Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Թրքական Յենարաններ Լիբանանի Մէջ

June 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան հեռատեսիլի կայանի յայտագիրին յաջորդած գրգռիչ ելոյթը կարելի է համարել անմիջական հակազդեցութիւն: Հետեւաբար` ոչ ծրագրուած սադրանք յառաջացնելու նախապատրաստուած մարտավարական քայլ:

Խնդիրը այս պարագային ընկերային ցանցերու վրայ շատ արագ բռնկումն է եւ հետզհետէ նաեւ այդ թեմաներու շահարկումը հոգեւոր -հասարակական կեդրոններու կողմէ:

Այս արդէն կը նշանակէ, որ պարարտ հող ձեւաւորուած է Թուրքիան հարուածող որեւէ տեղեկատուական քայլի դիմաց վայրագ հակայարձակում կազմակերպելու:

Նման ենթահողի ձեւաւորուած ըլլալուն մասին բազմաթիւ նախադրեալներ դրսեւորուած էին արդէն: Բաւական ետ երթանք եւ յիշենք, թէ ինչպէս Անգարան առաջինը ինքնառաջադրուեցաւ մաս կազմելու հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայման որոշումի գործադրութեան: Այնուհետեւ, կրթական հաստատութիւններու վերանորոգութիւն, հիւսիսի թիւրքմէն ազգաբնակչութեան բացայայտ հովանաւորչութիւն կատարելու բազմաթիւ օրինակներ, Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանի մագոգային այցելութիւններ, հարաւի մէջ դարմանատուներու կառուցում: Ակադեմական մակարդակի վրայ տարբեր համալսարաններու հետ պայմանաւորուածութիւններ` արխիւային համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու, թուրք դասախօսներու գործուղում: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան Պէյրութի մասնաճիւղի բացում, թրքերէն դասընթացքներու յայտարարութիւն եւ ուսանողներու հաւաքագրում: Հաւաքագրում նաեւ օսմանցիներու շառաւիղներուն` քաղաքացիութիւն շնորհելու փաստով, եւ փայլուն ուսանողներու դիմաց Թուրքիոյ տարբեր համալսարաններուն դռներու բացում:

Առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած քարոզչական քաղաքակիրթ բողոքը կ՛արժանանար Թուրքիոյ դեսպանի անվտանգութեան կցորդներու եւ անոնց կողմէ գործուղուած տարրերու բռնի հակազդեցութեան: Այնուհետեւ, ապրիլ քսանչորսեան ձեռնարկներէն ետք, պատերուն վրայ  յամեցած Թուրքիոյ ժխտողական դիմագիծը բացայայտող կարգախօսերուն ջնջումը պահանջող թուրք դեսպանին բողոքագիր` յղուած Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Այս բոլորը նախանիշ էին, որ Անգարան որոշած է հակազդել  իրեն դէմ կատարուող իւրաքանչիւր քարոզչաքաղաքական գործողութեան:

Շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը` Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի նշումներու ազդանշանը տուող: Այնտեղ իրերը կոչուեցան իրենց անուններով: Նախագահը ոչ միայն ընդգծեց օսմանեան կայսրութեան ջարդարար դիմագիծն ու սովամահութեան կանխամտածուած ծրագրաւորումը, այլ նաեւ շեշտեց այս բոլորին մասին իրազեկել հանրութիւնը, նոր սերունդը:

Անգարան հակազդեց բարձրագոյն դիրքերէ: Թուրք դեսպանին պարտականութիւն տուաւ այցելելու Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին, բողոքելու եւ պետութեան դիրքորոշումը վերանայելու` պատմական նման գնահատական կատարելու առումով:

Իրավիճակ փոխուած էր: Անգարան արդէն Լիբանանի մէջ յենարան ունէր նման բարձրաձայնումներ կատարելու, բողոքելու, սրբագրութիւն պահանջելու: Յենարանները ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող լուտանքային գրականութիւն մշակողները չէին անշուշտ: Աթաթուրքի արձանի կանգնեցումը ծրագրողներն էին, թրքական մշակոյթը Լիբանանի մէջ տարածողները, նորօրեայ օսմանցիները, քաղաքացիութիւն ստացողները եւ յատկապէս Լիբանանի  տնտեսութեան մեծ դռներէն մուտք գործած տնտեսուժի ներկայացուցիչները:

Անգարայի համար հիմա պահն է նաեւ լիարժէք շահարկելու կրօնական գործօնը: Ցեղասպանութեան իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերակցութիւնը ուրիշ ձեւով կը ներկայացուի` լուսարձակի տակ բերելու համար քրիստոնեայ հայերու կիրարկած «դաւաճանական քաղաքականութիւն»-ը օսմանեան կայսրութեան իսլամ ղեկավարութեան դէմ: Դասական թէզերն են` նորացուած տեսքերով, որոնք կամովին կը ներկայացուին լիբանանեան տարբեր շրջանակներու կողմէ:

Կան անշուշտ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական դրդապատճառներ: Թեհրան-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներէն սկսեալ մինչեւ սիւննի զանգուածին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու արտաքին քաղաքականութեան պարունակին մէջ տարբեր արաբական պետութիւններու հետ մրցակցութեան եւ շահերու բախման երեւոյթներու դրսեւորումները: Այս բոլոր գործընթացներուն մէջ հայկական գործօնը, ի շարս այլ թեմաներու,  շահարկման նիւթ է:

Խնդիրը տարածաշրջանային հնչեղութիւն ու տարողութիւն ունի եւ հայկական գործօնը թիրախաւորելու նպատակ չի հետապնդեր միայն: Իբրեւ լիբանանահայութիւն, սակայն, գործ ունինք հակառակորդի հետ, որ լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերուն վրայ ձեռք բերած է որոշակի ազդեցիկութիւն: Համահայկական օրակարգերու մշակման եւ հետապնդման մեր աշխատանքներուն մէջ այս հանգամանքները նկատի ունենալով նոր ռազմավարութեան եւ աշխատանքի նոր ոճի որդեգրման անհրաժեշտութիւն կը զգացուի:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանահայը Լիիրաւ Լիբանանցի Քաղաքացի Է, Եւ Ասիկա Սակարկելի Չէ՛

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.