Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կիրարկած Է Մարտավարական Հնարքներ` Ծուղակը Ձգելով Թշնամին

October 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ նոյն օրուան կանուխ առաւօտէն Ազրպէյճան սկսաւ յարձակողական գործողութիւնները` Արցախի հարաւային ուղղութեամբ, անոր զուգահեռ հրթիռային հարուածներ տրուեցան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին:

Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ գիշերը համեմատաբար հանգիստ եղած է, սակայն առաւօտեան մարտական գործողութիւնները սկսած են սաստկանալ, իսկ մայրաքաղաքը թիրախ դարձած է «Սմերչ», «Փոլոնեզ» եւ «Քասիրկա» համակարգերէ:

Օրուան ընթացքին ընթացան յամառ մարտեր, կասեցուեցաւ թշնամիի զօրքերու յառաջխաղացքը:  Յովհաննիսեան հաստատեց, որ շարունակուող մարտերուն ընթացքին թշնամին մեծ կորուստներով ետ շպրտուած է:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամէնէն բարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ կիրարկած է մարտավարական հնարքներ` ծուղակը ձգելով թշնամին ու ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը:

Մասնաւորապէս, հայկական կողմը ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի տպաւորութիւն, որմէ ետք, թշնամին, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն ձգած դիրքերը, յայտնուած է ծուղակի մէջ: Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածին իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած է ազրպէյճանական ստորաբաժանումին մեծ մասը: Մարտադաշտին մէջ ձգելով աւելի քան 200 սպաննուած զինուոր, թշնամին անկանոն կերպով դիմած է փախուստի:

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճանի տարածքը ռմբակոծուած է Հայաստանի տարածքէն` Յովհաննիսեան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնները «սադրանքի հող նախապատրաստող յայտարարութիւններ են»:

Արծրուն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը թիրախաւորած է Ազրպէյճանի բացառապէս զինուորական կառոյցներ, մինչ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը լծուած են Արցախի բնակավայրերու հաւաքական հրթիռակոծութեան:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 5 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ 27 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին պատերազմական յանցագործութիւններուն իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 քաղաքացի, վնասուած է մօտ 2700 միաւոր գոյք ու ենթակառուցուածք:

19 զոհերուն մէջ են 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 11 տղամարդ:

5 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ աւելորդ շահարկումներէ խուսափելու համար կ’ուզէ յստակացնել, որ սահմանագիծի որոշ ուղղութիւններու մէջ մարտավարական նպատակով պաշտպանութեան բանակը ետ քաշած է իր զօրքերը, որպէսզի խուսափի աւելորդ զոհերէ, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ վնասներ հասցնէ թշնամիին զօրքերուն:

Ան դիտել տուաւ, որ թշնամիին ռազմական կառոյցներուն հասցուած հարուածներէն ետք Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէն քանի մը հարիւր հազար մարդ խուճապահար փախուստ տուած է դէպի Պաքու եւ թիկունքային այլ բնակավայրեր:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի պաշտօնական շրջանակները արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող յայտարարութիւններ կը տարածեն` իբր թէ Հայաստանէն թիրախ կը դառնան Ազրպէյճանի այս կամ այն բնակավայրը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղեց վերջին մէկ տարուան ընթացքին բանակէն զօրացրուածներուն` ներկայանալու կեդրոնական հաւաքակայան եւ զինուորագրուելու:

Վարչապետը յայտարարեց, որ վերջին տարուան ընթացքին բանակէն զօրացրուածները ուղղակի մարտական հերթապահութեան չեն կանչուիր: «Անոնք կը հրաւիրուին հայրենիքին համար կենաց ու մահու կռիւ տալու»,  նշեց վարչապետ Փաշինեան` աւելցնելով, որ համապատասխան յանձնարարականները տրուած են, եւ անոնց զինուորագրման գործընթացը տեղի կ’ունենայ կազմակերպուած ձեւով:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Փութին Ընդգծած Է Զինուորական Գործողութիւնները Անյապաղ Դադրեցնելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանը Կարելիութեան Պարագային Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպումը Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափով»

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.