Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:
Նշուած է, որ շարունակուած են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուած առճակատման սրուելուն շուրջ, որ լայնածաւալ բնոյթ ստացած է եւ կը յանգեցնէ լուրջ կորուստներու երկու կողմերուն մէջ, այդ կարգին` քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերու:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է զինուորական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:



