Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Այս Պատերազմը Շարունակութիւնն Է 1915-ի Ցեղասպանութեան` Ուղղուած Աշխարհասփիւռ Համայն Հայ Ժողովուրդին Դէմ»

October 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք այս պատերազմը կը նկատենք շարունակութիւնը Ցեղասպանութեան, ուղղուած` աշխարհասփիւռ համայն հայ ժողովուրդին դէմ, աւելի մեծ` քան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող պարզ յարձակումը, եւ իսրայէլեան բացայայտ ու բացարձակ զօրակցութեամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի 5 հոկտեմբերի երեկոյեան` նշելով, որ «ազրպէյճանական զինամթերքի 60-70 առ հարիւր համեմատութիւնը իսրայէլեան արտադրութիւն է»:

Լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ չորս օրեր առաջ իսրայէլեան երկու օդանաւեր Թել Աւիւէն զինամթերք փոխադրեցին դէպի Ազրպէյճան, եւ մասնագէտ պատասխանատուներ կը գտնուին ազրպէյճանական սպայակոյտին մէջ: «Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ երրորդութիւնը կը կազմէ շրջանին մէջ չարիքի առանցքը», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի:

Պատերազմին մէջ լիբանանահայ կուսակցական տարրերու մասնակցութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Բագրատունի ըսաւ. «Անհատական առումով` այո՛, կան երիտասարդներ, որոնք կ՛երթան կամաւոր կերպով զինուորագրուելու: Սակայն կուսակցական իմաստով որեւէ որոշում չկայ, ոչ իսկ քաջալերանք այս գծով, ու թերեւս մեր տղաքը քննադատեն մեզ մեր այս կեցուածքին համար»: Լիբանանեան պետութենէն իր ակնկալութեան գծով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Մենք գիտենք լիբանանեան պետութեան առանձնայատուկ կեցուածքը այս գծով ու ինքնամեկուսացումը կամ կրաւորական կեցուածքը կապ չունի իրաւունքի եւ արդարութեան հետ»: «Ինչպէս որ Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ կը զօրակցի լիբանանեան ու արաբական հարցերուն, վստահաբար կա՛ն երեսփոխաններ ու նախարարներ, որոնք ծածուկ թէ բացայայտօրէն կը զօրակցին մեզի, վստահաբար կ՛ակնկալենք նաեւ  լիբանանեան պետութենէն, որ աւելի յառաջացած կեցուածք ցուցաբերէ Արցախի գծով», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

 

Նախորդը

«Կովկասեան Ու Միջերկրականեան Շրջաններուն Մէջ Լարուածութեան Ուժեղացման Մէջ Թուրքիոյ Խաղացած Դերը Վատ Աւարտ Պիտի Ունենայ Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

Յաջորդը

Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Ու Հայաստանի Քաղաքական Նկատառելի Նշանակութեամբ Հաւաք` Ալֆորվիլի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.