Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Աներեր Կանգնած Է Իր Զոյգ Պետութիւններուն Ու Բանակին Կողքին»

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հետեւեալ ուղերձը յղեց հայ ժողովուրդին:

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

Անգամ մը եւս Ազրպէյճանը Թուրքիոյ գործուն մասնակցութեամբ գրոհեց մեր հայրենիքին վրայ: Արցախի սահմանի երկայնքով Ազրպէյճանի յարձակումները ո՛չ միայն թիրախաւորած են մեր բանակը, այլեւ սահմանային գօտին եւ նոյնիսկ Ստեփանակերտի ու յարակից շրջաններու անզէն քաղաքացիները: Ազրպէյճանը յանդգնած է յարձակիլ Հայաստանի բնակավայրերու վրայ:

Թէեւ Հայոց բանակը տուած է անհրաժեշտ հակահարուածը եւ վճռած, որ անպայման պիտի յաղթենք, մենք ունեցանք եւ տակաւին պիտի ունենանք զոհեր, որոնց կորուստը կը սգանք: Անոնց հարազատներուն կը փոխանցենք մեր խորին ցաւակցութիւնները, յարգանքն ու երախտագիտութիւնը:

Մեզի համար գօտեպնդող է, որ ամբողջ հայութիւնը ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, բռունցք դարձաւ իբրեւ միասնական հարուածող ուժ` դիմակայելու համար հայրենիքին սպառնացող վտանգը: Մենք պիտի աշխատինք, որ ամէն գնով պահպանուի այդ միութիւնը եւ մեր թշնամիները տեսնեն, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը աներեր կանգնած է իր զոյգ պետութիւններուն ու բանակին կողքին:

Մենք այնպիսի պարտութեան պէտք է մատնենք մեր թշնամիները, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան այլեւս երբեք չհամարձակին պատերազմի միջոցով փորձել բռնազաւթել Արցախը կամ յարձակիլ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր թշնամին պատերազմ սանձազերծած է ամբողջ հայութեան դէմ: Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը զինուորագրուած է այս պատերազմին, որպէսզի իր կարողութեան սահմաններուն մէջ սատարէ մեր յաղթանակին: Այսօր կեանքի-մահուան պայքար կը մղենք ո՛չ միայն Արցախի ճակատին վրայ: Այնտեղ հայ զինուորը «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով կը մաքառի թշնամիին դէմ ու ոգին ի բուռ կը պաշտպանէ հայրենիքը, իսկ ամբողջ հայութիւնը կը շարունակէ աշխարհով մէկ պայքարիլ քաղաքական ու քարոզչական դաշտերուն մէջ` զօրաշարժի ենթարկելով համաշխարհային հանրութիւնը, որ անիկա դիրքորոշուի ի նպաստ Հայաստանին ու Արցախին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այս յարձակումի առաջին իսկ վայրկեաններէն լարեց իր կազմակերպական մեքենան, կազմակերպեց ճակատ մեկնող կամաւորական պահեստազօր, ծրագրեց Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով քարոզչական եւ լոպիինկի արշաւ եւ իր համակիրներուն ցանցը մղեց լծուելու բազմաշերտ համաշխարհային պայքարի` ի սպաս մեր հայրենիքին:

27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն չորս ուղղութեամբ սկսանք մեր գործը:

Առաջին. մարտական դաշտի վրայ` Հայաստանի ու Արցախի մէջ զօրաշարժի ենթարկեցինք մեր կամաւոր պահեստազօրը, որ մաս առ մաս մեկնեցաւ եւ կը շարունակէ մեկնիլ Արցախ, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան ներքեւ իր մասնակցութիւնը բերելու այս գոյամարտին: Խոր յարգանք իրենց ու բոլոր կամաւորներուն, որոնք ընդառաջեցին զօրահաւաքի կոչին ու այսօր կը մարտնչին հայ զինուորի կողքին:

Երկրորդ. միասնականութեան ստեղծման համար` մեծապէս ողջունելի է այն համահայկական միասնականութիւնը, որ գրաւականն է մեր յաջողութեան: Ամէն գնով պէտք է գուրգուրանք ու ամրապնդենք այդ միասնականութիւնը մեր հայրենիքին եւ սփիւռքի մէջ: Ասիկա լաւագոյն փաստն է, որ ճգնաժամի պահուն, ամէն տարակարծութիւն մէկ կողմ դրած, մենք պարտաւոր ենք բռունցք դառնալու եւ այդ ձեւով վարելու մեր հայրենիքին ու հայութեան սրբազան գործը:

Երրորդ. համաշխարհային գրոհի կազմակերպութեամբ` մեր պայքարը Արցախի սահմանագիծին վրայ չէ միայն: Այսօր մենք կը պայքարինք աշխարհով մէկ քաղաքական ու քարոզչական մակարդակներով, որպէսզի քողազերծուին թշնամիներու իսկական նկրտումները, յարձակողապաշտ նկարագիրը եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը: Այսօր մեր դէմ մեծ պատերազմ ծաւալած են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք միջազգային ահաբեկչական վարձկաններու ներգրաւումով կը փորձեն շրջել պատերազմի ալիքը: Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հասցնել հատու հակահարուած համահայկական բոլոր կարելիութիւններով: Արդէն սկսած ենք քաղել մեր մարմիններու, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ համակիրներու կողմէ տարուող քաղաքական ու քարոզչական գրոհի արդիւնքները: Պետութիւններ շարժած ենք միջազգային կազմակերպութիւններու դէմ, միջազգային կազմակերպութիւններու ազդեցիկ դէմքեր անցած են գործի: Արեւմտեան, արեւելեան, արաբական եւ նոյնիսկ իսլամական աշխարհի մամլոյ գործակալութիւնները կը տարածեն մեր ներկայացուցիչներու ելոյթները տարածաշրջանային ուժերու եւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն մէջ, բազմապատկած ենք մեր երիտասարդներու ցոյցերն ու աշխատանքը ընկերային ցանցերուն վրայ:

Եւ չորրորդ. մեր բանակի ու պետութեան նիւթական կարիքներու ապահովման համար` արդէն ձեռնարկած ենք համահայկական հանգանակութիւն, որպէսզի մենք ալ մեր բաժինը բերենք մեր բանակի ու հայրենիքի անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ աշխարհի տարբեր կողմերէն դեղորայք, սննդամթերք, հագուստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ իրեր ու առարկաներ հասցնելու հայրենիք:

Սիրելի՛ հոգեհարազատներ,

Վտանգը տակաւին առկայ է, սակայն մեր վճռականութիւնն ալ անխախտ է: Մեր հայրենանպաստ գործը պէտք է շարունակենք վերանորոգ թափով, պէտք է կռուինք աննկուն կամքով ու ամբողջ ուժով: Անտարակոյս պիտի յաղթենք:

Կեցցէ՛ մեր քաջարի բանակը,

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեանը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանը` Սփիւռքին. «Հզօր Ու Ամուր Սփիւռքը Իսկական Բանակ Է»

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?