքն է նաեւ այսօրուան մտահոգիչ ու վտանգաւոր իրավիճակը: Տակաւին կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը կը դրսեւորէ պետական մտածողութիւն ու անկէ բխող գործելաոճ: Հակառակ պարագային կ՛ունենանք անդառնալի կորուստներ, որոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը, անձամբ` վարչապետը:

«Ե.».- Բայց ամիսներ առաջ կ՛ահազանգէին մասնագէտները, քաղաքական ուժերը եւ անյետաձգելի միջոցառումներու առաջարկներ ու համապարփակ ծրագիրներ կը ներկայացնէին կառավարութեան:

Յ. Տ. Խ.- Ճիշդ էք: Բազմաթիւ առաջարկներ` ներկայացուած ՀՅԴ-ին, այլ քաղաքական կուսակցութեանց եւ մասնագէտներու կողմէ, իշխանութիւնը պարզապէս անտեսեց, իսկ երբ շարունակական պնդումներէ ետք փորձ եղաւ մասնակիօրէն նկատի առնել կամ ալ կիսատ-պռատ արձագանգել` արդէն ուշ էր: Արդիւնքը եղաւ այն, որ կառավարութիւնը ինքզինք զրկեց համաճարակին դէմ պայքարին առնչութեամբ մասնագիտական աջակցութենէ: Հակառակ այս մթնոլորտին, ՀՅԴ Բիւրոն համայն հայութիւնը մղեց հասնելու Հայաստանի օժանդակութեան. իր շարքերով, մարմիններով, ուղեկից կառոյցներով (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային), երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով առաջին օրերէն իսկ անցաւ աշխատանքի, կատարեց առաքումներ ու հաստատեց ծրագիրներ, այսօր ալ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը հասնելու Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն: Բնականաբար կ՛ակնկալէինք, որ, համահայկական պատրաստակամութեան պատեհ առիթը օգտագործելով, համախումբ մթնոլորտով, միասնական ճակատով եւ համայն ազգի միջոցներով կարողանանք պայքարիլ համաճարակին դէմ: Նման համախմբման նախաձեռնողը իշխանութիւնը ի՛նք պէտք էր հանդիսանար` խորհրդակցութեան հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ուժերը, որպէսզի համախոհութեամբ դիմագրաւուին ճգնաժամին մարտահրաւէրները: Իշխանութիւնը պարտ էր յայտնաբերել քաղաքական կամք` ամէն տարակարծութիւն մէկդի դնելով բոլորը համախմբելու, միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք համախոհութեամբ իրագործելու: Սակայն, ճգնաժամի այս օրերուն իշխանութիւնը չմնաց իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ: Իշխանութիւնը ոչ միայն ատոր չնախաձեռնեց, այլ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կատարեց պառակտիչ յայտարարութիւններ ու այլընտրանքային տեսակէտներու հանդէպ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներ ունեցաւ: Խորհուրդներուն անսալու, օգնութեան համար երկարած ձեռքը բռնելու, ձախող ընթացքէն հրաժարելու եւ սեփական սխալները սրբագրելու փոխարէն` անընդհատ փորձեց մեղաւորներ փնտռել: Եւ կրկին ականատես եղանք իշխանութեան կողմէ գռեհիկ ոճով ներքին թշնամիներ որոնելու եւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան: Իսկ վերջին զարգացումները արդէն կը վկայեն ընդդիմութիւնը լռեցնելու նպատակով գործադրուող բռնաճնշումներուն մասին:

«Ե.».- Նկատի ունիք վարչապետին ելոյթի որակումնե՞րը` ՀՅԴ-ին մասին:

Յ. Տ. Խ.- Ո՛չ միայն: Այսօր համատարած է իշխանութեան տեսակէտէն տարբերող խօսքի հանդէպ անհանդուրժողական վերաբերմունքը:  Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի այդ ելոյթին, ապա հոն հնչած արտայայտութիւնները թէ՛ բովանդակութեամբ, թէ՛ ձեւով, թէ՛ օգտագործուած բառապաշարով յարիր չէին պետութեան առաջնորդին, քաղաքական ղեկավարին: Բովանդակային քննադատութեան եւ յստակ առաջարկներուն նման ձեւաչափով պատասխանելը ոչ միայն քաղաքական սխալ է, այլ նաեւ լրջագոյն հիմնախնդիրներ դիմակայող հասարակութիւնը թուլցնող քայլ: Անթոյլատրելի, անընդունելի, վտանգաւոր քայլ: Ըստ երեւոյթին, վարչապետը չէ հասկցած կամ ալ դիտմամբ կը թերագնահատէ Դաշնակցութեան էութիւնը, ուժը, կամքն ու ոգին:

«Ե.».- Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ելքը:

Յ. Տ. Խ.- Նկատի առած ստեղծուած իրավիճակը, առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը եւ ազգային ուղեգիծին համապատասխան երկրի անվտանգ զարգացման ապահովումը: Իսկ այս բոլորը կ՛ենթադրէ նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորում:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?