Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Եւ Արաբական Հանրային Կարծիքը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Արցախի Գոյամարտին Եւ Հայ Ժողովուրդին

Հոկտեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 սեպտեմբեր 2020-ին վերստին բռնկած արցախեան գոյամարտին եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին զօրակցող արաբ թէ լիբանանցի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու կեցուածքները կը շարունակուին:

Այս ծիրին մէջ, Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն դատապարտեց ցեղասպանութիւն իրականացնող արիւնատենչ Թուրքիոյ թշնամական արարքները: Միւֆթի Հասսուն վերահաստատեց Թուրքիոյ գլխաւոր դերակատարութիւնը` Սուրիայէն եւ այլ շրջաններէ Ազրպէյճանի ճամբով ոճրագործ ահաբեկիչներու փոխանցման «գործուղման» մէջ:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ դատապարտեց հակահայ յարձակումները` հետեւեալ անգլիատառ գրառումը կատարելով դիմատետրի իր էջին վրայ.

«Սիրելի՛ ընկերներ, ընտանիք եւ բարեկամ քաղաքացիներ, այս օրերուն դժբախտաբար Արցախ եւ Հայաստան թիրախ դարձան ազրպէյճանական յարձակման` Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին ուղղութեամբ: Անկախ թէ մամուլը ինչպէս կ՛որակէ, բայց ասիկա պատերա՛զմ է:

Կիրակի, 27 սեպտեմբերի առաւօտուն Ազրպէյճան յարձակում գործեց Արցախի եւ Հայաստանի ուղղութեամբ` պատճառելով զոհեր եւ աւերներ: Արդարօրէն, Հայաստան դիմեց ինքնապաշտպանութեան, հակառակ ուժերու անհաւասարութեան եւ աննախընթաց ուժգնութեամբ կատարուող յարձակումին: Հայաստանի սահմանագիծ ուղղուելու փութացին արձանագրուիլ բազմաթիւ կամաւորներ, որոնց կարգին նաեւ` մեզի բարեկամներ ու քաղաքացիներ: 21-րդ դարն է, եւ մենք տակաւին ականատես ենք մարդկային իրաւանց շարունակուող մնայուն խախտումներու: Ոչ ոք պէտք է տարբեր ձեւով դիտէ: Զօրավիգ կանգնինք Հայկական հարցին, որպէսզի այս կրակը չծաւալի: Մեր ժողովուրդները մէկ են, եւ մեր հարցը արդարացի է: Եկէք բոլորս ձեռք-ձեռքի` բարձրաձայն աղօթենք, որպէսզի վերջ գտնէ այս տառապանքը, եւ դադրին անմեղ զոհերու վրայ գործադրուող այս ջարդերը: Ջերմօրէն կը խնդրեմ, որ բաժնեկցիք այս պատգամս: Հաճիք դուք ձեզ լսելի դարձուցէ՛ք, իւրաքանչիւրդ իրեն համապատասխան շրջանակին մէջ: Կոչ կ՛ուղղեմ որեւէ տեսակի` նիւթական, դիւանագիտական, բարոյական թէ հոգեկան զօրակցութեան: Որեւէ տեսակի օժանդակութիւն, նպաստ կամ ներդրում անհրաժեշտ է ներկայիս: Հաճիք տարածեցէ՛ք որքան որ կրնաք: Աստուած օրհնէ ձեզ ու Հայաստանը զերծ պահէ նոր փորձանքէ»:

Լիբանանի նախկին նախարար Մլհեմ Ռիաշի ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի դիմատետրի պաշտօնական էջին համար տուաւ այս կարծիքը. «Ամբողջակա՛ն զօրակցութիւն Հայաստանի մեր ժողովուրդին: Հայաստանի մեր ժողովուրդին` վստա՛հ, որովհետեւ անոնց մեծ հայրերը Լիբանանի մեր եղբայրներն են: Անոնք ապաստանեցան Լիբանան, մարդկային այս կղզին, որ բոլոր իրաւազրկեալներու յենարան, ապաստանարանն է: Մենք կը հասկնանք անոնց վախը, կը հասկնա՛նք անոնց ապրած յուզմունքն ու տխրութիւնը եւ կ՛ըմբռնենք, թէ անոնք որքան վճռակա՛ն են դիմադրելու եւ տոկալու, որպէսզի չկրկնուին պատմութեան աղէտալի փորձանքները: Կ՛ըմբռնենք այն ամբողջ տառապանքը, զոր կ՛ապրի հայ ժողովուրդը ներկայիս, սակայն անոնց կ՛ըսենք. «Մենք ձեզի հետ ենք»: Այս առիթով ըսեմ, որ աշխարհի ամէնէն գէշ անձը մարդ արարածն է, որ կրնայ չարիք գործել, ու նաեւ աշխարհի լաւագոյն անձը մարդ անհատն է դարձեալ, որ կրնայ խաղաղութիւն կերտել եւ չ՛օգտագործեր զԱստուած ու կրօնները չարիք գործելու համար: Մարդու անունով կոչ կ՛ուղղեմ Հայաստանի դրացի բոլոր ժողովուրդներուն, որ ձեռք երկարեն հայ ժողովուրդին ու միասնաբար հասարակաց պատմութիւն, հասարակաց ապագայ կերտեն: Որովհետեւ հայ ժողովուրդը համբերատար, ժրաջան ու իր արհեստին տէրն է, աշխատասէր է: Ողջո՜յն հայ ժողովուրդին»:

«Միութիւն Լիբանանի համար»-ի ընդհանուր քարտուղար Մասուուտ Աշքար ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի դիմատետրի պաշտօնական էջին համար տուաւ հետեւեալ կարծիքը.

«Նախ` ողջո՛յն հայ երիտասարդներուն, որոնք այսօր կը պաշտպանեն իրենց հողը, ողջո՛յն  Արցախի Հանրապետութեան, ողջոյ՛ն հայկական բանակին, ողջո՛յն բոլոր հայ կամաւորներուն, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն կու գան` պաշտպանելու իրենց հողը:  Արցախի դէմ ուղղուած եւ բացայայտօրէն Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ Ազրպէյճանի այս բարբարոս յարձակումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ քայլ մը` ամբողջացնելու 100 տարի առաջ օսմանցիներու սկսած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ: Եթէ օրին միջազգային ընկերութիւնը միջոցառումներ որդեգրէր Թուրքիոյ դէմ` հոս չէինք հասներ: Մենք տակաւին մինչեւ օրս կը յիշենք այն, ինչ որ մեր մեծ հայրերը կը պատմէին մեզի այն ջարդերուն մասին, որոնք գործադրուած էին հայ ժողովուրդին, շրջանի ժողովուրդներուն, Լիբանանի եւ լիբանանցիներոու դէմ: Ու ներկայիս, այս  պատերազմին գծով դարձեա՛լ յուսախաբութիւն կայ Արեւմուտքէն ու միջազգային ընտանիքէն: Հետեւաբար պատերազմը կը շարունակուի վայրագօրէն: Մենք գիտենք, թէ հայ ժողովուրդը անմահ է, փաստօրէն ջարդերէն ու տեղահանութենէն ու բռնագաղթէն ետք անոնք աշխարհով մէկ տարածուեցան, վառ պահելով Հայկական հարցը, պաշտպանելով զայն, պայքարելով անոր համար մինչեւ օրս: Մենք չենք կրնար չզօրակցիլ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ ան կը պաշտպանէ իր հողը, կը պայքարի վասն իր արժանապատուութեան: Վստահաբար հայ ժողովուրդը արդարացի է եւ ան պիտի յաղթէ»:

Նախորդը

Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներու Եւ Յանձնախումբերու Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներու (1-2 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները, Իսկ Թուրքիոյ` Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?