Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրթիռային Հարուած` Գանձակ Քաղաքի Ռազմական Կեդրոններու Վնասազերծման Նպատակով

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական կողմը 4 հոկտեմբերին կորսնցուցած է 400 զինուոր, ունի 700 վիրաւոր, խոցուած է 13 զրահամեքենայ, 3 պատերազմական օդանաւ եւ 1 անօդաչու թռչող սարք: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ մարտերը կը շարունակուին հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով. «Մարտերը չեն ունեցած նոյն յամառ ու ծանր բնոյթը, ինչ որ նախորդ 2 օրերուն էր: Սակայն թշնամին անգամ մը եւս ձեռնարկած է իր յարձակողական գործողութիւնները նոյն ուղղութիւններով` նախապէս կեդրոնացնելով որոշակի ուժեր: Մեր Զինուած ուժերը ետ մղած են  գործողութիւնները` թշնամիին պատճառելով զգալի կորուստներ»:

Շաբաթ, 3 եւ կիրակի 4 հոկտեմբերին Ազրպէյճանը շարունակած է է հարուածել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Քաղաքը հոսանքազրկուած է:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուցած է, որ ազրպէյճանական կողմի հրետակոծութիւններուն պատճառով Ստեփանակերտի քաղաքացիական շարքերուն մէջ կան մարդկային կորուստներ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ եւրոպական երկիրները պէտք է յստակօրէն դատապարտեն Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու միացեալ յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ: Այս մասին վարչապետ Փաշինեան ըսած է գերմանական յառաջատար «Պիլտ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին:

«Ես կը կարծեմ, որ եւրոպական երկիրները պէտք է յստակօրէն դատապարտեն բռնութիւնը, բռնութիւններու մեկնարկը եւ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու միացեալ յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ: Եթէ միջազգային հանրութիւնը ճշգրիտ չգնահատէ այս իրավիճակի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը, ուրեմն Եւրոպան պէտք է Թուրքիոյ սպասէ Վիեննայի մերձակայքը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիրներ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում շնորհելու մասին: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Դաւիթ Ղազարեանին (յետմահու), Էտկար Մարկոսեանին, Եուրա Ալավերդեանին, Դաւիթ Գրիգորեանին, Սերկեյ Շաքարեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում` յանձնելով «Ոսկիէ արծիւ» շքանշան:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ պաշտպանութեան բանակը, ի նշան մեր բարի կամքին, պիտի չթիրախաւորէ թշնամիի այն ռազմական կեդրոնները, որոնք տեղակայուած են Թալիշստանի եւ Լեզկիստանի մէջ: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեան գրած է դիմատետրի իր էջին մէջ` դիմելով թալիշ եւ լեզկի եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Երէկ` կիրակի, 4 հոկտեմբեր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան լուսանկար հրապարակած է առաջնագիծէն եւ գրառում կատարած` «Բարի լոյսը` առաջնագիծէն զինուորի պատրաստած ամենահամով սուրճով` մեր հերոս տղոց հետ»:

Քիչ ետք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է. «Հրամանովս այսօր պաշտպանութեան բանակը Գանձակ քաղաքին մէջ տեղակայուած ռազմական կեդրոններու վնասազերծման նպատակով հասցուցած է քանի մը հրթիռային հարուած: Այս պահու  դրութեամբ յանձնարարած եմ դադրեցնել կրակը` քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակին մէջ անմեղ զոհերէ խուսափելու համար:

Թշնամիին կողմէ համապատասխան հետեւութիւններ չկատարելու պարագային մենք պիտի շարունակենք համաչափ ու հուժկու հարուածները` կազմալուծելով եւ կազմաքանդելով թշնամիին բանակը եւ թիկունքը:

Մենք մինչեւ վերջ վճռական ենք մեր գործողութիւններուն մէջ:

Կա՛նգ առէք, քանի դեռ ուշ չէ»:

Աւելի ուշ, նախագահ Յարութիւնեան ըսած է. «Հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն` Ազրպէյճանի ահաբեկչական բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը` օգտագործելով «Փոլոնեզ» եւ «Սմերչ» համակարգեր:

Ազրպէյճանի մեծ քաղաքներուն մէջ մնայուն տեղակայուած զինուորական կեդրոնները այսուհետեւ դարձան պաշտպանութեան բանակի թիրախները: Ազրպէյճանի բնակչութեան կոչ կ՛ուղղեմ արագ լքել այդ քաղաքները` հաւանական կորուստներէ խուսափելու համար:

Այս բոլորին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:

Պաշտպանութեան բանակը հրապարակած է տեսանիւթ, որուն մէջ ներկայացուած են թշնամիի զօրքի փախուստի նկարները` վերնագրելով` «Փախուստ Մատաղիսէն»:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջով ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է, որ պէտք է շարունակել պայքարը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կեղծ աշխարհաքաղաքական ձգտումներուն եւ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքին հետեւանքները պիտի քաղէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը: «Կ՛ուզեմ, որ բոլորս միասին պայքարինք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ, բայց ոչ ազրպէյճանցիներուն: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր հայերը գիտակցին` Ազրպէյճանի ժողովուրդը գերի է բռնապետ իշխանութեան եւ Թուրքիոյ ձեռքը»:

Արցախի նախագահը, դիմելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերուն, բաձր գնահատեց բոլորին համախմբուածութիւնը, աջակցութեան ցուցաբերումը:

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանը` Սփիւռքին. «Հզօր Ու Ամուր Սփիւռքը Իսկական Բանակ Է»

Յաջորդը

Ցոյցեր` Ի Զօրակցութիւն Արցախի Հերոսական Ժողովուրդին

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?