Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Է Վարչապետ Փաշինեանի Եւ Նախագահ Փութինի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

October 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու ընդհանուր վարչութենէն, զրուցակիցները շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնած շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ: Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են ռազմական գործողութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ անօրինական ռազմական խմբաւորումներու մասնակցութեան առնչութեամբ:

Հայաստանի վարչապետը վերստին ուշադրութեան հրաւիրած է Թուրքիոյ խիստ ապակայունացնող վարքագիծին եւ ռազմական գործողութիւններուն միջամտելու հանգամանքին վրայ: Ռուսական կողմը կարեւոր նկատած է ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցումը եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսումը` համաձայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններու ղեկավարներու  1 հոկտեմբերի յայտարարութեան: Ձեռք բերուած է շփումները շարունակելու պայմանաւորուածութիւն:

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն`
Նաեւ Մաքրոնի Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ  զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ռազմական գործողութիւններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է պատերազմը սանձազերծելու անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի սկզբունքային եւ կառուցողական դիրքորոշման համար: Կողմերը անթոյլատրելի նկատած են օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու ներգրաւումը ռազմական գործողութիւններուն մէջ:

Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատած է ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցումը եւ խաղաղ գործընթացի վերականգնումը` համաձայն Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան:

Խաղաղութեան հաստատման ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ անոնց երկիրներուն սերտ համագործակցութիւնը:

 

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարութիւն տարածած է, որուն համաձայն յաջող հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, եւ առաջարկած է Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցութիւնները վերսկսելու նոր մեթոտ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նախագահ Մաքրոն ըսած է, որ աշխատանքը պէտք է սկսի ուրբաթ երեկոյէն, քանի որ ինք աշխուժացուցած է միջնորդի իր ջանքերը` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ:

Նախագահ Մաքրոն կրկնած է նաեւ զինադադարի իր կոչը:

 

 

Նախորդը

Երեւան Կ՛արձագանգէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Նախագահներուն Կատարած Միացեալ Կոչին

Յաջորդը

Թշնամին Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.