Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տխուր Զուգահեռներ

Յունիս 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան էական իրաւադրոյթներէն կը նկատուի հակակշիռ գործողութիւններու օրէնսդրական դաշտին մէջ ձեռնարկելու կարելիութեան ընձեռումը:

Սկսեալ` անկախ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահոված արդիւնքներէն, ընդդիմութեան համար նախօրօք ճշդուած չափաբաժինէ մինչեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնաբաժիններու ամրագրումը:

Բոլորը նպատակ ունին պետական համակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումը եւ այդ առաջադրանքին հասնելու համար հակակշռող պետական հաստատութիւններու կայացումը: Այսպէս է պարագան եւրոպական շատ մը երկիրներու եւ պատահական չէ անշուշտ, որ բարեփոխուած սահմանադրութիւնը իր յօդուածները համաձայնեցուցած է Վենետիկի յանձնաժողովին հետ` դէպի Եւրոպա մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան պարունակը նկատի ունենալով:

Հետեւաբար, ընդդիմութեան կայացումով եւ հակակշիռ գործողութիւններու պետաիրաւական մակարդակի որդեգրումով մեր երկիրը կ’աշխատէր իրականացնել  նաեւ արտաքին առումով ռազմավարական շատ լուրջ առաջադրանք:

Ընդդիմութիւնը պետականութեան մաս կը կազմէ եւ անհրաժեշտ գործօն է նաեւ իշխանութիւններուն համար. մանաւանդ այս պարագային, երբ ռուսական կախեալութեան եւ արեւմտեան թափանցումներուն արանքին մէջ Երեւանը հետեւողականօրէն կը փորձէ թիավարել դէպի Եւրոպա:

Ուրեմն ո՛չ միայն իբրեւ մարդու իրաւունքներու տեսակէտէն արժէք` ժողովրդավարացումը, որ նաեւ հակակշիռ գործառոյթ իրականացնող ընդդիմութիւն կ’ենթադրէ, սահմանադրականութիւն բովանդակող հասկացողութիւն է եւ այս պարագային արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնադրոյթ:

Ընդդիմութեան չէզոքացման միտող որեւէ  քայլ, այս տրամաբանութենէն մեկնելով, հակասահմանադրական է եւ ըստ էութեան հակապետական նաեւ` նկատի ունենալով արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութենէն շեղելու փաստը:

Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանական է. ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ քննադատելով գործադիրը հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնելու գործառոյթը կը վերապահէ ինքն իրեն աներկբայ ձեւով:

Բայց երբ, արտակարգ պայմաններու մէջ ժողովրդային գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ կը կայանան ընտրութիւններ, միակուսակցականութիւնը գերակշիռ կը դառնայ եւ ընդդիմութեան դերը կը նուազի, թէկուզ  գործող սահմանադրութեան ճշդած իրաւադրոյթներով:

Այս պայմաններուն մէջ հակակշիռ գործընթացներ ապահովելու համար դեր պէտք է տրուի արտախորհրդարանական ուժերուն: Ներկայ ճգնաժամը կը թելադրէր նկատի ունենալ հրապարակուած մասնագիտական թղթածրարները, արձագանգել կատարուած յայտարարութիւններուն, այնտեղ երեւցած համագործակցութեան կոչերուն, առարկայական գնահատական տալ  քննադատութիւններուն:

Երբ քննադատութիւնները կամ խորհրդարանի արտահերթ նիստ գումարելու կոչերը կը դիմաւորուին սուիններով, յատուկ բառապաշարով` «բացիլ», «քաղաքական մահ», «քաղաքական գերեզմանաքար» ըսելաձեւերով, երբ ժողովրդավարական կարգերուն յանձնառու մնալու բարձրաձայնումներով յիշեցում կը կատարուի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ նոյն պայմաններու մէջ խուճապ ստեղծողներուն եւ հրամանատարը քննադատողներուն դէմ, տխուր յիշատակներ կ’արթննան եւ առաջին նախագահին ոճը, ընդդիմութեան հետ վարուելու եղանակն ու հեգնանքը տեսանելի կը դարձնեն: Մանաւանդ որ առաջին նախագահը «դաւաճանութիւն» կ’որակէր նման պայմաններու մէջ իշխանութիւններուն դէմ պայքարիլը:

Ոճի եւ վարքագիծի փաթեթաւորուած վերարտադրումի համապատասխան որակումներ, վերագրումներ եւ մօտեցումներ առարկայացան, երբ վարչապետը պատասխանեց Դաշնակցութեան կատարած քննադատութիւնը մէջբերող լրատուամիջոցի հարցումին:

Դրական հետեւողականութիւնը այս պարագային Դաշնակցութեան մօտ պէտք է փնտռել, որ չի դիմեր նման բառապաշարի, չ՛որդեգրեր մերժողականութիւն, չ՛անտեսեր իրեն ուղղուած առաջարկները եւ այս պարագային վիրաւորանքին չի հակազդեր նոյն ոճով:

Գործը եւ այս պարագային սահմանադրութեան ամրագրած ընդդիմութեան դերակատարութեան բարձրացման առաջադրանքը պէտք է գերակշիռ մնան. իսկ յաւելեալ ժողովրդավարացման համար աշխատիլը առաջնային. բացառապէս քաղաքակրթուածութեամբ ու կառուցողականութեամբ յատկանշուելով:

Նախորդը

Նոր Ժամանակներու Ճեմարանը

Յաջորդը

Արեւմտահայերէն Զարթօնք 2.0

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?