Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Մուշեղեանին Վերջին Հրաժեշտը Տրուեցաւ

Հոկտեմբեր 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան փողոցը սովորականէն աւելի մարդաշատ էր. ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի գրասենեակէն, ուր 27 սեպտեմբերին ռազմաճակատ մեկնած էր ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեանը, կուսակից ընկերները զայն ճամբեցին յաւերժի ճամբով:

Գեղամ Մուշեղեանը` ընկեր Գեղամը, արցախեան ռազմաճակատին վրայ` թշնամիին դէմ մարտերուն, հերոսաբար զոհուած է 4 հոկտեմբերին, իսկ այսօր ազատամարտիկի աճիւնը ամփոփուեցաւ հերոս զինակից ընկերներու կողքին` «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ:

«Ընկեր Գեղամը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի, ասիկա գիտակցուած անձնազոհութիւն էր` յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան: Ընկեր Գեղամը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին առաջնորդուած է նշանաբանով` յանուն հայրենիքի: Արցախեան վերջին 3 պատերազմներուն ալ ունեցաւ իր մասնակցութիւնը: 1991-94 թուականներուն մասնակցեցաւ արցախեան ազատամարտին, մասնակցութիւն ունեցաւ Մարտակերտի ազատագրման: 2016-ի ապրիլին հայրենիքը կրկին վտանգի մէջ էր, իսկ ընկեր Գեղամը Դաշնակցութեան գումարտակի հետ սահմանին էր», հրաժեշտի իր ելոյթին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու բնորոշեց, որ հայրենասիրութիւնը ընկեր Գեղամին համար գործ էր, ան  ատիկա ապացուցեց իր կեանքով` միանալով Շահէն Մեղրեանին, Թաթուլ Կրպէեանին, Կարօտին, Պետոյին, Դուշմանին եւ միւս բոլոր ընկերներուն:

«27 սեպտեմբերի առաւօտեան թշնամին դարձեալ կ՛ուզէր նուաճել մեր հայրենիքը: Պատերազմի լուրը առնելէ վայրկեաններ անց ընկեր Գեղամը գրասենեակն էր, կը զանգէր իր ջոկատի ընկերներուն` պէտք է մեկնէին սահման: Ժամեր անց ընկեր Գեղամը սահմանին էր` իր երիտասարդ ու աւագ ընկերներուն հետ, հայ զինուորի կողքին` յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի ապրելու իրաւունքին: Ընկեր Գեղամը կռուեցաւ մինչեւ վերջին շունչը` կուրծքով պաշտպանելով ընկերներն ու հայրենիքը», նշեց Իշխան Սաղաթէլեանն ու բոլորին անունով յայտարարեց. «Քու գործդ պիտի շարունակենք: Արիւնով նուաճած, արիւնով ձեռք բերուած հայրենիք չունինք զիջելու: Քու եւ մեր միւս ընկերներուն արեան գնով նուաճուած հայրենիքը սակարկումի ենթակայ չէ: Ատիկա թող իմանան բոլորը»:

Գեղամ Մուշեղեանի մարտական ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Իկոր Սարգսեան Եռաբլուրի մէջ ազատամարտիկին վերջին հրաժեշտը տալէ առաջ իր խօսքին մէջ նշեց. «Չենք ողբար, կսկիծը մեր սրտերուն ու գիտակցութեան մէջ յաղթական յառաջ պիտի երթանք: «Անտրտունջ Գեղամը ինքզինք զոհաբերեց® Ամէն անգամ պատերազմի դաշտ մեկնեցաւ` պատրաստ զոհաբերուելու` յանուն կեանքի, յանուն ապագայի, յանուն իր սերունդներուն, եւ այսօր ան ֆիզիքապէս մեզմէ կը հեռանայ: Դեռ 40 օր պիտի մարտնչի ընկերներուն հետ, այնուհետեւ պիտի երթայ երկինքի արքայութիւն` միանալու մեր բոլոր նուիրեալներուն, որոնք ազգի պահպանութեան, պետականութեան, ապագայի համար մարտնչած ու զոհաբերուած են: Պիտի երթայ նուիրեալներուն մօտ` ըսելու, որ դաշնակցական մարտիկները կանգնած են ժողովուրդի կողքին, եւ պիտի երթայ զինուորին առջեւէն` իբրեւ հրամանատար, իբրեւ դաշնակցական մարտիկ: Փա՛ռք մեր բոլոր ննջեցեալներուն»:

Իկոր Սարգսեան զինակից ընկերոջ շիրիմին առջեւ խոստացաւ. «Ետ պիտի բերենք ամէն ինչ` մեր երազներու հայրենիքը, Հայկական բարձրաւանդակը, Արցախը, ամէն կորսուածը»:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մարտական Եւ Քաղաքական Խնդիրը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?