Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Էշրեֆիէ Եւ Մար Մխայէլ

Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Էշրեֆիէ Եւ Մար Մխայէլ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած քանդումները ստուգելու եւ հայահոծ շրջաններու բնակիչներու վիճակին ծանօթանալու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի, այցելեցին Մար Մխայէլի եւ Էշրեֆիէի` նիւթական վնասներու ենթարկուած եւ վիրաւորուած հայորդիներուն բնակարանները, խանութները: Այցելութիւններուն նպատակն էր գետնի վրայ գնահատումը կատարել...

«Ժողովուրդիս Հետ,  Ժողովուրդիս Համար»

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»

4 օգոստոսին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը մեծ աղէտ մըն էր մայրաքաղաք Պէյրութի բնակիչներուն համար, որոնք ենթարկուեցան մարմնական թէ նիւթական վնասներու, պայթումին հետեւանքով եղան հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ: Ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը  ահաւոր էր, սակայն աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալը չափազանց անհրաժեշտ էր: Հազարաւոր բնակարաններու եւ կառոյցներու նման  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն ալ կրած է վնասներ, բայց հակառակ իր...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 1. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլի աշխատանքներուն բնոյթն ու ընթացքը: Ներկայացուցչական հանգամանքով, նշեալ մարմինի աշխատանքներուն կը մասնակցին. - Հայ առաքելական համայնքէն` Գառնիկ Մկրտիչեան - Հայ կաթողիկէ համայնքէն` Արամ Գարատաղլեան - Հայ աւետարանական համայնքէն` Ներսէս Պաղտոյեան - Հայ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումի հետեւանքով անդառնալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական աննկարագրելի  վնասներ կրած են մայրաքաղաք Պէյրութն ու անոր արուարձանները, ներառեալ հայահոծ շրջաններ, ուր կը գործեն Լիբանանահայ բազմաթիւ կառոյցներ, որոնց շարքին Համազգայինի Կեդրոնական կամ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններու հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները։ Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան համար որոշ գաղութներու մէջ կազմակերպուած են զանազան դրամահաւաքներ։ Իսկ Համազգայինը իր կարգին ձեռնարկած է միացեալ դրամահաւաքի, Համազգայինի...

Հէյլ, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը, Էրտողանի Անձնական Ներկայացուցիչը Եւ Զարիֆ` Լիբանանի Մէջ

Հէյլ, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը, Էրտողանի Անձնական Ներկայացուցիչը Եւ Զարիֆ` Լիբանանի Մէջ

Խորհրդարանը Երկարաձգեց Պէյրութի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները` մարդկային ու նիւթական վնասներ արձանագրելու, եւ հոգեկան ցնցում, ցաւ ու յուզում յառաջացնելու իմաստով, տակաւին կը շարունակեն յամենալ: Նաւահանգիստին մէջ հետախուզական ու որոնողական աշխատանքներն ու քրէական փաստահաւաքներու գործունէութիւնը կը շարունակուի: Որոնողական աշխատանքներու ծիրին մէջ նախանցեալ գիշեր եւ երէկ կէսօրին կարելի եղաւ աւերակներուն տակէն եւ ծովէն դուրս բերել քաղաքայիններու յաւելեալ դիակներ: Քաղաքացիական...

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի Աշխատանքներուն

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի Աշխատանքներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Պէյրութի երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ Մտաուարի հայ թաղապետներուն, երէկ կէսօրին այցելեց Քարանթինայի շրջանի բնակիչներուն եւ ականատես եղաւ արձանագրուած քանդումներուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն: Անցնող օրերուն, թէ՛ շրջանի ընկերները եւ թէ՛ թաղապետները արդէն իսկ անհրաժեշտ անմիջական դասաւորումները կատարած ըլլալով, բնակիչներուն հետ երկրորդ փուլի աշխատանքներուն մասին ծրագրում կատարուեցաւ: Շրջանի պատասխանատուներուն փոխանցուեցաւ, որ հետեւողական կերպով անհրաժեշտ...

10 Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը.  Անհրաժեշտ Է Արդիականացնել Սեւրի Հաշտութեան  Պայմանագիրի Միջազգային Ազդեցութիւնը

10 Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը. Անհրաժեշտ Է Արդիականացնել Սեւրի Հաշտութեան Պայմանագիրի Միջազգային Ազդեցութիւնը

Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան 10 կուսակցութիւններ տարածած են միասնական յայտարարութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ. Յայտարարութիւն` Սեւրի Պայմանագրի 100-ամեակի Առիթով 2020 թուականի օգոստոսի 10-ին լրացաւ Սեւրի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակը: 1920 թուականի օգոստոսի 10-ին Առաջին համաշխարհային պատերազմում յաղթանակ տարած Դաշնակիցների եւ Թուրքիայի միջեւ ստորագրուած պայմանագիրը լուծում էր միանգամից մի քանի տարածաշրջանների կնճռոտ քաղաքական հարցերը, իսկ Թուրքիային` իբրեւ Աշխարհամարտում պարտուած...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Կառավարութեան Կազմութեան Կիսապաշտօնական Խորհրդակցութիւնները Սկսան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները տակաւին ծանր կ՛ազդեն ամբողջ երկրին վրայ: Մայրաքաղաքը սուգի մէջ է, հակառակ անոր որ մեծ ճիգեր ու ջանքեր ի գործ կը դրուին կեանքի չնչին նշոյլներ ստեղծելու նպատակով: Մինչ Մոզամպիքի կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ ինք պատասխանատու չէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, լիբանանցիներուն առօրեային մէջ 4 օգոստոսի պայթումին ցնցումի ալիքները ամէնուրեք առկայ են: Մինչ մարդիկ...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

«Աննախընթաց Վիճակ Կը Տիրէ Լիբանանի Մէջ, Եւ Իւրաքանչիւր Հայու Սիրտ Պէտք Է Բաբախէ Միայն Լիբանանահայութեան Համար» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Պէյրութի ահաւոր պայթումէն ետք, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն եւ առհասարակ Լիբանանի քաղաքական-ընկերային իրավիճակին մասին «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի աշխատակազմէն Կարէն Ղազարեան երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին հեռաձայնային անջատ զրոյցներ ունեցած է կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Այս առիթով «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հայ համայնքը...

Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու  Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

«Սարդարապատ» Կոմիտէութեան Շրջան 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ծիրին մէջ գտնուող թաղամասերը ենթարկուեցան ամէնէն ծանր վնասներուն: Վնասներուն մեծագոյնը արձանագրուեցաւ «Արաքս», «Արմենիա», «Աբրահամ Աշճեան», «Մարաշ» պողոտաներուն եւ շրջանի փողոցներուն մէջ:  «Կիլիկիա» թաղամասը համեմատաբար աւելի թեթեւ վնասներ կրեց: Այս շրջաններուն մէջ արձանագրուած են մօտաւորապէս 125 վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը շուկայի անցորդներ եւ խանութպաններ են` տրուած ըլլալով, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց Լիբանանի Ժողովուրդին Եւ Հայ Համայնքին Հայաստանի Հանրապետութեան Կողմէ Կատարուած Օժանդակութեանց Համար

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւեր Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար` Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին: Երեկոյեան, վեհափառին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպանը զեկուցում մը տուաւ վեհափառ հայրապետին Հայաստանէն հասած պատուիրակութեան հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օր

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, կիրակի, 16 օգոստոսը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն կը կատարուի եւ ապա ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մամլոյ Բանբերը Անդրադարձած Է Թուրքիոյ Յայտարարութեան

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մամլոյ Բանբերը Անդրադարձած Է Թուրքիոյ Յայտարարութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի 100-ամեակի յիշատակման առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան: «Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի 100-ամեակի յիշատակման առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ երկրի անկարողութիւնը`  առերեսուելու իր անցեալին հետ: Զարմանքի  արժանի է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ առիթ չի...

Պէյրութ Կը Սգայ Իր Զոհերը.  Նախնական Խորհրդակցութիւններ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Պէյրութ Կը Սգայ Իր Զոհերը. Նախնական Խորհրդակցութիւններ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն շաբաթ մը ետք երկրին մէջ կը տիրէ անմխիթար իրավիճակ: Պայթումին պատճառով տակաւին մեծ թիւով անյայտ կորսուածներ կան, իսկ ծանրօրէն վիրաւորուած պարագաներէն ամէնօրեայ դրութեամբ զոհեր կ՛արձանագրուին: Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասած է 171-ի, իսկ անյայտ կորսուածներուն թիւը կը տարուբերի 30-40-ի միջեւ: Նախարարութեան համաձայն, 6000 վիրաւորներէն 1500-ը բծախնդիր բժշկական խնամքի կը կարօտին, իսկ 120-ը կը գտնուին...

«Կառավարութեան Հրաժարականէն Ետք Մուտք Գործած Ենք Մութ Փապուղիի Մը Մէջ »  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կառավարութեան Հրաժարականէն Ետք Մուտք Գործած Ենք Մութ Փապուղիի Մը Մէջ » Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ քըլ Լըպնան» ռատիոկայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք մուտք գործած ենք մութ փապուղիի մը մէջ: «Նկատի ունենալով կառավարութիւններ կազմելու նախկին փորձառութիւնները, կը նախատեսենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը այդքան ալ արագ կարելի չըլլայ կատարել», ըսաւ ան: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը նոր փուլի շրջագիծին մէջ պէտք է...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Մար Մխայէլի Մէջ Բնակող Հայորդիներու Վնասուած Բնակարանները

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Մար Մխայէլի Մէջ Բնակող Հայորդիներու Վնասուած Բնակարանները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամէնէն շատ վնասուած շրջաններէն Մար Մխայէլ` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի: Մեծ թիւով հայերու բնակութեան վայր հանդիսացող Մար Մխայէլի մէջ երեսփոխան Բագրատունի նախ վկայեց շրջանին մէջ արձանագրուած նիւթական հսկայական վնասներուն եւ աւերին: Այնուհետեւ Բագրատունի այցելեց նաեւ շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու վնասուած բնակարանները:...

Բագրատունի Ընդունեց Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը

Բագրատունի Ընդունեց Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կիպրոսէն հասած բժշկական-մարդասիրական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի: Պատուիրակութիւնը հասած է Լիբանան` բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու աղէտեալներուն: Հանդիպումէն ետք, Թէոխարուս պատրաստակամութիւն յայտնեց դեղորայքի եւ կաթնեղէնի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչին: Տեղին է յիշել, որ բժիշկ երեսփոխանը 40 անգամ այցելած է Արցախ եւ կը նախագահէ Եւրոպական...

Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին Առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. Միացեալ Յայտարարութիւն

Այսօր կը լրանայ Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան` Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւրամեակը:   Սեւրի դաշնագիրը միակ դաշնագիրն է, որ ստորագրուած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայկական կողմի ազա՛տ կամքով: Սեւրի դաշնագիրը ո՛չ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ իբրեւ պատասխանատու նախօրէին անոր գործադրած պատերազմի օրէնքներու դէմ ոճիրներուն համար, ո՛չ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ քայլեր` այդ ոճիրին գործադրութեան անմիջական մասնակիցները...

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Այսօր Առաջնահերթ Խնդիրը Լիբանանահայութեան Վերականգնումն Է Երկուշաբթի, 10 օգոստոս առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմանդրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար...

Նախագահ Սարգսեան. «Սեւրի Պայմանագիրը Այսօր Ալ Կը Մնայ Կարեւոր Փաստաթուղթ` Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքին Առումով»

Նախագահ Սարգսեան. «Սեւրի Պայմանագիրը Այսօր Ալ Կը Մնայ Կարեւոր Փաստաթուղթ` Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքին Առումով»

Սուրիական «Ալ Ազմինա» թերթը հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը: Ստորեւ կը հրապարակենք Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակին վերաբերող թերթին հարցումներն ու նախագահ Սարգսեանին պատասխանները: «ԱԼ ԱԶՄԻՆԱ».- Պարո՛ն նախագահ, 10 օգոստոսին կ՛ամբողջանայ Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին ստորագրուած էր մէկ կողմէ Անտանտի յաղթող 13 երկրի, միւս կողմէ պարտուած Օսմանեան կայսրութեան միջեւ:...

Page 422 of 797 1 … 421 422 423 … 797

Արխիւներ